Լուրեր
-
Պոլսոյ Մէջ 11 Հոգի Մահացած Է Կեղծուած Խմիչքի Հետեւանքով
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պոլսոյ Մէջ 11 Հոգի Մահացած Է Կեղծուած Խմիչքի ՀետեւանքովՊոլսոյ մէջ կեղծուած ոգելից խմիչք օգտագործելու պատճառով 11 հոգի մահացեր է։ Անատոլու լրատու գործակալութեան համաձայն 38 հոգի, որոնց կարգին 26 օտարերկրացիներ, բժշկական օգնութեան դիմած են տարբեր հիւանդանոցներու մէջ, կեղծուած ոգելից խմիչքի պատճառով: Կը նշուի որ մահացածներուն տասը Թուրքմէնիստանէն են։ Երկու կասկածելիներ ձերբակալուած են կեղծ խմիչք պատրաստելու յանցանքով։
-
Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ Ստորագրեցին Ռազմավարական Գործընկերութեան Համաձայնագիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան եւ Միացեալ Նահանգներ Ստորագրեցին Ռազմավարական Գործընկերութեան Համաձայնագիր«Սա կարեւոր ձեռքբերում է Հայաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու համար: Մենք կ՛առաջացնենք ռազմավարական գործընկերութեան յանձնաժողով, որ հնարաւորութիւն կու տայ մեր համագործակցութիւնը տարբեր բնագաւառներու մէջ, ինչպէս՝ տնտեսութիւն, պաշտպանութիւն, անվտանգութիւն, ժողովրդավարութիւն, », – յայտարարեց ԱՄՆի պետքարտուղար Էնթընի Պլինքընը Արարատ Միրզոյեանի հետ հանդիպումին։ «Մենք պիտի ձգտինք ապահովել Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը եւ պաշտպանութիւնը Հայաստանի Հանրապետութեան տարածքին,…
-
Տոհայի Մէջ Վերսկսեր Են Զինադուլի Բանակցութիւնները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Տոհայի Մէջ Վերսկսեր Են Զինադուլի ԲանակցութիւններըՔաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ վերսկսվեր են Կազայի շուրջ զինադուլ հաստատելու եւ պատանդները փոխանակելու բանակցութիւնները, կը հաղորդէ BBC-ն։ Բանակցութիւններու ընթացքին տեղեակ պաղեստինցի պաշտօնեայ մը BBC-ին յայտնած է որ պատերազմի ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով Իսրայէլի եւ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժման պատուիրակութիւնները անուղղակի բանակցութիւններու նստած են։ Համաձայնագիրը կը նախատեսէ քանի մը փուլ, որոնցմէ առաջինի…
-
Դանիան Պատրաստ է Թրամփի Հետ Երկխօսութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Դանիան Պատրաստ է Թրամփի Հետ ԵրկխօսութեանԴանիոյ կառավարութիւնը հաստատեր է ԱՄՆ-ի նոր վարչակազմին հետ արքտիքական տարածքներու շուրջ երկխօսութեան իր պատրաստակամութիւնը, յայտարարեր է Դանիոյ արտաքին գործոց նախարար Լարս Լիւքէ Ռասմուսըն։ Յունուար 7-ին Թրամփը յայտարարած էր որ Կրինլանտիան պէտք է մտնէ Միացեալ Նահանգներու կազմին մէջ՝ չինական եւ ռուսական սպառնալիքներէն պաշտպանուելու համար։ 2019ին, Թրամփն յայտարարած էր որ Միացեալ Նահանգները…
-
Քալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Հետեւանքով Մահացած է 24 Հոգի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Հետեւանքով Մահացած է 24 ՀոգիՔալիֆորնիոյ Հրդեհներուն Հետեւանքով Մահացած է 24 Հոգի Արդէն մէկ շաբաթ է Լոս Անճելըսի մէջ մոլեգնող հրդեհը ցարդ խլած է 24 մարդու կեանք։ Հրշէջները կը շարունակեն կրակը հանգեցնելու աշխատանքները, սակայն կանխատեսումներու համաձայն, զօրաւոր քամիները աւելի տարածեն կրակը, կը յայտնէ Reuters գործակալութիւնը։ Հրդեհներուն պատճառով 100 000 մարդ է տարհանուած է։ Թաղամասեր ամբողջութեամբ…
-
Սերպիան եւ Միացեալ Նահանգները Ռազմավարական Գործընկերնե՞ր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սերպիան եւ Միացեալ Նահանգները Ռազմավարական Գործընկերնե՞րՍերբիան եւ ԱՄՆ-ն սկսեր են ռազմավարական երկխոսութեան, որ թէեւ չի լուծեր առկայ բոլոր տարակարծութիւնները, բայց մեծ հեռանկարներ կը ստեղծէ Պելկրատի եւ Ուաշինկթընի միջեւ ուժանիւթի, տնտեսութեան եւ պաշտպանութեան ոլորտներուն մէջ համագործակցութեան համար, յայտներ է Սերպիոյ նախագահ Ալեքսանդր Վուչիչ: «Անոնց համար մենք փոքր երկիր ենք, բայց վստահ եմ որ անոնք առաջին անգամ…
-
Իրանը 800 Քմ Շառաւիղով Ռատար Տեղադրեց
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրանը 800 Քմ Շառաւիղով Ռատար ՏեղադրեցԻրանը 800 քմ շառաւիղով ռատար տեղադրած է, որու հասողութիւնը կ՛ընդգրկէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի երկինքը, կը գրէ Islamic World News-ը։ Ռատարը տեղադրուած է Կիլանի նահանգի բարձրավանդակին վրայ՝ երկրի հիւսիսային օդային տարածքը հսկելու համար։ Ան միացուած է Իրանի հակաօդային պաշտպանութեան ցանցին։ Կը նշուի որ Կիլանի մէջ ռատարի տեղադրումէն ետք Հայաստանի, Ատրպէյճանի, արեւելեան…
-
Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբը Տուպայի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Պետական Սիմֆոնիք Նուագախումբը Տուպայի ՄէջՀայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբը Յունուար 17-19-ը Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու Տուպայ քաղաքին մէջ պիտի ներկայացնէ «Սիմֆոնիք ռոք» համերգաշարը։ Նուագախումբը Տուպայ կը մեկնի տեղւոյն օփերայի հրաւէրով։ «Սիմֆոնիք Զեփելին» եւ «Սիմֆոնիք Նիրվանա» համերգները պիտի ղեկավարէ Միացեալ Թագաւորութենէն հրաւիրուած խմբացար Ռիչըրտ Սիտուէլ, իսկ «Սիմֆոնիք Ճէքսըն» համերգը՝ Հայաստանի պետական սիմֆոնիք նուագախումբի ղեկավար եւխմբավար Սերգէյ Սմբատեան։
-
Իրանը Դէմ Է Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհաքաղաքական Որեւէ Փոփոխութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրանը Դէմ Է Տարածաշրջանին Մէջ Աշխարհաքաղաքական Որեւէ ՓոփոխութեանԻրանի ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատիան Հայաստանի Հանրապետության անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումի ընթացքին վերահաստատեր է Թեհրանի պատրաստակամութիւնը՝ զարգացնելու տարածաշրջանային երկիրներուն միջեւ քաղաքական, անվտանգութեան եւ տնտեսական յարաբերութիւնները, կը յայտնէ իրանական IRNA լրատու գործակալութիւնը։ Քննարկուեր են նաեւ տարածաշրջանային խնդիրներ եւ ընդգծուեր է խաղաղութեան եւ կայունութեան հաստատման…
-
Լիբանան Ունեցաւ Նոր Նախագահ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լիբանան Ունեցաւ Նոր ՆախագահԱւելի քան երկու տարի նախագահական աթոռը թափուր մնալէ ետք, այսօր Լիբանանի խորհրդարանը 128 երեսփոխաններու ներկայութեամբ, 99 ձայնով հանրապետութեան նախագահ ընտրեց բանակի հրամանատար զօր. Ժոզէֆ Աուն։ Այս ընտրութիւնները կը յաջորդեն Իսրայէլի կողմէ Լիբանանի Դէմ շղթայազերծուած պատերազմի զինադուլի համաձայնագիրին, որուն համաձայն երկիրի նախագահական ընտրութիւնները պէտք է կատարուին 60 օրուայ ընթացքին։






