
Միացեալ Նահանգներու միջազգայիննիւթական զարգացման ընկերակցութեան փոխ տնօրէն Նիշա Պիսուալի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Հոկտեմբեր 23ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր:
Հիւրերուն դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարանի տնօրէն Էդիտա Գզոյեան եւ ներկայացուցած է յուշահամալիրի ստեղծման պատմութիւնը: ՀՑԹԻ տնօրէնը անդրադարձեր է նաեւ անցեալ դարավերջին Սումկայիթի, Կիրովապատի (Գանձակ) եւ Պաքուի մէջ Ատրպէյճանի կողմէ կազմակերպուած կոտորածներուն զոհ գացած հայերու յիշատակին Ծիծեռնակաբերդի տարածքէն ներս տեղադրուած երեք խաչքարերուն, շեշտելով կապը այդ կոտորածներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան միջեւ:
Տիկին Նիշա Պիսուալ ծաղկեպսակ զետեղած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը յաւերժացնող յուշակոթողին, ապա հիւրերը ծաղիկներ դրած են անմար կրակի մօտ եւ մէկ վայրկեան լռութեամբ յարգած Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յիշատակը:







Մեկնաբանէ