Հայաստան այցելելը միշտ ալ խանդավառած է զիս, հակառակ անոր, որ առաջին անգամը չէր, որ Հայրենիք կ՚այցելէի. սակայն պէտք է ըսել՝ որ այդ երբեք չի նուազեցներ Հայրենիքի դիւթական հմայքը։ Այս անգամը ամբողջութեամբ տարբեր էր նախկինէն, պիտի մասնակցէի Համազգայինի ուսանողական հաւաքին, զոր ամիսներէ ի վեր երազած էի եւ որուն ծարաւը ունէի որպէս հայ երիտասարդ։ Վստահ էի, որ այդ ծարաւը պիտի յագեցնէի՝ մասնակցելով սոյն հաւաքին: Հետեւաբար, կը մնար միայն մղիչ ուժ՝ իրականացնելու երազանքս։ Անոր իրականացումը կը պարտիմ Թամար Տօնապետեանին, որուն քաջալերական խօսքերն ու յորդորները սատար հանդիսացան ինծի։ Համազգայինի ուսանողական հաւաքը սքանչելի առիթ է՝ սփիւռքի եւ Հայրենիքի մէջ գտնուող երիտասարդներուն մօտէն ծանօթացնելու հայկական մշակոյթը, աւանդութիւններն ու Հայրենիքի տեսարժան վայրերը, ինչպէս նաեւ՝ ընկերային առողջ կապեր հաստատել սփիւռքի եւ Հայրենիքի միջեւ:
Շաբաթ, 13 յուլիս 2024-ին, տեղի ունեցաւ Համազգայինի ուսանողական հաւաքի (ֆորում) 29-րդ հունձքի բացման արարողութիւնը, Երեւանի «Յովնանեան հիմնադրամ»-ի շէնքի սրահներէն մէկուն մէջ։ Հաւաքին բացումը կատարեց «Ֆորում 2024»-ի ընդհանուր պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանը։ Ան ներկայացուց ֆորումը, անոր նպատակը եւ ձգած ազդեցութիւնը մասնակիցներուն վրայ, ինչպէս նաեւ՝ ներկայացուց ծրագիրը, որ պիտի գործադրուէր հաւաքի յաջորդող օրերուն։ Բացման արարողութեան ներկայ էին Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան անդամներ՝ ֆորումի ներկայացուցիչը, Համազգայինի հայ կրթական եւ մշակութային միութեան նախագահը եւ Համազգային Երեւանի գրասենեակի տնօրէնը, որոնք հերթաբար բարի գալուստի սիրալիր խօսքեր արտասանեցին։ Հանդիսութեան աւարտին ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, ուր մասնակիցները հակիրճ ձեւով ծանօթացան համազգայինի աշխարհասփիւռ գործունէութեան։ Այնուհետեւ «Նուպար» ազգագրական երգ ու պարի համոյթի անդամները ճոխացուցին մթնոլորտը՝ ստեղծելով հիասքանչ պահեր, որմէ ետք տեղի ունեցաւ «Բարի գալուստ»-ի ընթրիքը։ 13-24 յուլիս տեւած սոյն հաւաքին կը մասնակցէին սփիւռքի տարբեր գաղութներէն՝ Լիբանանէն, Սուրիայէն, Ֆրանսայէն, Աւստրալիայէն, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներէն, Գանատայէն, ինչպէս նաեւ՝ Արցախէն եւ Հայաստանէն քսան երիտասարդ-երիտասարդուհիներ։
Ֆորումի յայտագիրը հարուստ էր այցելութիւններով, ընկերային պահերով եւ բազմազան գործունէութիւններով։ Մասնակիցներս այցելեցինք Չարենցի կամար, Գառնի, Գեղարդ, Քարերու սիմֆոնիա, Էջմիածինի Մայր տաճար եւ Ս. Գայեանէ եկեղեցի։ Ծանօթացանք Ռուբէն Նալպանտեանի «Խաչքարերու վարպետաց դպրոց»-ին, ինչպէս նաեւ՝ լաւաշ պատրաստելու աշխատանքին։ Կարելի է ըսել, սկզբնական փորձառութիւն ձեռք բերինք եւ այդ մէկը բոլորիս գոհունակութիւն պատճառեց։
Այցելութիւններու կողքին ունեցանք հանդիպումներ «Դէպի Հայք»-ի (Birthright Armenia) տնօրէնին հետ, որ հակիրճ ձեւով տեղեկութիւններ տուաւ ծրագիրի նպատակին եւ գործելաձեւին մասին։ Ունեցանք նաեւ հանդիպում մը Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի ընդունելութեան բաժինի պատասխանատուին հետ, որ ծանօթացուց համալսարանը եւ մեծ հաճոյքով պատասխանեց մեր բոլոր հարցումներուն։ «Խնկօ Ապոր» գրադարանին մէջ ֆորումականներս ծանօթացանք գրադարանի զանազան բաժիններուն, ունեցանք հանդիպում մը Կիպրոսի Համազգայինի «Սիփան» պարախումբի անդամներուն հետ։ Վայելեցինք անոնց ելոյթը, ինչպէս նաեւ սորվեցանք կարգ մը շարժումներ։ Մեծ խանդավառութեամբ պարեցինք հայկական պարեր։ Առիթը ունեցանք նաեւ ներկայ գտնուելու եւ վայելելու Սօս Սարգսեանի անուան Համազգային պետական թատրոնի «Հրաշագործը» ներկայացումին: Բոլորիս համար հետաքրքրական էր այցելել Հայաստանի Հանրապետութեան խորհրդարան, ուր դիմաւորուեցանք «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորներուն կողմէ։ Ծանօթացանք Ազգային ժողովի թանգարանին եւ գրադարանին։ Նուիրեցինք Համազգայինի Հայաստանի գրասենեակի հրատարակութիւններէն հատորներ։ Այցելեցինք «Թումօ» ստեղծարար արհեստագիտական կեդրոն, ծանօթացանք անոր բաժիններուն եւ բազմազան գործունէութիւններուն։ Այցելեցինք նաեւ Կոմիտասի թանգարան եւ պանթէոն, Սասունցի Դաւիթ, Մայր Հայաստանի յուշահամալիր, եւ Խոր վիրապ, ուր մօտէն հաղորդուեցանք հայ եկեղեցւոյ կարեւոր դրուագներէն մէկուն վայրին։
Մեր այցելութիւններուն շղթան երկարելով՝ հասանք Սարդարապատ, ետքը «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն, Ծիծեռնակաբերդ, ուր մասնակիցներս յարգանքի տուրք մատուցանեցինք Արցախի ազատագրական պայքարին, մասնաւորապէս վերջին տարիներուն նահատակուած մեր սրբացեալ հերոսներուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին։ Չկար ծիծաղ, չկար կատակ, չկային ուրախութեան երգեր, լռութիւնը պատած էր չորս դին։ Ոչ ոք կը համարձակէր բառ արտասանել, բոլորս յուզուած էինք, հազիւ կը կարողանայինք շնչել։ Իւրաքանչիւրս կը փորձէր արցունքները թաքցնել։ Այդ խորհրդաւոր պահը դրօշմուած է մտքիս մէջ։ Ծանօթացանք նաեւ Ցեղասպանութեան թանգարանին եւ անոր մէջ զետեղուած հաւաքածոյին։
Այցելեցինք նաեւ Ծաղկաձոր, ուր վայելեցինք ճոպանուղին, շրջանի բնութեան գեղեցկութիւնը, ապա՝ Ծաղկաձորի «Ս. Տիրամայր Հայաստան» ճամբարը, ուր գրկաբաց ընդունելութիւն գտանք անձնակազմին եւ երեխաներուն կողմէ։ Յուզիչ էր այն իրականութիւնը, թէ երեխաներէն ոմանք ծնողազուրկ էին, ոմանք ալ նիւթական վատ պայմաններու մէջ կ՚ապրէին, սակայն անոնց սիրուն աչքերուն մէջ կը շողային յոյսի նշոյլներ։ Մեր օրը անցուցինք հրաշալի երեխաներուն հետ։ Կարգ մը երեխաներուն հարց տուի, թէ երբ մեծնան, ի՞նչ կը փափաքին ըլլալ։ Անոնցմէ մէկուն պատասխանը յուզեց զիս, երբ ըսաւ՝ թէ կ՚ուզէ զինուոր ըլլալ իր հօրը նման եւ բռնագրաւուած հողերը վերադարձնել, աւելցուց ըսելով՝ թէ իր հայրը նահատակուած է պատերազմին։ «Անկասկած,- ըսի,- քանի հայ ազգը ունի քեզի նման հայորդիներ»։
Յաջորդ առաւօտեան բոլորս ուրախ էինք, պիտի մեկնէինք Գիւմրի եւ վայելէինք հրաշք քաղաքը, սակայն միաժամանակ տխրութեան զգացումը պատած էր էութիւնս։ Քաջ գիտէի, թէ մեր ֆորումը պիտի հասնէր իր աւարտին, երբ Երեւան վերադառնայինք եւ այդ մէկը կը խռովէր հոգիս։ Մեր անցուցած հրաշալի օրերը իրարու հետ պիտի վերածուէին յուշերու։ Գիւմրիի ճամբուն վրայ այցելեցինք Օշական, բոլորս երկիւղածութեանբ մտանք տաճար, ուր օգտաշատ զրոյց մը ունեցանք եկեղեցւոյ վարդապետին հետ, նիւթ ունենալով «Գիրերու գիւտը եւ հայոց լեզուն»։ Հոն կը գտնուէր մեծասքանչ Մեսրոպ Մաշտոցի գերեզմանը։ Բոլորս ալ հպարտ էինք մեր սեփական գիրերը ունենալուն համար։ Գիւմրի հասնելով՝ հանդիպում ունեցանք Արցախի մատղաշ մանուկներուն հետ եւ միասնաբար հաճելի պահեր ապրեցանք։ Շրջեցանք Գիւմրիի հրապարակը եւ ծանօթացանք քաղաքի պատմութեան։
Երեկոյեան ունեցանք երկար, հետաքրքրական զրոյց մը, նիւթ ունենալով՝ ո՞վ է սփիւռքահայը եւ անոր հետ առնչուած զանազան հարցեր։ Յաջորդ օրը այցելեցինք Մհեր Մկրտչեանի, Ա. Իսահակեանի եւ Յ. Շիրազի տուն-թանգարանները, կէսօրին «Չերքեզի ձոր»-ին մէջ, բնութեան գիրկը ունեցանք մտերմիկ ճաշ։ Երեկոյեան իւրաքանչիւր մասնակից հակիրճ ձեւով տեղեկութիւն տուաւ իր գաղութէն ներս կատարուած միութենական եւ մշակութային աշխատանքներուն մասին։ Բոլորս տեղեակ եղանք հայկական տարբեր գաղութներէն ներս տարուած գործունէութիւններուն։ Ապա՝ տեղի ունեցաւ տաղանդներու ցուցադրութեան յայտագիրը, ուր մասնակիցներս ի յայտ բերինք թաքուն ձիրքեր, ըլլան անոնք երգ, ասմունք, նուագ… կարելի է նշել նաեւ, որ նոյն երեկոյ ապրեցանք հաճելի, անմոռանալի պահեր, որ անպակաս էին մեր հաւաքներէն։ Իւրաքանչիւրս անկեղծօրէն արտայայտուեցաւ ֆորումի մեր վրայ ձգած տպաւորութիւններուն եւ ապրումներուն մասին։ Բոլորս ալ գոհունակ էինք։ Ֆորումի ուշագրաւ եւ գնահատանքի արժանի երեւոյթներէն էին իրարու նկատմամբ ունեցած մտերմութիւնը, անկեղծութիւնն ու ընկերասիրութիւնը, որոնք ջերմացուցած էին մեր սրտերը առաջին օրէն իսկ՝ շնորհիւ մեր ղեկավարներուն։
Առաւօտեան մեկնեցանք դէպի Դիլիջան, Պարզ լիճ, Սեւան (կղզին) եւ Սեւանավանք, ուր նաւով պտոյտ կատարեցինք հայրենիքի հիասքանչ բնութեան գիրկին մէջ, ըմբոշխնեցինք անոր հրապոյրը լուսաշող երկինքին տակ, երգեցինք «Ծփում է Սեւանը, շողում է Սեւանը»։ Եւ այսպիսով վերջ գտաւ մեր այցելութիւններուն շարքը։ Երեկոյեան ունեցանք մտերմիկ, վերջին ընթրիքը «Տէրեան» ճաշարանէն ներս, ուր տեղի ունեցաւ նաեւ ֆորումի փակման արարողութիւնը։ Աւարտին իւրաքանչիւր ֆորումական ստացաւ իր մասնակցութեան հաստատագիրը։
Հասած էր անբաղձալի պահը, որմէ բոլորս կը խուսափէինք. այժմ ետ դարձ դէպի մեր երկիրներ, սակայն այս անգամ զինուած բազմատեսակ փորձառութիւններով, հարստացած հրաշալի ընկերներով։ Մեր ետին պիտի ձգէինք քաղցր, անմոռանալի յուշեր, որոնք յաւերժ պիտի մնան մեր սրտերուն մէջ։ Եւ այսպէս իր աւարտին հասաւ Համազգայինի ուսանողական հաւաքը՝ «Ֆորում 2024»-ը։
Որչա՛փ կը փափաքէի աւելի մանրամասն գրել ֆորումի գործունէութեան եւ տպաւորութիւններուն մասին, սակայն պէտք է բաւարարուիմ այսքանով։
Կ՚ուզեմ ի սրտէ շնորհակալութիւն յայտնել Համազգայինի կեդրոնական վարչութեան, Գանատայի շրջանային վարչութեան, Թորոնթոյի «Գլաձոր» մասնաճիւղի վարչութեան, ֆորումի յանձնախումբին, պատասխանատուներուն եւ ընդհանուր պատասխանատու Տօնիկ Տօնապետեանին, որ եղբայրաբար բոլորիս կողքին էր հաւաքի ամբողջ տեւողութեան։
Մինչ նոր հանդիպում։
Շանթ Տէօքմէճեան
Այս յօդուածը լոյս տեսած է «Թորոնթոհայ» ամսագիրի Հոկտ. 2024 թիւին մէջ:








Մեկնաբանէ