Շուրջ մէկ ամիս առաջ սկսած պեղումներու շնորհիւ, հնագէտները յայտարարեցին թէ յայտնաբերուած է Կապանի արքայանիստ միջնաբերդը, ուրկէ դարեր առաջ կառավարուած է քաղաքը։ Պատմական Կապանը Սիւնիքի թագաւորութեան մայրաքաղաքն էր: Ուսումնասիրությունները դեռ կը շարունակուին, սակայն առաջին փուլի արդիւնքները ցոյց կու տան թէ 9-10-րդ դարերու ընթացքին շինուած կառոյցը Կապանի թագաւորութեան արքունական պալատը եղած է։








Մեկնաբանէ