Նեփալցի 18ամեայ Նիմա Ռինճի մրցանիշ հաստատած է, դառնալով ամէնաերիտասարդ լեռնագնացը, որ մագլցած է աշխարհի ամէնաբարձր 14 գագաթները։
Նիմա Ռինճին լեռներ մագլցելու սկսած է 16 տարեկանին եւ 8000 մեթրը գերազանցող բոլոր գագաթները նուաճած է 2 տարուայ ընթացքին։
Ան նաեւ ամէնաերիտասարդ լեռնագնացն է, որ բարձրացած է Հիմալայեան G1 և G2 գագաթները։
Նշենք որ 8000 մեթր եւ աւելի բարձր բոլոր գագաթները կը գտնուին Ասիոյ մէջ։








Մեկնաբանէ