Լիբանանեան «Հըզպալլահ» կուսակցութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակուած հաղորդագրութեամբ մը հաստատեց իր առաջնորդին՝ Սէյիտ Հասան Նասրահալլի մահը։ Երէկ ցերեկուան ժամերուն իսրայէլեան աղբիւրներ յայտնած էին որ սպաննած են Նասրահալլը։
Նասրալլահ զոհ գնաց Ուրբաթ 27 Սեպտեմբերին Պէյրութի Հարէթ Հըրէյք շրջանին մէջ Իսրայէլեան օդուժին կողմէ կատարուած յարձակումի մը։ Անոր հետ սպաննուած են նաեւ կուսակցութեան այլ պատասխանատուներ։








Մեկնաբանէ