Երէկ, 3 Հոկտեմբեր 2024ին, Փարիզի «Մատինիոն» պալատին մէջ տեղի ունեցած է Հայաստանի եւ Ֆրանսայի վարչապետներ՝ Նիկոլ Փաշինեանի եւ Միշէլ Պարնիէի հանդիպումը:
Կողմերը բարձր գնահատած են Հայաստան-Ֆրանսա յարաբերութիւնները, շեշտելով նաեւ գործակցութեան խորացման անհրաժեշտութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ։
ՀՀ վարչապետի աշխատակազմի տեղեկացմամբ՝ զրուցակիցները անդրադարձած են նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի շուրջ քննարկումներու վերջին զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ տեղի ունեցող գործընթացներուն:








Մեկնաբանէ