Զաքար Քեշիշեանի տան պատուհանները սաստիկ կը դողան, երբ իսրայէլեան պատերազմական օդանաւերը կը ռմբակոծեն Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութը։

«Չենք գիտեր ռումբերը մեզմէ որքան հեռու պիտի իյնան», կ՛ըսէ 56-ամեայ Քեշիշեան։ «Պէտք է աղօթենք, որ ողջ մնանք»։

Քեշիշեան կ՚ապրի Մըզհէրի մէջ՝ Պէյրութէն դուրս փոքր քաղաք մը, որ զերծ մնացածէ  Իսրայէլի աւերիչ օդային ռմբակոծութիւններէն։

Քեշիշեան Լիբանանի 150,000-անոց հայ քրիստոնեայ համայնքի անդամ է։ Լիբանանի հայերէն շատերը Օսմանեան կայսրութեան կողմէ Առաջին համաշխարհային պատերազմի ժամանակաշրջանին իրականացուած եւ տասնեակ երկիրներու կողմէ ցեղասպանութիւն ճանչցուած՝ մինչեւ 1.5 միլիոն հայերու զանգուածային սպանութիւններէն վերապրողներու ժառանգներն են։

Այժմ, Իսրայէլի պատերազմը լիբանանահայերուն առջեւ ցաւալի ընտրութիւն մը դրած է՝ մնա՞լ եւ մահուան վտանգին ենթարկուիլ, թէ՞ լքել իրենց հայրենիք դարձած երկիրը։

«Հոս առնուազն հարիւրամեայ պատմութիւն ունինք», կ՛ըսէ Պէյրութի մէջ ծնած երաժիշտ Քեշիշեան։ «Մեր համայնքը, մշակոյթը եւ ունեցուածքը հոս ձգելը անհաւատալիօրէն դժուար պիտի ըլլայ»։

Իսրայէլի ցամաքային ներխուժումը Լիբանան եւ շարունակուող օդային հարուածները՝ ուղղուած Հըզպալլային՝ զինեալ խումբ եւ քաղաքական կուսակցութիւն մը, որ կը վերահսկէ հարաւային Լիբանանի մեծ մասը, ահռելի վնաս հասցուցած է քաղաքացիական բնակչութեան։

Լիբանանցի պաշտօնեաները կը յայտնեն, որ Սեպտեմբեր 23-էն ի վեր աւելի քան 2,300 մարդ, մեծամասնութեամբ քաղաքայիններ, սպաննուած են։ Աւելի քան 1.2 միլիոն մարդ տեղահանուած է՝ բնակչութեան մէկ հինգերորդէն աւելին, որ երկրի պատմութեան մէջ ամենամեծ տեղահանումն է։

Լիբանանի՝ բազմազգ եւ բազմակրօն երկրի մը շուրջ 5.5 միլիոն բնակչութեամբ, քիչ մասեր խնայուած են։ Իսրայէլեան ցամաքային ուժերը ներխուժած են հարաւային Լիբանան։ Իսրայէլեան ռազմական օդանաւերը հազարաւոր օդային հարուածներ իրականացուցած են Պէյրութի եւ այլ մեծ քաղաքներու մէջ։

Քեշիշեան, իր կինը եւ 12-ամեայ որդին հազուադէպօրէն կ՚ելլեն իրենց Մըզհէրի տունէն, որ հայահոծ քաղաք մըն է Պէյրութի հիւսիս-արեւելքը։ Քեշիշեան կ՛ըսէ թէ օրուան մեծ մասը կ՚անցընէ իր վախցած որդին մխիթարելով։

«Կը փորձեմ վստահեցնել զինք որ այս ժամանակաւոր է եւ որ ես նման փորձառութիւններ ունեցած եմ եւ վերապրած», կ՛ըսէ Քեշիշեան։ «Բայց իրականութեան մէջ, իմ վախերս զիս կը կրծեն»։

Քեշիշեան կ՚ըսէ թէ Իսրայէլի պատերազմը Լիբանանի մէջ միայն Հըզպալլայի դէմ չէ, որ Միացեալ Նահանգներու կողմէ ահաբեկչական կազմակերպութիւն կը նկատուի, թէեւ ԵՄ-ն միայն անոր զինուած թեւը սեւ ցուցակի մէջ դրած է։

«Մենք բոլորս զոհեր ենք՝ սովորական մարդիկ, երեխաներ եւ տարեցներ», կ՛ըսէ ան։ «Մենք բոլորս այս անմարդկային գործողութիւններու զոհերն ենք, եւ սովորական քաղաքացիներու տուները կը քանդուին»։

ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՍԱՐՍԱՓԸ

Եսայի Հաւաթեան կը կարծէր թէ ապահով է իր տան մէջ՝ Անճարի մէջ, գիւղ մը շուրջ 60 քիլոմեթր հեռու Պէյրութէն։

Հայաբնակ գիւղը նոյնիսկ ընդունած էր հարիւրաւոր տեղահանուածներ, որոնք կը փախչէին երկրի հարաւի ռմբակոծութիւններէն։

Բայց 64-ամեայ Հաւաթեան կ՛ըսէ որ պատերազմը հիմա հասած է գիւղին դռները։

«Իրականութիւնը հասկցանք երբ պայթիւններու ձայները մեր ականջներուն հասան՝ շատ աւելի մօտէն քան կը սպասէինք՝ յիշեցնելով մեզի պատերազմի սարսափը», կ՛ըսէ գիւղատնտեսը։

Անճարը՝ պատմական գիւղ մը որ յայտնի է զբօսաշրջիկներու մօտ, կը գտնուի Սուրիոյ հետ գլխաւոր սահմանային անցակէտէն քանի մը քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ։

Հոկտեմբեր 4-ի իսրայէլեան օդային հարուածները հասան Մասնաայի անցակէտին, խափանելով երթեւեկութիւնը։ Իսրայէլը պնդեց որ Հըզպալլան զէնքեր կը փոխադրէր սահմանով։

Վերջին երեք շաբաթներուն շուրջ 500,000 մարդ անցած է սահմանը, շատերը հետիոտն՝ իրենց երեխաներն ու իրերը կրելով, Լիբանանի բռնութենէն փախչելու համար։

Անճարի մէջ ծնած Հաւաթեան վերապրած է Լիբանանի 1975-1990 քաղաքացիական պատերազմը եւ 2006-ի Իսրայէլ-Հըզպալլայի պատերազմը։ Բայց ան կ՚ըսէ որ ներկայ հակամարտութիւնը տարբեր է։

«Ես շատ պատերազմներ եւ զինուած բախումներ տեսած եմ Լիբանանի մէջ, բայց երբեք չեմ տեսած այսքան լայնածաւալ աւերում կամ յարձակումներ քաղաքացիական բնակչութեան դէմ», կ՛ըսէ ան։

«Լիբանանի հարաւային շրջանները ամբողջովին աւերուած են։ Կը թուի թէ Կազայի տեսարանները կը կրկնուին», աւելցուց Հաւաթեան՝ վկայակոչելով Իսրայէլի շարունակուող պատերազմը պաղեստինեան այդ շրջանին մէջ։

ՄՆԱՅՈՒՆ ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ԻՐԱՎԻՃԱԿ

Պէյրութի մէջ, Քրիսթին Դանիէլեան-Սարգիսեան կը համակարգէ Ճինիշեան Յիշատակի Հիմնարկի աշխատանքները՝ բարեսիրական կազմակերպութիւն  մը որ կ՚օժանդակէ Լիբանանի հայ համայնքի կարիքաւոր անդամներուն։

«Վերջին շաբաթներուն, ես շատ սրտաճմլիկ պատմութիւններ լսած եմ խոցելի ընտանիքներէն», կ՛ըսէ մարդասիրական գործիչը։

«Մայրեր, որոնց օգնած ենք, պատմեցին մեզի թէ ինչպէս իրենց երեխաները կը տառապին հոգեկան ցնցումէ, անքնութենէ եւ սթրեսէն առաջացած փսխումէ», աւելցուց ան։

47-ամեայ կինը կ՚ապրի իր ամուսնոյն եւ երեք երեխաներուն հետ արեւելեան Պէյրութի մէջ՝ համեմատաբար ապահով շրջան մը քաղաքը շրջապատող լեռներու ստորոտին։

Բայց ան կ՛ըսէ որ Իսրայէլի օդային ռմբակոծումը Պէյրութի՝ խիտ բնակեցուած քաղաքի մը շուրջ 2.5 միլիոն բնակչութեամբ, բոլորին ազդած է։

«Թերեւս պատերազմը ուղղակիօրէն մեր [հայ համայնքի] դէմ չէ, եւ թերեւս մենք գլխաւոր թիրախները չենք», կ՛ըսէ ան։

«Բայց վերջին շաբաթներուն, մենք մնայուն ահազանգային վիճակի մէջ ապրած ենք։ Մեր քաղաքը անդամալուծուած կը թուի, եւ քաոսը կը շրջապատէ մեզ», աւելցուց ան։

Դանիէլեան-Սարգիսեան կը վախնայ որ Իսրայէլի սաստկացող պատերազմը Լիբանանի մէջ պիտի ստիպէ իրեն եւ իր ընտանիքին փախչիլ երկրէն։ Եթէ ընտանիքը ստիպուած ըլլայ տարհանուելու, անոնց նպատակակէտը Հայաստանն է։

«Լիբանանը իմ երկիրս է, եւ հայ համայնքը պայքարած է մեր կեանքը հոս կառուցելու համար», կ՛ըսէ ան։ «Կ՚աղօթենք որ այդպէս չըլլայ»։

Լուսինէ Մուսայէլեան եւ Ֆռատ Պեժան

Ազատութիւն ռատիոկայան (RFE/RL)

16 Հոկտեմբեր 2024

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ