Untitled post 639

Ատրպէյճանը եւ Իսրայէլը ռազմական համագործակցութեան շուրջ յուշագիր ստորագրած են, յայտարարած է Ատրպէյճանի մօտ Իսրայէլի դեսպան Ճորճ Տիքը։

Իսրայէլեան AS Holdings–ն եւ անոր քոյրը ընկերութիւն Ari Arms–ը, որ մասնագիտացած է ՆԱԹՕ–ի չափանիշներով թեթեւ զէնքերու պատրաստութեան եւ արտադրութեան մէջ, յուշագիր ստորագրած է ռազմավարական փոխըմբռնման շուրջ, «Ազերսիլահի» հետ, որ ենթակայ է Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան։

Յուշագիրի ստորագրութեան արարողութեան մասնակցեր են տարբեր պաշտօնեաներ եւ նախարարութիւններու ներկայացուցիչներ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ