Untitled post 670

Յորդանանի ֆիլմերու յանձնաժողովը յորդանանահայ Սարին Հայրապետեանի «Տունս քաղցր ա» վաւերագրական ֆիլմը ընտրած է «Օսքարի» 97-րդ մրցանակաբաշխութեան «Լաւագոյն միջազգային ֆիլմ» անուանակարգով ներկայացնելու համար:

Ֆիլմը կը պատմէ 11-ամեայ Վրէժի մասին, որ կ՛ապրի Արցախի գեղատեսիլ գիւղերէն մէկուն մէջ եւ կ՛երազէ ատամնաբոյժ դառնալ։

Վրէժի կեանքը կտրուկ կը փոխուի, երբ պատերազմը կը վերսկսի եւ ան ընտանիքին հետ ստիպուած կը հեռանայ Արցախէն։ Պատերազմի աւարտէն ետք կը վերադառնայ աւերուած հայրենի գիւղ:

Ֆիլմը արդէն ցուցադրուած է Շէֆիլտի վաւերագրական ֆիլմերոը փառատօնին, իսկ Երեւանի մէջ «Ոսկէ ծիրան» 21-րդ միջազգային փառատօնին։

Յորդանանահայ Սարին Հայրապետեան ներկայիս կ՛ապրի Միացեալ Նահանգներ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ