Թուրքիոյ կրթութեան նախարարութիւնը որոշում հրապարակած է որ 2024-2025 ուսումնական տարեշրջանէն սկսեալ Միջին Ասիա եզրոյթը պիտի փոխարինուի Թուրքիստանով կը յայտնէ Ermenihaber-ը։

Փրոֆէսոր Ահմէթ Թասագիլի համաձայն «ռուսական ներխուժման հետեւանքով Թուրքիստանի փոխարէն սկսած է օգտագործուիլ Կեդրոնական Ասիա (Միջին Ասիա) հասկացութիւնը, մինչդեռ Թուրքիստան բառը, որ կը նշանակէ թուրքերու երկիր, սկսած է գործածուիլ պատմութեան ամէնավաղ ժամանակներէն»:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ