Երեւանի Կոմիտասի թանգարանի յարակից այգիին մէջ բացուեր է Աւրորա Մարտիկանեանին եւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած հուշակոթող-քանդակ, նախաձեռնութեամբ «Աւրորա» մարդասիրական կազմակերպութեան:
Բացման արարողութեանը յաջորդած է մրցանակի արժանացած «Աւրորայի լուսաբացը» անիմացիոն վաւերագրական ֆիլմի յատուկ ցուցադրութիւնը, որ կը պատմէ Մարտիկանեանի՝ դէպի մեծ էքրան արտասովոր ճանապարհի մասին:
Յուշակոթող-քանդակը յարգանքի տուրք է նաեւ 1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած 1.5 միլիոն սրբադասուած նահատակներուն: Յուշարձանին ի պահ տրուած է Աւրորա Մարտիկանեանի՝ գերեզմանէն վերցուած հող (Քալիֆորնիա, Լոս Անճըլըս գտնուող ընդհանուր գերեզմանէն) եւ Տէր Զօրի զոհերու մասունք՝ բերուած Անթիլիասի մայրավանքէն (Լիբանան) ։
Երկկողմանի յուշակոթող-քանդակի հեղինակը իտալահայ քանդակագործ Վիգէն Աւետիսն է:








Մեկնաբանէ