Untitled post 778

Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովին (COP29) նախօրէին, քանի մը տասնեակ քաղաքացիներ հաւաք կազմակերպած են ՄԱԿ-ի հայաստանեան գրասենեակին առջեւ, պահանջելով հայ պատանդներուն եւ գերեվարուածներուն ազատ արձակումը, ինչպէս նաեւ անհետ կորածներու ճակատագիրներու յստակեցումը։ 

Հաւաքի մասնակիցները իրենց պահանջները ամփոփող նամակ յանձնած են ՄԱԿ-ի գրասենեակի աշխատակիցին։

Անոնք որոշած են հաւաքները շարունակել նաեւ Հայաստանի ԱԳՆ շէնքի, Հայաստանի մէջ Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ ԱՄՆ-ի դեսպանատուներուն առջեւ, որոնց ընթացքին նոյն պահանջով նամակներ պիտի փոխանցուին դեսպանութիւններուն։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ