Untitled post 691

Միացեալ Նահանգներու արեւելեան շրջանի նաւահանգիստներու տասնեակ հազարաւոր բեռնակիրներ դիմած են գործադուլի, որ կրնայ յանգեցնել երկրին մէջ բեռներու մատակարարման խափանումներու։

Գործադուլի պատճառը այն է որ Նաւահանգիստի բեռնակիրներու միջազգային ընկերակցութիւնը եւ ԱՄՆ-ի նաւագնացութեան ներկայացուցիչները չեն կրցած համաձայնութեան գալ աշխատանքային պայմաններու եւ աշխատավարձերու շուրջ նոր պայմանագիր ստորագրելու։

Reuters գործակալութիւնը կը հաղորդէ որ նման ծաւալի գործադուլները ամերիկեան տնտեսութեան կրնան օրական միլիառաւոր տոլարի վնաս պատճառել։  

ԱՄՆ նախագահ Ճօ Պայտըն յայտարարեց որ մտադիր չէ միջամտելու եւ որեւէ բան ձեռնարկելու գործադուլը կանխելու համար։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ