Լուրեր
-
Միւնէխի Մէջ Ամերիկացի Եւ Ռուս Պաշտօնեաներու Միջեւ Համդիպում
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Միւնէխի Մէջ Ամերիկացի Եւ Ռուս Պաշտօնեաներու Միջեւ ՀամդիպումՄիացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեած է որ Փետրուար 14-ին ԱՄՆ-ի եւ Ռուսիոյ պաշտօնեաներ Միւնէխի մէջ հանդիպում պիտի ունենան, որուն հրաւիրուած է նաեւ ուքրանական կողմը։ Քիեւը հաւանաբար չմասնակցի Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններու այս հանդիպումին։ Այս հանդիպումը նախապատրաստական փուլն է յառաջիկայ շաբաթ Սէուտական Արաբիոյ մէջ նախատեսուող հանդիպումին, – կը հաղորդէ Reuters գործակալութիւնը։
-
Կապիկի Մը Պատճառով Սրի Լանքայի Բնակչութիւնը Զրկուեր Է Ելեկտրականութենէ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կապիկի Մը Պատճառով Սրի Լանքայի Բնակչութիւնը Զրկուեր Է ԵլեկտրականութենէՍրի Լանքայի ելեկտևականութեան ընկերութիւնը քանի մը օր է կ՛աշխատի վերականգնել մատակարարումը, որ անցնող արձակուրդի օրերուն կապիկի մը պատճառով ամբողջ երկիրը հոսանքազրկուած էր։ Երկրի ուժանիւթի նախարար Քումարա Ճայաքոտիի համաձայն, «կղզիի ամբողջ տարածքին ելեկտրականութեան անջատումը տեղի ոււնեցած է Բանատուրա գտնոող ենթակայաններէն մէկուն ելեկտրահաղորդման գիծերուն վրայ կապիկի մը իյնալուն պատճառով»։ Առայժմ տեղեկութիւններ չկան…
-
Զօրավարժութիւններ Հոհենֆէլսի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Զօրավարժութիւններ Հոհենֆէլսի ՄէջՀոհենֆէլսի ԱՄՆի զինուորական կեդրոնին մէջ անցկացուած է զօրավարժութիւն, որուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցած է ՀՀ ՊՆ ՌՈ ստորաբաժանումը։ Այս զօրավարժութիւնները կ՛անցկացուին «Համատեղ Լուծում 2025» անունով։ Այս զորավարժութեան ընթացքին կ։իրականացուին յատուկ կարեւորագոյն կեդրոններու պահպանութիւն, հակառակորդի հետախուզական խումբերուն յայտնաբերում եւ ոչնչացում, ինչպես նաև այլ գործառոյթներ։
-
Յունաստանի Խորհրդարանը Ընտրեց Երկրի Նոր Նախագահ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Յունաստանի Խորհրդարանը Ընտրեց Երկրի Նոր ՆախագահՅունաստանի խորհրդարանը երկրի նախագահ ընտրած է խորհրդարանի նախկին նախագահ Քոսթաս Թասուլասին, որուն թեկնածութիւնը առաջադրած էր վարչապետ Քիրիաքոս Միցոտաքիսը: Յունուար 25-ին եւ 31-ին, ինչպէս նաեւ Փետրուար 6-ին կատարուած քուէարկութեան առաջին երեք փուլերու ընթացքին կարելի չէր եղած նախագահ ընտրել։ Չորրորդ փուլին, Թասուլասի օգտին քուէարկած են 160 երեսփոխաններ։ Ձեռնպահ մնացեր 39 երեսփոխան։ Քուէարկութեան…
-
Օրուան Բառը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Օրուան ԲառըՑնորք (գոյական)Անրջանք, խելագարանք, պատրանք, զառանցանք։ Օրինակ՝ ‣«…Անուշ վարդերից մնաց միայն փուշ Եւ ցնորքներից՝ վիշտ ու վհատում…»։(Վահան Տէրեան)
-
Իսրայէլ Կը Սպառնայ Վերսկսիլ ՀԱՄԱՍի Դէմ Պատերազմը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլ Կը Սպառնայ Վերսկսիլ ՀԱՄԱՍի Դէմ ՊատերազմըԻսրայէլ կրնայ վերսկսիլ պատերազմը Կազայի մէջ, եթէ պաղեստինեան ՀԱՄԱՍ շարժումը մինչեւ Շաբաթ կէսօր ազատ չարձակէ պատանդներուն, յայտներ է Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նեթանիահու։ Ան նշեր է որ ներկայիս բանակը ուժեր կը կուտակէ Կազայի սահմաններուն երկայնքով: «Համաձայնագիրը խախտելու եւ մեր պատանդներուն ազատ չարձակելու ՀԱՄԱՍ-ի յայտարարութենէն ետք, երէկ երեկոյեան ես հրամայեցի Իսրայէլի բանակին…
-
Քրեմլինը Կը Վերահաստատէ Երեւանին եւ Պաքուին Օգնելու Իր պատրաստակամութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քրեմլինը Կը Վերահաստատէ Երեւանին եւ Պաքուին Օգնելու Իր պատրաստակամութիւնըՌուսիա պատրաստ է աջակցիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղ կարգաւորմանը, բայց նաեւ կ՛ողջունէ կողմերու անկախ քայլերը, յայտնած է Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ խօսնակ Տիմիթրի Պեսկովը։ Անդրադառնալով Հայաստանի ազգային ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութեան, թէ քիչ հաւանական է Ռուսիոյ միջնորդութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղության շուրջ բանակցութիւններուն, Պեսկովը նշեր է որ Մոսկուան…
-
Հրանդ Մաթեւոսեանի ծննդեան 90-ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հրանդ Մաթեւոսեանի ծննդեան 90-ամեակին Նուիրուած ՁեռնարկներԿԳՄՍ նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը կը յայտնէ որ «Հրանդ Մաթեւոսեան» հիմնադրամը կազմակերպած է ձեռնարկներ՝ նուիրուած մեծանուն արձակագիրի յոբելեանին: Փետրուար 11-ին ժամը 14։00-ին «Հրանդ Մաթեւոսեան» մշակութային կեդրոնին մէջ կը ներկայացուի «Ինքնանկարի փորձ» խորագիրով ցուցադրութիւնը: Փետրուար 11-ին ժամը 19։30-ին արհեստական բանականութեամբ ստեղծուած արտապատկերման միջոցով Մաթեւոսեանի պատշգամբէն հանրութեան «պիտի ներկայանայ» ինքը՝ գրողը, Փետրուար 12-ին…
-
Երեւանի Մէջ Հնդկական Ֆիլմերու Փառատօն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Երեւանի Մէջ Հնդկական Ֆիլմերու ՓառատօնՀայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Արթիւր Մարտիրոսեան ներկայ եղած է հնդկական եւ համաշխարհային ֆիլմարուեստի աստղ ՌաՃ Քափուրի 100-ամեակին առիթով Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հնդկական ֆիլմերու փառատօնի բացման, որուն ներկայ եղած է նաեւ Հնդկաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Նիլաքշի Սահա Սինհաք։ Ողջունելով ներկաներուն եւ կարեւորելով Հայաստանի եւ Հնդկաստանի…
-
Թալիպաններու Նոր Որոշումը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թալիպաններու Նոր ՈրոշումըԹալիպանները յայտարարած են թէ Աֆղանիստանի ՄԱԿ-ի աշխատակողները պէտք է մօրուք պահեն, կը յայտնէ գերմանական Bild-ը։ Թալիպանի պաշտօնեաները շաբաթ օր այցելած են Աֆղանստանի մէջ աշխատող ՄԱԿ-ի աշխատակիցներոին եւ զգուշացուցած են որ եթէ տղամարդիկ սափրեն կամ կտրեն իրենց մօրուքը, բանտ կ՛երթան։






