Լուրեր
-
Սահակ Մեսրոպ Վարժարանը Ամբողջութեամբ Այրած
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սահակ Մեսրոպ Վարժարանը Ամբողջութեամբ ԱյրածԼոս Անճելըսի մոլեգնող հրդեհին հետեւանքով ամբողջութեամբ այրած է Ալթատենայի Սահակ Մեսրոպ ամէնօրեայ վարժարանը։ Դպրոցը հիմնուած էր 1980ին եւ ունէր աւելի քան 200 աշակերտ։ Պետական ծրագրի կողքին կը դասաւանդուէր հայոց լեզու, հայոց պատմութիւն եւ կրօն։Լուսանկարին մէջ կ՛երեւի դպրոցին այրող շէնքը։
-
Խոշոր Հրդեհ Լոս Անճելըսի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Խոշոր Հրդեհ Լոս Անճելըսի ՄէջԼոս Անճելըսի մէջ բռնկած է խոշոր հրդեհ մը եւ 30 հազար մարդոց յորդորած են հեռանալ իրենց տուներէն։ Հրդեհը արագօրէն կը տարածուի: Քաղաքի այդ մասին մէջ նշանաւոր դէմքեր տուներ ունին։ Հրշէջները սկսած են պայքարիլ հրդեհին դէմ եւ օգնել քաղաքացիներուն, որ տեղափոխուին ապահով վայրեր։ Քալիֆորնիոյ նահանգապետը արտակարգ դրութիւն յայտարարած է: Ան կոչ…
-
Թրամփը Կ՛ըմբռնէ Ռուսիոյ «Զգացումները»
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփը Կ՛ըմբռնէ Ռուսիոյ «Զգացումները»Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփ «ըմբռնումով կը մօտենայ Ռուսիոյ զգացումներուն» ՆԱԹՕ-ի եւ Ուքրանիոյ շուրջ եւ կը յուսայ որ զինադադար կարենայ հաստատել ոչ թէ 24 ժամէն այլ վեց ամիսէն, կը յայտնէ ՊիՊիՍի-ն։ Ան նաեւ պատրասռակամութիւն յայտնած է տեսնուիլ Վլատիմիր Փութինի հետ բայց Յունուար 20ի երդման արարողութենէն ետք, նշելով որ Փութիւնը…
-
Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի Դատավարութիւնը Յունուար 17ին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արայիկ Յարութիւնեանի եւ Ռուբէն Վարդանեանի Դատավարութիւնը Յունուար 17ինԱտրպէյճանի կողմէ գերեվարուած եւ ապօրինաբար Պաքուի բանտը պահուող Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ նախկին պետնախարար Ռուբէն Վարդանեանի դատավարութիւնը պիտի սկսի Յունուարի 17ին, յայտնած է Անար Ռզաեւը։ Այդ օրը պիտի որոշուի թէ դատավարութիւնը ինչպէս պիտի ընթանայ՝ փակ թէ բաց։ Չի բացառուիր, որ գործընթացի մէկ մասը փակ նիստերով անցնի, կը գրէ Minval.az-ը։ Արայիկ Հարությանին և Ռուբեն Վարդանյանին…
-
Թրիւտոյի Հրաժարականէն Ետք
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրիւտոյի Հրաժարականէն ԵտքԱՄՆ-ի նորընտիր նախագահ Տոնալտ Թրամփ Քանատան հրաւիրեց միանալ ԱՄՆ-ին: Անոր կարծիքով Ճասթին Թրիւտոն հրաժարած է, որովհետեւ հասկցած է, որ «ԱՄՆ-ն այլեւս չի կրնար տուժել այն առեւտրային բացերէն, որոնք քանատացիներուն անհրաժեշտ են իրենց կեանքին համար»: «Եթէ Քանաըան միաւորուի Միացեալ Նահանգներուն հետ, ապա մաքսատուրքեր կը դադրին, տուրքերը կը նուազին, իսկ չինական եւ…
-
Գերմանիոյ Քանցլերը Հերքած է Մոսկուա Այցելելու Լուրերը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գերմանիոյ Քանցլերը Հերքած է Մոսկուա Այցելելու ԼուրերըԳերմանիոյ Քանցլեր Օլաֆ Շոլցը հերքեր է Պունտեսթակի ընդդիմադիր Քրիստոնեա-դեմոկրատական միութեան պատգամաւոր Ռոտերիխ Գիզեւեթերի յայտարարությունը թէ քանցլերը կը պատրաստուի Մոսկուա այցելել մինչեւ Փետրուար 23: Պատգամաւորը այս տեղեկատուութեան համար ոչ մէկ աղբիւր չէ նշած։ Նախօրէին Գերմանիոյ նախարարական խորհուրդի մամուլի ծառայութիւնը եւս յայտնած էր որ Շոլցի՝ Մոսկուա այցելութեան մասին։
-
Բախումներ Լիպիոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բախումներ Լիպիոյ ՄէջՀաւաստի աղբիւրներ կը յայտնեն թէ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան հետ կապուած բանակային ուժերը (Թուրքիոյ հովանաւորութիւնը վայելող) զինեալ գործողութիւններու ձեռնարկած են Հաֆթարի ուժերուն դէմ (Ռուսիոյ հովանաւորութիւնը վայելող)։ Նշենք որ տարիներ առաջ ռուսերու դաշնակից Հաֆթարը հասած էր մայրաքաղաք Թրիփոլիի մատոյցները, երբ Էրտողանի պահանջով ռուսերը ստիպեցին Հաֆթարին կանգնեցնել պատերազմը։
-
Տիրան Խաչատրեան Ձերբակալուած
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Տիրան Խաչատրեան ՁերբակալուածՀայաստանի բանակի գլխաւոր շտաբի պետի նախկին տեղակալ, զօրավար Տիրան Խաչատրեան ձերբակալուեր է, կը յայտնէ անոր պաշտպան խումբը։ «Տիրան Խաչատրեանին առաջադրուած մեղադրանքը (ռազմական դրության ժամանակ զինուորական պաշտօնէական անփութութիւն), որ ան չի ընդունում, կ՛առընչուի 44-օրեայ պատերազմի որոշ հանգամանքներու»,-նշուած է յայտարարութեան մէջ: Պաշտպանական խումբը նշեր է որ նախաքննական եւ ռազմական գաղտնիքի պատճառով այս…
-
Բախումներ Մէնպիճի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բախումներ Մէնպիճի ՄէջՍուրիոյ հիւսիսը գտնուող եւ Միացեալ Նահանգներու հովանաւորութիւնը վայելող քրտական SDF-ի ուժերը յայտարարեր են որ Սուրիոյ Մէնպիճ քաղաքին մէջ սպաննած են Թուրքիոյ աջակցութիւն վայելող 72 զինեալներ։ Անոնց մէջ եղած են Թուրքիոյ, Իւզպէքիստանի եւ Չեչենիոյ քաղաքացիներ։ Նոյն աղբիւրը կը հաղորդէ նաեւ որ իրենց մօտ կը գտնուի սպանուածներէն 16 դիակ։
-
Քալիֆորնիոյ Մէջ Օդանաւ Մը Բախեր Է Շէնքի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քալիֆորնիոյ Մէջ Օդանաւ Մը Բախեր Է ՇէնքիՔալիֆորնիոյ Ֆուլերթըն քաղաքին մէջ օդանաւ մը մխրճուեր է շէնքի մը մէջ, յայտներ է տեղական ոստիկանութիւնը։ Արկածը տեղի ունեցած է Ռայմըր էւընեու եւ Կիլպըրթ սթրիթի խաչմերուկին վրայ։ Քաղաքի բնակիչներուն խորհուրդ տրուած է հեռանալ միջադէպի վայրէն։ Զոհերու կամ վիրաւորներու ոստիկանութիւնը տակաւին տուեալներ չունի։ Սակայն BNO News կը յայտնէ թէ օդանաւի կործաման հետևանքով…






