Օրուան Բառը
  • Օրուան Բառը

    Շղարշ (գոյական) Նուրբ մետաքսէ հիւսք, քօղ, գլխի ծածկոց, դաստառակ։ Oրինակ՝ Հարսնացուի գլխին ձգել էին մի ոսկեթել կարմիր շղարշ։

    Շարունակէ Կարդալ →: Օրուան Բառը
  • Մարմաջ

    Մարմաջ

    Մարմաջ գոյական1. անհանգիստ եւ քիչ ցաւագին զգացում մորթի վրայ իբր թեթեւ խայթում. եռք, քերուըտուք, ասղնտուք, մոլաքար.2. կծելը. կիծ, խտուտ.3. ներքին գրգիռ, սաստիկ փափաք, տենչ, մոլուցք.4. քրտնխաշ։ Օրինակ- 1. Աչքերս առողջ չեն, մի տեսակ մարմա(ն)ջ եմ զգում։ 3. “Տարիներէ ի վեր մեծ մարմաջ մը ունէի արձանագրելու  սոյն պատմութիւնը եւ յանձնելու հանրութեան:”…

    Շարունակէ Կարդալ →: Մարմաջ
  • Պարտասուն

    Պարտասուն

    Պարտասուն ածական Յոգնած, խոնջած, խոնջ, յոգնաբեկ, վաստակաբեկ, ուժասպառ, ուժաբեկ, ուժահատ, ուժակորոյս, ուժատ, ուժաքամ, ուժազուրկ, անուժ, անզօր, թոյլ, տկար, անկար, անկարող, կթոտ, սմքած, ապազօր, ուժահար, վաստակաբեկ, վատուժ, տզօր, աղկաղկ: Օրինակ- “Ու գրգանքիս կանչէի ուղեւորներ պարտասուն, ու բարեւի մը փոխան հազար բարիք ես տայի։” (Միսաք Մեծարենց, “Հիւղը”)

    Շարունակէ Կարդալ →: Պարտասուն

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ