
Հոկտեմբեր 18ին, «Ուիգմoր կանանց եւ երեխաներու հիւանդանոց»-ին մէջ տեղի ունեցած է «Հայ բժշկութեան պատմութիւն» վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը։
Ֆիլմը իւրայատուկ ճամբորդութիւն է ժամանակին մէջ. նախնադարէն մինչեւ միջին դարեր, Խորհրդային Միութեան բժշկական դպրոցի դրուագներէն մինչեւ հայ բժշկութեան հետքերու բացայայտումներ կովկասեան տարածաշրջանին մէջ։
Ֆիլմին գաղափարը եւ նախաձեռնութիւնը կը պատկանի վաւերագրական եւ գեղարուեստական ֆիլմերու բեմադրիչ Արտակ Աւետեանին։







Մեկնաբանէ