Հայոց Լեզու եւ Գրականութիւն
  • Ինքնութեան Կանչերէն

    Գիտենք, որ լեզու մը ողջ է, եւ կը մնայ, եթէ զայն խօսողներ ըլլան, կամ՝ կան: Սակայն կրկնութեան գնով օրինակ վերցնելով, կրնանք հաստատել, թէ լատիներէն գիտցողներ շատ կան, սակայն լատիներէնը մեռած լեզու է: Խօսող չունի: Իսկ ասոր հակառակը, հրեաները վերստեղծեցին իրենց մեռեալ լեզուն, այն լեզուն՝ որ նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ինչպէ՞ս կ’արտասանուի: Ահա թէ ինչո՞ւ լեզու մը գիտնալը բաւարար չէ…: Անոր համար միշտ կը շեշտենք, թէ լեզու մը որ չի գրուիր կամ չի խօսուիր տան, դպրոցին կամ շուկային մէջ, այլ խօսքով՝ ամէնօրեայ հաղորդակցութեան միջոց մը չէ, կ՛աղքատանայ, կը սնանկանայ, իր կարողականութիւնը կը կորսնցնէ եւ պատմութեան հոսանքին մէջ ալ կամաց կամաց կ՛ընկղմի, իր հետ տանելով նաեւ իր ազգը: Լեզուն կենդանի բջիջ է, յիշեցուցած ենք միշտ, եթէ չսորվինք, չգործածենք չզարգացնենք կը մեռնի: Բայց, անկեղծօրէն մատնանշելով, ըսենք որ սփիւռքներու լայնքին եւ երկայնքին, ազգովին մեր լեզուին նահանջի ներկայութիւնը կ՛ապրինք ամէն օր եւ ամէն վայրկեան: Միւս կողմէ սակայն,…

    Շարունակէ Կարդալ →: Ինքնութեան Կանչերէն
  • Ինքնութեան Կանչերէն

    Գիտենք, որ լեզու մը ողջ է, եւ կը մնայ, եթէ զայն խօսողներ ըլլան, կամ՝ կան: Սակայն կրկնութեան գնով օրինակ վերցնելով, կրնանք հաստատել, թէ լատիներէն գիտցողներ շատ կան, սակայն լատիներէնը մեռած լեզու է: Խօսող չունի: Իսկ ասոր հակառակը, հրեաները վերստեղծեցին իրենց մեռեալ լեզուն, այն լեզուն՝ որ նոյնիսկ չէին գիտեր թէ ինչպէ՞ս…

    Շարունակէ Կարդալ →: Ինքնութեան Կանչերէն
  • Կենսունակ Արեւմտահայերէն՝ Խոչընդոտներէն Դէպի Հնարաւորութիւններ

    Լեզուապահպանումի նիւթը՝ մանաւանդ արեւմտահայերէնի վտանգուած ըլլալը, ինչպէս ներկայացուեցաւ ամփոփ ձեւով՝ անցեալ երկու յօդուածներուն մէջ, լուրջ, մտահոգիչ, եւ պատասխանատու հարց է: Այլասերելու եւ մէկ մշակոյթի ծառայելու մարտահրաւէրները անողորմ են եւ ճնշիչ, մանաւանդ փոքր գաղութներու համար, որոնց յաջորդական սերունդները կը ծնին եւ կը մեծնան օտար ափերու մէջ: Կեդրոնանաք մեր գաղութներուն վրայ եւ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Կենսունակ Արեւմտահայերէն՝ Խոչընդոտներէն Դէպի Հնարաւորութիւններ
  • Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում

    Ինչո՞ւ UNESCO-ն Վտանգուած Լեզուներու Ցանկ մը ունի։ Որովհետեւ մայրենի լեզուն խորապէս միահիւսուած է անհատի եւ համայնքի մը ինքնութեան, մշակոյթին, եւ ժառանգութեան հետ։ Մայրենի լեզուն գործածելու եւ պահպանելու կարողութիւնը կարեւոր է մշակութային բազմազանութեան եւ անհատական արժանապատուութեան պահպանման համար։ Արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքը կը ներառէ լեզուի ընտրութիւնը, որով պէտք է արտայայտուի։ Այսինքն մէկու…

    Շարունակէ Կարդալ →: Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում
  • Լեզու, Մի՜ Դաւաճաներ Գրողին

    Ֆրանսագիր աֆղան գրող Աթիք Ռահիմին ֆրանսախօսութեան նուիրուած փարիզեան գրական հաղորդումի մը ընթացքին նամակ մը կարդաց` ուղղուած կեանքէն վաղուց հեռացած իր մօրը: Սրտաբուխ նամակ մը, ուր կը խոստովանի, որ կը դաւաճանէ մօրը եւ ներողութիւն կը խնդրէ անկէ, քանի որ կը գրէ լեզուով մը, որ ո՛չ իրն է եւ ո՛չ մօրն է…

    Շարունակէ Կարդալ →: Լեզու, Մի՜ Դաւաճաներ Գրողին
  • Պաղպաղակ Delirium

    Այս գրութիւնը Վիգէն Յովսէփեանի Delirium երգիծական պատմուածքներու շարքէն առնուած է։ (խմբագրութիւն) Հազիւ փողոցի անկիւնը դարձած, նկատեցի որ Սինեմա Սարուլլային առջեւ իրար-անցում մը կայ։ Մօտենալով տեսայ որ Տիկին Մաքրուհին մայթին վրայ բոպիկ նստած է։ «Խէր ըլլայ, Տիկին Մաքրուհի, վիրաւո ՞ր ես» հարցուցի։ «Չէ, տղաս» պատասխանեց Մաքրուհին, «հոս նստած կօշիկներս կը փոխեմ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Պաղպաղակ Delirium
  • Ծխնելոյզի Ընկերուհիս

    Ձմեռ է: Փայտէ վառարանին մէջ խոշոր կոճղի ճթռտոցը կը լսուի: Միայն այս վառարանը Քեսապի ցուրտին «քիթը կը կտրէ»: Ան իր տաքութիւնը կը սփռէ չորսդիս, իսկ այրող ճիւղերուն ճարճատիւնը ջերմացնող երաժշտութեամբ ու բոյրով կը պատէ սենեակս: Փայտը տեղաւորելէ ետք, առաւօտեան սուրճս կը համտեսեմ: Մեր տան պատուհանէն դուրս կը դիտեմ` բնութեան գեղեցկութեամբ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Ծխնելոյզի Ընկերուհիս
  • Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը

    Լեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամէնէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ։ Թիւերով խօսինք Անցեալին ունեցած ենք 12 հազար լեզուներ, եւ այսօր 6 հազար լեզուներ գոյութիւն ունին։ Այս…

    Շարունակէ Կարդալ →: Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
  • Քերականական Խոհեր. «Կոր, «Կո», «Կա»

    Կարեւոր հարց մը կայ, որուն շուրջ արեւմտահայ համայնքը չէ կրցած համաձայնիլ։ Ի՞նչ է այս կարեւոր հարցը։ Արեւմտահայերէնի մէջ շարունակական գործողութիւն մը արտայայտելու համար բայի եղանակ չկայ, կամ գոնէ այդպէս կ՛ըսեն քերականութեան գիրքերը եւ «մաքուր հայերէն» գիտցողները։ Չկայ անգլերէն “I am writing”ի նման կամ սպաներէն “estoy escribiendo”ի նման կառուցուածք մը, որ…

    Շարունակէ Կարդալ →: Քերականական Խոհեր. «Կոր, «Կո», «Կա»
  • Վերադարձ Դէպի Հայկական Ուղղութիւն

    «Հայկական Ուղղութիւն» (Հայկական Արեւելում կամ Հայկական Օրիանդացիա) հասկացողութիւնը պարզապէս յղացք չէ, այլ՝ կենդանի եւ զարգացող յանձնառութիւն է որ կը ներկայացնէ այն առանձնայատուկ մշակութային, պատմական եւ ազգային արժէքներու գումարը, որոնք կը սահմանեն հայ ժողովուրդի ինքնութիւնը: Այս ուղղութիւնը կը կազմաւորէ մեր ինքնութիւնը, կը կառուցէ մեր տեսաշխարհը եւ կ’առաջնորդէ մեզ, երբ կը նաւարկենք…

    Շարունակէ Կարդալ →: Վերադարձ Դէպի Հայկական Ուղղութիւն

Ազգ21 անկախ պլոկ

Կը հաւատանք որ միմիայն խնդիրներուն առարկայական եւ անաչառ մօտեցման միջոցով մեր ժողովուրդը ի վերջոյ կրնայ հաւաքուիլ ազգային երազանքի մը շուրջ եւ շարունակել իր պատմական երթը, դառնալով 21րդ դարու ազգ։

Ընկերային կապ

Երգիծանկարներ

Լուսանկարներ