Untitled post 713

The Guardian կը յայտնէ թէ Կնոջ դիմանկարը, որ  1962ին Քապրի կղզիին վրայ գտնուող իր տան նկուղին մէջ գտած է  իտալացի առեւտրական Լուիճի Լօ Ռոսսօն, սպանացի նկարիչ Փապլօ Փիքասոյի բնօրինակ գործն է:

Նկարը քանի մը տասնամեակ կախուած է առեւտրականին տան հիւրասենեակը, ապա անոր որդին սկսած է կասկածիլ որ այդ նկարը կը պատկանի Փիքասոյի վրձինին, որմէ ետք ընտանիքը դիմեր է փորձագէտներու, որոնք երկարատեւ ուսումնասիրութենէ ետք հաստատած են կտաւին իսկութիւնը։ 

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ