
Ֆրանսական Le Monde թերթին համաձայն, Միացեալ Նահանգները այլեւս որեւէ հիմնաւոր պատճառ չունին որ Ուքրանիան ՆԱԹՕ անդամ դառնայ։ Այս գծով թերթը յղում կը կատարէ Հոկտեմբեր 18ին Պերլինի մէջ ԱՄՆ-ի, Ֆրանսայի, Գերմանիոյ եւ Մեծն Բրիտանիոյ ղեկավարներու հանդիպման արդիւնքներուն ծանօթ դիւանագիտական աղբիւրներուն։ Թերթի աղբիւրները յայտնած են նաեւ որ չորս երկիրներու ղեկավարները Պերլինի մէջ տեղի ունեցած իրենց հանդիպման ընթացքին քննարկած են Ուքրանիոյ կողմէ Ռուսիոյ վրայ յարձակումներու համար հեռահար զէնքեր օգտագործելու արգելքը հանելու հնարաւորութիւնը։







Մեկնաբանէ