
Հիմնուելով ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան վրայ, Իրանը իրեն կը վերապահէ պատասխանելու Իսրայէլի կողմէ հասցուած հարուածին, յայտարարեր է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։
«Իրանի ԱԳՆ–ն խստօրէն կը դատապարտէ սիոնիստական վարչակարգի գործողութիւնները Իրանի շարք մը ռազմական կեդրոններուն դէմ եւ զանոնք կը համարէ միջազգային իրաւունքի եւ ՄԱԿ-ի կանոնագրութեան բացայայտ խախտում», կ՛ըսուի նախարարութեան յայտարարութեան մէջ։
Միւս կողմէ Միացեալ Նահանգները կոչ ըրած են Իրանին «դադրեցնել յարձակումները» Իսրայէլի դէմ։







Մեկնաբանէ