Լուրեր
-
Ծանրորդ Տիգրան Կարապետեան Եւրոպայի Ախոյեանութեան Ոսկէ մետալակիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ծանրորդ Տիգրան Կարապետեան Եւրոպայի Ախոյեանութեան Ոսկէ մետալակիրՀայաստանի ազգային հաւաքականը Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ախոյանութեան շահեցաւ իր երրորդ ոսկէ մետալը: Ալպանիոյ Տուրրէս քաղաքին մէջ ընթացող երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեանութեան Տիգրան Կարապետեան բարձրացուց 131 քկ., 136 քկ., 145 քկ., 166 քկ., 172 քկ. եւ 176: Ան Եւրոպայի ախոյեանութեան նոր մրցանիշ հաստատեց։ Հայաստանի ազգային հաւաքականի անդամ Նարեկ Գրիգորեան նուաճեց արծաթէ…
-
Անի Զալինեան Հոլանտայի Խորհրդարանի Առաջին Հայ Երեսփոխանը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Անի Զալինեան Հոլանտայի Խորհրդարանի Առաջին Հայ ԵրեսփոխանըՀոլանտայի մէջ 29 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած երեսփոխանական ընտրութիւններու արդիւնքներով Անի Զալինեան ընտրուած է երեսփոխան, դառնալով երկրի պատմութեան մէջ առաջին հայ երեսփոխանը։ Անոր շնորհաւորանքներ յղած են «Աբովեան» մշակութային միութիւնը, FAON-ը, ինչպէս հայկական այլ կազմակերպութիւններ եւ անհատներ։ Անի ԶալինԵան առաջադրուած էր GroenLinks-PvdA դաշինքի կողմէ
-
Ծանրորդ Ալեքսանտրա Գրիգորեան Եւրոպայի Ախոյեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ծանրորդ Ալեքսանտրա Գրիգորեան Եւրոպայի ԱխոյեանՀայաստանը իր առաջին մետալը նուաճեց Եւրոպայի մինչեւ 23 տարեկաններու ծանրաբարձութեան ախոյեանութեան։ Կանանց ազգային խումբի անդամ, Ալեքսանտրա Գրիգորեանը Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեանութեան 85 քկ. 89 քկ., 91 քկ, 112 քկ., 116 քկ., եւ 123 քկ. բարձրացնելով շահեցաւ ոսկէ մետալը: 214 քկ. արդիւնքով Ալեքսանտրա Գրիգորեան հանդիսացաւ Եւրոպայի երիտասարդներու ախոյեան։
-
Աֆղանիստանի Եւ Փաքիստանի Միջեւ Բանակցութիւնները Ձախողած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Աֆղանիստանի Եւ Փաքիստանի Միջեւ Բանակցութիւնները Ձախողած ԵնՊոլսոյ մէջ, Աֆղանիստանի եւ Փաքիստանի միջեւ ընթացող խաղաղութեան շուրջ բանակցութիւնները աւարտած են առանց շօշափելի արդիւնքներու, յայտարարած է Փաքիստանի տեղեկատուութեան նախարարը, մեղադրելով Քապուլի պատուիրակութեան համաձայնագիրը խոչընդոտելու համար։ Բանակցութիւնները միտուած էին երկու երկիրներուն միջեւ երկարաժամկէտ զինադադարի հաստատումին։ Հոկտեմբեր 19ին երկու երկիրները Տոհայի մէջ համաձայնած էին միջնորդներուն առաջարկած զինադադարին, սակայն Պոլսոյ մէջ Թուրքիոյ…
-
Հռոմի Պապը Պիտի Աղօթէ Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հռոմի Պապը Պիտի Աղօթէ Պոլսոյ Հայկական Եկեղեցւոյ ՄէջՀռոմի Պապ Լևոն XIV-ը Նոյեմբեր 30-ին, Սուրբ Անդրէաս առաքեալի տօնին, պիտի մեկնի Թուրքիա, ուր պիտի այցելէ Պոլսոյ Հայոց պատրիարքութեան պատկանող հայկական եկեղեցի։ Պապին այս այցելութիւնը եւ այնտեղ կատարելիք աղօթքը կը համարուի համերաշխության եւ երկխօսութեան ուղղուած խորհրդանշական քայլ։ Հռոմի Պապին այցելութիւնը տեղի կ՛ունենայ Նիկիոյ առաջին տիեզերական ժողովի 1700ամեակի ծիրէն ներս։
-
Լուքաշենքօն Յայտարարած է որ Պելառուսիան Եւ Ռուսիան Պիտի Չյարձակին Եւրոպայի վրայ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լուքաշենքօն Յայտարարած է որ Պելառուսիան Եւ Ռուսիան Պիտի Չյարձակին Եւրոպայի վրայՊելառուսիան եւ Ռուսիան յարձակողական մտադրութիւն չունին եւրոպական երկիրներու նկատմամբ. Մինսքին եւ Մոսկուային զինուորական գործողութիւններ պէտք չեն, յայտարարած է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն: Ան նշած է որ վերջին շրջանին Մինսքին եւ Մոսկուային կը մեղադրեն եւրոպական տարբեր երկիրներու վրայ յարձակման մտադրութեան համար։ Ան նաեւ յայտարարած է որ «Օրեշնիկ» հրթիռային համակարգի տեղադրումը Պելառուսիոյ…
-
Հայաստան Յաղթեց «Եւրոպայի Մշակութային Ժառանգութեան Առաջատար Կեդրոն» Մրցանակաբաշխութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Յաղթեց «Եւրոպայի Մշակութային Ժառանգութեան Առաջատար Կեդրոն» ՄրցանակաբաշխութեանՀայաստանը յաղթեր է «Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան առաջատար կեդրոն» World Travel Awards 2025 մրցանակաբաշխութեան։Հայաստանը ստացեր է իր «զբօսաշրջիկական Օսքարը», դառնալով Եւրոպայի մշակութային ժառանգութեան առաջատար երկիր, ըստ հեղինակաւոր World Travel Awards 2025-ի։Մրցակիցներու շարքին էին Իտալիա, Ֆրանսա, Սպանիա, Յունաստանը… Հայաստանի մէջ ամեն ինչ իրական է, հնագոյն եկեղեցիներ, քարէ ճանապարհներ, թարմ լաւաշի ու…
-
Ատրպէյճան Պիտի Չմասնակցի Եւրանէսթի Խորհրդաժողովին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ատրպէյճան Պիտի Չմասնակցի Եւրանէսթի ԽորհրդաժողովինԱտրպէյճանի խորհրդարանի պատուիրակութիւնը պիտի չմասնակցի Երեւանի մէջ տեղի ունենալիք «Եւրանէսթ» խորհրդարանական վեհաժողովի 12րդ լիագումար նիստին, յայտարարած է պատուիրակութեան ղեկավար Թահիր Միրկիշիլին։ Պաքուն հաստատած է որ այդ մերժոմը պամանաւորուած չէ հանդիպումը Երեւանի մէջ անցկացնելու համար։ Միրկիշիլիի ըսած է թէ Եւրոպական խորհրդարանի փաստաթուղթերը եւ յայտարարութիւնները, որոնք կը կազմեն Եւրանէսթ ԽՎ-ի գործունէութեան կէսը,…
-
Գիւմրի Մէջ Մեկնարկեցին Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գիւմրի Մէջ Մեկնարկեցին Աւետիք Իսահակեանի Ծննդեան 150ամեակին Նուիրուած ՁեռնարկներըԳիւմրի մէջ ազդարարուեցաւ Աւետիք Իսահակեանի ծննդեան 150ամեակին նուիրուած ձեռնարկներու մեկնարկը: Ձեռնարկները Վարպետի յուշատուն-թանգարանին եւ քաղաքի մշակութային տարբեր վայրերու մէջ։ Հոկտեմբեր 30ին, Իսահակեանի ծննդեան օրը, Թատերական հրապարակին վրայ, Վարպետի արձանի մօտ, տեղի կ՛ունենայ ծաղիկներու խոնարհման արարողութիւն։ Իսկ «Կումայրի» արգելոց-թանգարանի ցուցասրահին մէջ պիտի բացուի յատուկ ցուցադրութիւն, «Իսահակեանը արուեստի մէջ» խորագիրով։ Տիկնիկային թատրոնին…
-
Մամիկոն Խաչատրեան Աշխարհի Փոխ Ախոյեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մամիկոն Խաչատրեան Աշխարհի Փոխ ԱխոյեանԻնտոնեզիոյ մայրաքաղաք Ճաքարթայի մէջ տեղի ունեցող մարմնամարզութեան աշխարհի ախոյեանութեան, Մամիկոն Խաչատրեան շահած է արծաթէ մետալ։






