
Թուրքիոյ ոստիկանութիւնը տարբեր քաղաքներու մէջ ձերբակալած է արգիլուած Քիւրտիստանի Աշխատաւորական կուսակցութեան 176 անդամներ։
Ներքին գործոց նախարար Ալի Երլիքայան յայտնած է թէ կատարուած խուզարկութիւններու ընթացքին յայտնաբերուած են թմրեցուցիչներ, զէնքեր, ինչպէս նաեւ Անգարայի մէջ TUSAS կեդրոնատեղիին վրայ կատարուած զինուած յարձակումը հաստատող փաստաթուղթեր:
Յիշեցնենք որ Հոկտեմբեր 23ին Անգարայի մէջ TUSAS-ի կեդրոնատեղիի մուտքին տեղի ունեցած էր պայթում, որմէ յետոյ՝ զինեալ բախումներ, որոնց հետեւանքով սպաննուած էին 5 հոգի եւ վիրաւորուած՝ 22։







Մեկնաբանէ