Untitled post 702

Ատրպէյճանցիները Հայաստան վերաբնակեցնելու պահանջ խաղաղութեան պայմանագիրի նախագիծին մէջ չկայ, նշել է ԱԺ-նախագահ Ալէն Սիմոնեան, այսօր լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին։ Անդրադառնալով որ Ատրպէյճանի մէջ անընդհատ սկսած են շահարկուիլ «Արեւմտեան Ատրպէյճան» եզրոյթը եւ քննարկուիլ պատմական հայրենիք վերադառնալու մասին, Սիմոնեան ըսած է «Այն շրջանակները, որոնք պատմական հայրենիքի փնտրտուքի մէջ են Ատրպէյճանի մէջ, պէտք չէ շատ տարուին այդ գաղափարով, որովհետեւ կրնայ պարզուիլ որ իրենք պէտք է տեղափոխուին Ալթա եւ ապրին այնտեղ»:

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ