Սփիւռք
-
Քրիստոսի՞… Թէ՞ Յուդայի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քրիստոսի՞… Թէ՞ ՅուդայիՎատիկանի քահանայապետը Քրիստոսի ներկայացուցիչն է երկրագունդի վրայ: Այդպէս հռչակած են իրենք զիրենք ու աշխարհով մէկ ընդունած: Կար ժամանակ երբ երկինքի մէջ հողաշերտ կը ծախէին ու կտոր մը վկայագրի փոխարէն կը ստանային հսկայական գումարներ: Պատմութիւնը կը շարունակէ կրկնել ինքզինք: Բոլորս լաւ կը յիշենք, հազարաւոր հայորդիներու նահատակութեան պատճառ եղող Արցախի քառասունչորսօրեայ պատերազմին,…
-
Դէպի Հող. Հայկական Վարժարաններու Հայաստան Այցելութիւններուն Տեւական Ազդեցութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Դէպի Հող. Հայկական Վարժարաններու Հայաստան Այցելութիւններուն Տեւական ԱզդեցութիւնըՇաբաթներ առաջ, մեր ընկերներուն տան մէջ հաւաքոյթի մը ընթացքին տեղի ունեցաւ անհանգստացնող (կիսա)վիճաբանութիւն մը, թէ արդեօք կարեւո՞ր են սփիւռքի հայկական վարժարաններու՝ Հայաստան կատարած դասարանային այցելութիւնները: Սփիւռքէն Հայաստան փոխադրուած ծանօթներէս մէկը կը պնդէր, թէ այս ճամբորդութիւնները մակերեսային, զբօսաշրջիկի պտոյտներ են․ աշակերտները կու գան, կը զուարճանան, լուսանկարներ կ՚առնեն եւ կը մեկնին առանց…
-
Հանդիպումը…Եւ…
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հանդիպումը…Եւ…Մարտի վերջին Երեքշաբթի առաւօտն էր, երբ ճշդուած ժամուն, միտքս լեցուած անօրինակ կարօտով, հայկական այդ դպրոցը գացի: Կ’երթայի յատուկ հրաւէրով մը, հանդիպելու վարժարանի երկրորդականի բարձրագոյն երկու կարգերու երկսեռ աշակերտներուն հետ: Այսպէս, իրենց հայերէն լեզուի ուսուցչուհի Սոնայի նախաձեռնութեամբ, ես, անձնապէս լման դասապահ մը հոն աշակերտներուն հետ պիտի անցնէի: Անոնց պիտի խօսէի: Պիտի…
-
Վերականգնել, Հայերէն Եւ Ազգ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վերականգնել, Հայերէն Եւ ԱզգՀայրենադարձի լեզուական «ԱՏԱՊՏԱՑՈՒՄ»-էն թելադրուած, հասկնալ՝ պատշաճեցումէն, կրկին մտածեցի հայերէնը ըստ իր արմատներուն, իր բառերով եւ իր ուղղագրական հարազատութեամբ վերականգնելու, խօսելու եւ գրելու մասին, որպէս հոգեմտաւոր ենթահողը ազգի վերականգնման, որպէսզի մնանք ճշմարիտի եւ հարազատի շարունակութեան ուղեծիրին վրայ: Այս ազգային եւ քաղաքական հիմնահարց պէտք է ըլլար եւ չէ: Ան օրակարգ չէ ներսի եւ…
-
Վերականգնել Հայրենասիրութիւնը՝ Կոչ Արդիւնաւէտ Ղեկավարութեան Ստեղծման
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վերականգնել Հայրենասիրութիւնը՝ Կոչ Արդիւնաւէտ Ղեկավարութեան ՍտեղծմանՀայկական Սփիւռքի կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է հայրենասիրութիւնը՝ որովհետեւ հայրենասիրութեան զգացումը կամաց կամաց կը չքանայ, իսկ “հպարտ հայ ըլլալու” զգացումը արդէն շատոնց չքացած է: Դարերով հայը իր ժառանգութիւնը պահպանած է ի հեճուկս սարսափելի դժուարութիւններու։ Բայց վերջին տասնամեակներուն, նկատելի է անհանգստացնող երեւոյթ մը՝ հայը սկսած է ղեկավարուիլ ղեկավարներով, որոնց առաջնահերթութիւնները աւելի մօտ…
-
Ապրիլ 24-էն Մէկ Ամիս Առաջ…
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ապրիլ 24-էն Մէկ Ամիս Առաջ…… ՄԱՐՏ 24 Է: Այդ օրը 49 տարի առաջ, 1976-ին, Արժանթինի մէջ զինուորականները պետական հարուածով մը իշխանութիւնը վերցուցին, եւ յաջորդ եօթը տարիներուն երկրին մէջ հաստատեցին Հարաւ Ամերիկեան ցամաքամասի ամէնավայրագ բռնատիրութիւնը: Երեսուն հազար «անհետացածներ», տնտեսական աղիտալի քաղաքականութիւն, եւ 1982-ի Մալվինեան Պատերազմի պարտութիւն, որ բռնատիրութեան աւարտն ու ժողովրդավարութեան անցումը: Այս վերջին…
-
Հայաստան Երկրի Եւ Անոր Տէր Ազգի Քաղաքական Անելանելիութիւնը…
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Երկրի Եւ Անոր Տէր Ազգի Քաղաքական Անելանելիութիւնը…Հռոմէն առաջ, Բաբելոնի օրերուն ալ, կար երկիր՝ Նայիրի կամ Հայաստան, Արմենիա: Աստուածաշունչը Նոյեան Տապանը հոն բերած է, Արարատի վրայ, ան հոն տնկած է խաղողի այգի: Հոն ապրող ժողովուրդը կը կոչուէր Հայ կամ Արմէն: Կը սիրենք ըսել նաեւ Նայիրիցի: Պատմաբանները թող որոշեն: Այդ երկիրը եւ ժողովուրդը ունեցած են պատմութիւն, ընդգրկուած են յունահռոմէական քրիստոնեայ համաստեղութեան եւ մշակոյթին մէջ:…
-
5 Միլիոն Տոլար Հանգանակուեց Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի Ձեռնարկին՝ Կրթօճախի Ընդարձակման Ու Զարգացման Ծրագրերի Համար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: 5 Միլիոն Տոլար Հանգանակուեց Ռոզ Եւ Ալեք Փիլիպոս Վարժարանի Ձեռնարկին՝ Կրթօճախի Ընդարձակման Ու Զարգացման Ծրագրերի ՀամարՀայակերտման գործում նշանակալի ներդրում ունեցող, համայնքի հեղինակաւոր կրթահամալիրներից՝ Ռոզ եւ Ալեք Փիլիպոս Ազգային վարժարանի 55ամեակը նշանաւորուեց պատմական իրադարձութեամբ: Յոբելեանական տարեդարձի առիթով խրախճանքի ժամանակ, կրթօճախին նուիրաբերուեց 5 միլիոն տոլար, ինչը հնարաւորութիւն է ստեղծում իրականութիւն դարձնել մասնաշէնքի ընդարձակման վաղեմի երազանքը: Կրթօճախի պատմութեան նոր էջի բացումը հնարաւոր է դառնում համատեղ ուժերով, ինչի վառ…
-
Հայկական Սփիւռքի Նիւթական Կարելիութիւնները եւ Անոր Դերը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայկական Սփիւռքի Նիւթական Կարելիութիւնները եւ Անոր ԴերըՀայկական իրականութեան մէջ միշտ ալ անտեսուած եղած է տնտեսութեան կարեւորութեան դերը, թէ Հայաստանի պետութեան ամրակայման եւ թէ սփիւռքի պահպանման մէջ։ Հայ քաղաքական միտքը տակաւին ճիշդ չէ գնահատած անոր դերակատարութեան կարեւորութիւնը։ Հայաստանը իբրեւ պետութիւն գոյատեւելու, զարգանալու եւ հզօրանալու առաջին գրաւականը հզօր տնտեսութիւնն է։ Քաղաքական ազգ եւ քաղաքական գործօն դառնալու համար տնտեսութեան…
-
Մտաւորականութիւնը՝ Քննադատական Եւ Վերլուծական Մտածողութեան Ուժը Եւ Հայկական Սփիւռքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մտաւորականութիւնը՝ Քննադատական Եւ Վերլուծական Մտածողութեան Ուժը Եւ Հայկական ՍփիւռքըԱշխարհը կը գտնուի տեղեկատուական արհեստագիտութեան արագընթաց յառաջդիմութեան մէջ եւ այս նոր իրականութեան մէջ ամէնամեծ մարտահրաւէրներէն մէկը ճշմարտութեան ու կեղծիքի զատորոշումն է։ Տեղեկատուական պատերազմները, քարոզչական մեքենաները եւ կողմնակալ լրահոսը կը ձեւաւորեն զանգուածային գիտակցութիւնը, յաճախ թիրախաւորելով հասարակութեան այն շերտերը, որոնք չեն մշակած քննադատական եւ վերլուծողական մտածելակերպ։ Մտաւորականները, ի տարբերութիւն բազմութեան, ունին խոր…






