Իրանեան առեւտուրի կեդրոն Հայաստանի մէջ

Հայաստանի մէջ պիտի բացուի իրանեան ամէնամեծ առեւտուրի կեդրոնը որպէս դարպաս դէպի Եւրասիական տնտեսական միութիւն (ԵԱՏՄ)։ Բացումը նախատեսուած է Հոկտեմբեր 1-ին։
Այս կեդրոնը պիտի ըլլայ Իրանի առաջին եւ ամէնամեծ մշտական առեւտուրի կեդրոնը արտերկրի մէջ եւ բացումը պիտի կատարուի Իրանի Առեւտուրի խթանման կազմակերպութեան (TPOI) հետ համագործակցաբար։
Կեդրոնը նախագծուած եւ շինուած է աւելի քան 18,000 քառ,մեթր տարածութեան վրայ։

Մեկնաբանէ

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ