Սփիւռքը Վարկաւորել Ըստ Արժանւոյն

Սփիւռքը, որ diaspora բառին հայերէն համազօրն է, ունի իր գլխաւոր իւրայատկութիւնը, որ զինք կը տարբերէ այլ ժողովուրդներու նոյն այդ օտար բառով ճանչցուած սփիւռքներէն։ 

Մինչ այլոց պարագային իրենց հայրենիքէն դուրս ապրող արտագաղթած կամ դրսեծին մարդիկ կրնան նկատուիլ որպէս այդ diaspora-ները բաղկացնող տարրեր, առանց որ այդ սփիւռքները յատուկ կենսական առնչութիւն մը ունենան անոնց հայրենիքներուն հետ (զանց առնելով լեզուական ու մշակութային կապերը, երբեմն ալ տնտեսական կամ քաղաքական մեծ կամ փոքր նպաստները), մեր պարագային մեր ժողովուրդը կարելի չէ պատկերացնել առանց Սփիւռքին։ Մերը առնչութեան հարց մը չէ։ Անքակտելիութեան հարց է։ 

Հայաստան եւ Սփիւռք ամբողջութիւն մըն են, որքան ալ զիրենք բաժնող, իրարմէ տարբերող մեծ ազդակներ գոյութիւն ունենան, ինչպէս՝ հայերէնի լեզուաճիւղն ու ուղղագրութիւնը, վերջին 100-150 տարիներու պատմութիւնը, ներսէն թէ դուրսէն կրած ազդեցութիւնները եւ այլն։ 

Աւելի կարեւոր եւ ուժեղ են, սակայն, զիրենք միացնո՛ղ ազդակները, ինչպէս՝ լեզո՛ւն ինքը՝ հայերէնը, բազմահազարամեայ պատմութիւնն ու մշակոյթը ու մանաւանդ ապագան։ Յատկապէս այդ վերջինն է, որ մեզ կը շաղկապէ, կը նոյնացնէ։ Կը վերածէ մէկ ազգի՝ հայութեա՛ն։ 

Այո՛, կարելի՞ է հայութիւն ըսել ու անտեսել Սփիւռքը, որ իր թիւով քանի մը անգամ կը գերազանցէ տակաւին Հայաստան կամ Հայաստանի Հանրապետութիւն կոչուող մեր Հայրենիքի վերապրող մասնիկին վրայ հաւատարմօրէն ու վճռակամօրէն իր կեցութիւնը պահող մեր ժողովուրդէն։

Կարելի չէ՛։ 

Կարելի չէ, որքան ալ մեր թշնամիներն ու անոնց կամակատարները այդպէս ուզեն, այդպէս ջանան սեպ խրել մեր միջեւ, իրարմէ անջատել երկրին ու արտերկրին ապագաները։ Կարելի չէ, որքան ալ իր այլազանութեամբ, բազմերկրութեամբ, կազմակերպութիւններու, աւանդութիւններու եւ դիմագիծերու տարբերութիւններով Սփիւռքը չերեւի որպէս մէկ ամբողջութիւն։ 

Կարելի չէ, որքան ալ այդ իսկ պատճառաւ անկարելի կը թուի Սփիւռքը կառավարել, Սփիւռքը համախմբել ու միասնականացնել հայութեան ապագայի տեսլականով։ Կը թուի, ոչ թէ իրապէս այդպէս է։ Չմոռնանք։ Ոչ միայն թիւով, այլեւ իր ներուժով հայութեան ու Հայաստանի ալ ողնահարը Սփիւռքն է։ 

Իր տնտեսական կարողութիւններով։ 

Իր մշակութային հարստացմամբ։

Իր կազմակերպական փորձառութեամբ։ 

Իր քաղաքական յարաբերութիւններու լայն ծիրով։ 

Այս ըսելով չեմ ուզեր երբեք ստորագնահատել Հայաստանի կարեւորութիւնը Սփիւռքին համար։ Այո, չմոռնանք, Սփիւռքը սփիւռք չի՛ կոչուիր, չի կրնար կոչուիլ առանց Հայրենիքի, գլխագրուա՛ծ Հայրենիքի, որ անկասկած կը ներառէ իրական հողը, բայց նաեւ՝ Երազը, Տեսլակա՛նը։ Վերցուցէք այդ վերջինը, Սփիւռքը կը կորսնցնէ իր գոյութեան իրաւունքն իսկ։

Ահա թէ ինչու մենք պարտաւոր ենք պայքարելու, ամե՛ն զոհողութեան դիմելու պահելու, պահպանելու համար մեր «հողն այդ փոքրիկ»։ Սակայն այդ զոհողութիւնները չենք կրնար ստանձնել, այդ պայքարը չենք կրնար տանիլ յանուն Հայրենիքին, եթէ մենք մեզ չկարենանք պահել, եթէ մենք կքինք ու տկարանանք, եթէ մենք սրբուինք աշխարհի երեսէն։ 

Ահա այդ պատճառաւ ալ շատ լաւ պէտք է գիտակցինք մեր դերին, մեր ներուժին, մեր գործին եւ աշխատինք կազմակերպականօրէն հզօրացնել մենք զմեզ։ 

Սփիւռքը չի կրնար փոխարինել Հայաստանը, Սփիւռքը Հայաստան չէ, սակայն Սփիւռքը Արտահայաստան է, եւ Հայաշխարհը այդ երկուքին անբաժանելի ամբողջութիւնն է։ 

Առաջարկս է, որ մեր բոլոր կազմակերպութիւնները իրենց գալիք աշխատանքները ծրագրելու ատեն մտահան չընեն այս իրողութիւնը։

Առաջարկս է, մանաւանդ, որ ՀՅԴ գալիք Ընդհանուր ժողովը, մեր ռազմավարութիւններն ու մարտավարութիւնները ճշտելու ատեն առաւել ուշադրութեամբ նկատի առնէ Սփիւռքի դերակատարութիւնը՝ ընդհուպ ամբողջացնելով Ծրագիր ու Կանոնագիր, վերարժեւորելո՛վ Սփիւռքը։

Սփիւռքը վարկաւորելով ըստ արժանւոյն։ 

ՎՐԷԺ-ԱՐՄԷՆ
«Դրօշակ»,
Սեպտեմբեր 2024

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ