-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ, Հայեր, Հայաստան, Հայաստաններ
«Պայքարը եւ ըմբոստութիւնը միշտ ունին որոշ չափով յոյս,մինչ յուսահատութիւնը համր է»(Շարլ Պոտլեր, ֆրանսացի բանաստեղծ, Ի. դար) Խորագրի չորս բառերու իւրաքանչիւրին տակ ի՞նչ կրնանք դնել, որ մենք մեզ հասկնանք, զիրար հասկնանք, մեզ հասկնան: Ո՞վ կրնայ ճիշդ սահմանում տալ ՀԱՅ անուան տակ յայտնուող մարդուն եւ մարդոց: Ո՞ւր են անոնք: Ինչպէ՞ս կը զանազանուին մոլորակի ութ կամ տասը միլիառ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Արեւմտահայերէնը Դարձնել Նոր Սերունդի Ձայնը
Նախորդ յօդուածին մէջ (ներկայացուած տուեալները մեզ կը հրաւիրեն լուրջ խորհրդածութեան. արեւմտահայերէնի կենսունակութեան պահպանումը այսօր մեր համազգային առաջնահերթութիւնն է: Մեր նպատակն է արեւմտահայերէնը հասցնել հոն, ուր կը բաբախէ նոր սերունդին սիրտը` թուային հարթակներէն մինչեւ առօրեայ ստեղծագործական շփումներ: Այս յօդուածով լուսարձակի տակ պիտի առնենք այն գործնական եւ խոստմնալից քայլերը, որոնք կրնան լեզուի ուսուցումը վերածել ներշնչող, ժամանակակից եւ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Իմաստուններու Խորհուրդ
Տարիներ շարունակ հայութիւնը անօգնական հանդիսատեսը կ’ըլլայ հայութեան երեւելի դէմքերու միջեւ ծաւալող մտահոգիչ հանրային հակամարտութիւններուն, ուր քաղաքական տարաձայնութիւնները կը վերածուին անարգ ու անվայել քաղաքական թատերաբեմի։ 12 փետրուար 2026-ին, ինը յայտնի հայեր՝ Նուպար Աֆէեան, Անթոնի Պարսամեան, Տենհամի Լորտ Արա Տարզի, Էրիք Էսրայիլեան, Վահէ Կապրաշ, Վաչէ Մանուկեան, Ժոզէֆ Օղուրլեան եւ Պերճ Սեդրակեան, «Մետիամաքս»-ի հարթակով հրապարակեցին բաց նամակ մը՝…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Սփիւռքը Ոեւէ Մէկուն Սեփականութիւնը Չէ
Հայ եկեղեցւոյ ներկայիս դիմագրաւած խոր տագնապը կը շարունակէ խռովեցնել հայութեան միտքն ու հոգին, միշտ յուսալով, որ Մայր Աթոռի գահին նստած կաթողիկոսը իր մէջ կը գտնէ քաջութիւն` ընդառաջելու Եկեղեցւոյ բարենորոգման կոչերուն, որպէսզի ազգովին դուրս գանք այս տխուր ու անբաղձալի վիճակէն: Վերջերս բարձրացան ձայներ, որոնք ներկայ տագնապին ամբողջ պատասխանատուութիւնը կ’ուզեն դնել Հայաստանի ներկայ իշխանութիւններուն վրայ, անտեսելով տագնապին…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հովին Խաղը
Ձմեռ է: Փետրուար ամիս: Քեսապի քաղցր առաւօտը ո՛ւր, քաղաքի առաւօտը ուր: Քեսապ, երբ առաւօտեան աչքդ կը բանաս ու գարնան թէ ամրան պատուհանէն դուրս կը նայիս, երկնքի գեղեցիկ կապոյտը կը վայելես: Արեւուն ջերմացնող շողերը մեղմիկ-մեղմիկ դէմքդ կը շոյեն, եթէ շուտով գոհունակութեան ժպիտովդ պատասխան չտաս անոնց, զօրաւոր տաքութեան ու լոյսի կը վերածուին ու աչքերդ կը կծկեն: Հետզհետէ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Փետրուարեան Ապստամբութիւնը. Ազատութեան, Պետական Արժանապատուութեան Եւ Հոգեւոր Ինքնութեան Համազգային Շարժում
Փետրուարեան ապստամբութեան 105-ամեակ: Հայ ժողովուրդի պատմութեան մէջ Փետրուարեան ապստամբութիւնը կը մնայ այն եզակի ձեռքբերումներէն մէկը, երբ ժողովուրդը ամբողջական կամքով եւ վճռակամութեամբ ոտքի կանգնեցաւ իր ազատութեան, արժանապատուութեան եւ պետական ինքնութեան պաշտպանութեան համար: 1921 թուականին պոլշեւիկեան բռնատիրութեան լուծին տակ ճնշուած հայ ժողովուրդը իր պատմական պատասխանատուութեան գիտակցեցաւ եւ աշխարհին առջեւ պարզեց այն հռչակագիրը, որ այս յստակ ու թափանցիկ…
-
Շարունակէ Կարդալ →: «Արցախը Եղե՛ր Է, Արցախը Կա՛յ Եւ Արցախը Պիտի Մնա՛յ»
Այս բառերը չհնչեցին Երեւանի հրապարակին վրայ: Չհնչեցին Լոս Անճելըսի բազմամարդ սրահներուն մէջ, ո՛չ ալ Փարիզի կամ Մոսկուայի քաղաքական ատեաններուն մէջ: Անոնք հնչեցին Պաքուի դատարանին մէջ: Այն վայրին մէջ, ուր մեղադրեալի աթոռին նստած էր ոչ միայն մարդ մը, այլ` գաղափար մը, յիշողութիւն մը, ազգային արժանապատուութիւն մը: Երբ շատեր լռեցին, ան խօսեցաւ: Երբ շատեր խուսափեցան «Արցախ» բառէն,…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ Ազգային Ընդարձակ Ցանցը (1100 – 1900)
Հայ ժողովուրդը անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր ունեցած է սփիւռքի մէջ, իր հայրենիքէն հեռու գաղութներ, որոնք ընդհանրապէս մաշած են ու անհետացած ժամանակի թաւալումով: Օրինակ՝ հին Աղեքսանդրիոյ հայ գաղութը՝ Եգիպտոս, Հռոմի, Բիւզանդիոնի, Չինաստանի, Հնդկաստանի ու Ասորեստանի հայկական գաղութները (հայկական աղբիւրներ): Սակայն 1045-էն՝ Մանազկերտի ճակատամարտով եւ Բագրատունեաց իշխանութեան կործանումով՝ ծնունդ առաւ արտահոսք մը հայրենիքէն դուրս ու կազմուեցան շարք…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Աշխա՛րհ Անցիր, Արարատի Նման Ճերմակ Գագաթ Չկայ
Նիկոլ Փաշինեանի հնարած «Իրական Հայաստան» գաղափարախօսութեան մէջ հայրենիքը ընկալւում է որպէս այստեղ եւ հիմա գոյութիւն ունեցող, իրաւականօրէն ճանաչուած պետութիւն, որի արժէքը պայմանաւորուած է ոչ թէ պատմական իտէալներով կամ Հայկական լեռնաշխարհում հայ ժողովրդի ստեղծած հսկայ մշակութային ժառանգութեամբ, այլ ներկայ ինքնիշխանութեամբ, կառավարելիութեամբ եւ քաղաքացիական պատասխանատուութեամբ։ Կարեւոր է հասկանալ, թէ ինչ պատկերացումներից է սնուել ու ձեւաւորուել այդ «գաղափարախօսութիւնը»։…
-
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ Դպրոց, Հայ Ուսուցիչ, Հայ Թերթ, Հայ Խմբագիր, Հայ Հայերէնագէտ, Հայ Բանասէր
Հակառակ բոլոր ճիգերուն ու ջանքերուն, Սփիւռքը տակաւ կը տառապի բազմաթիւ տագնապներէ, որոնք իր ամէնօրեայ կեանքին մէջ նշմարելի են եւ երթալով աւելի կը խորանան։ Կար ժամանակ, երբ այդ բոլորը նուազ մտահոգութիւններ էին, ընդհակառակը, միշտ բարեկարգելի եւ ուսանելի էին, ուրախալի ու հպարտալի, որովհետեւ ատոնք սեղմօրէն ու լրջօրէն առնչուած էին հայու ինքնութեան պահպանումին ու կառչածութեան հետ, «հայապահպանում»-ի համատարած…






