Լուրեր
-
Վահագն Դաւթեան Դարձաւ Ոսկէ Մետալակիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վահագն Դաւթեան Դարձաւ Ոսկէ ՄետալակիրՀայաստանի մարմնամարզութեան ազգային խումբի անդամ Վահագն Դաւթեան դարձաւ աշխարհի ախոյեանութեան առաջին փուլի ոսկէ մետալակիր: Գերմանիոյ Քոթպուս քաղաքին մէջ ընթացող աշխարհի ախոյեանութեան օղակներու վարժութեան աւարտականին Վահագն Դաւթեան, հաւաքելով 14.133 կէտ, գրաւեց առաջին դիրքը։
-
Հունգարիան Եւրոպական Երկիրներուն Կոչ Կ՛ընէ Չխանգարել Ռուսիոյ Եւ ԱՄՆ-ի միջեւ Բանակցութիւնները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հունգարիան Եւրոպական Երկիրներուն Կոչ Կ՛ընէ Չխանգարել Ռուսիոյ Եւ ԱՄՆ-ի միջեւ ԲանակցութիւններըՀունգարիան եւրոպացիներուն առաջարկած է հեռանալ Ռուսիոյ եւ ԱՄՆ-ի միջեւ բանակցութիւններու ճամբէն եւ չխանգարել ռուս-ուքրանական հակամարտութեան խաղաղ կարգաւորումը, յայտարարեր է Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Փեթեր Սիարթոն։ Ան նշեր է որ Հունգարիան «ամէնավճռական կերպով կը մերժէ Պրիւքսէլի կողմէ եւրոպայի քաղաքացիներու դրամական միջողներու օգտագործումը պատերազմի հետագայ ֆինանսաւորման համար։ Նախօրէին Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպան…
-
Ատրպէյճանը Փակեց BBC News–ի Ատրպէճանական Ծառայութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ատրպէյճանը Փակեց BBC News–ի Ատրպէճանական ԾառայութիւնըԱտրպէյճանի կառավարութիւնը որոշեր է դադրեցնել BBC News–ի ատրպէճանական ծառայութեան աշխատանքը, կը յայտնէ BBC–ն: BBC-ի հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի որ պարտադրուած որոշած են փակել գրասենեակը Ատրպէյճանի մէջ այդ երկրի արտաքին գործոց նախարարութեան բանաւոր հրահանգէն ետք: Յիշեցնենք որ BBC News–ն Ատրպէյճանի մէջ կը գործէ 1994էն ի վեր։
-
Կարմիր Գիրքին Մէջ Գրանցուած Նէօ Ընձառիւծը Տեսնուեր Է «Խոսրովի Անտառ»ին Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կարմիր Գիրքին Մէջ Գրանցուած Նէօ Ընձառիւծը Տեսնուեր Է «Խոսրովի Անտառ»ին Մէջ«Խոսրովի անտառ» պետական արգելոցի տարածքէն ներս նկատուեր է Նէօ ընձառիւծը, կը յայտնէ Հայաստանի շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը, մանրամասնելով, որ ընձառիւծներուն կարելի է տարբերակել անոնց նախշերուն շնորհիւ։ Կովկասեան Յովազը ՀՀ կենդանիներու կարմիր գիրքին մէջ արձագրուած հազուագիւտ կենդանատեսակ է։ ՀՀ ԿԳ տուեալներուն համաձայն՝ Նէօ ընձառիւծը կը բնակի Հարաւարևմտեան եւ Հարաւային Հայաստանի` «Խոսրովի անտառ» արգելոցի…
-
Սթարմըր Կ՛առաջարկէ Եւրոպացի Զինուորներ Ղրկել Ուքրանիա
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սթարմըր Կ՛առաջարկէ Եւրոպացի Զինուորներ Ղրկել ՈւքրանիաՄեծ Բրիտանիոյ վարչապետ Քիր Սթարմըր Թրամփին պիտի առաջարկէ 30,000 եւրոպացի զինուոր ղրկել Ուքրանիա, վերահսկելու հնարաւոր զինադադարը, կը յայտնէ The Telegraph: Թերթին համաձայն, Սթարմըր նաեւ պիտի առաջարկէ Արեւելեան Եւրոպայի մէջ ամերիկեան կործանիչներու եւ հրթիռներու տեղակայում, Ռուսիոյ կողմէ պայմաններու խախտման պարագային։ «Անվտանգութեան ուժեր» ստեղծելու գաղափարը քննարկուեր է Փարիզի արտակարգ վեհաժողովին, սակայն ԵՄ…
-
Ամերիկացի Բանագնաց Քելոկ Ժամանեց Քիեւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ամերիկացի Բանագնաց Քելոկ Ժամանեց ՔիեւՌուս-ուքրանական պատերազմին վերջ տալու Ուաշինկթընի ջանքերու ծիրէն ներս, ԱՄՆի նախագահի յատուկ բանագնաց Քիտ Քելոկ ժամաներ է Քիեւ, կը հաղորդէ Kyiv Independent-ը։ Ամերիկացի պաշտօնեան յայտներ է որ իր առաքելութիւնը հիմնականին մէջ Ուքրանիոյ մտահոգութիւնները «լսել» եւ իր բացայայտումները Սպիտակ տան փոխանցելն է: Ան նաեւ նշած է թէ իր այցը լաւ բանակցութիւններ ունենալու…
-
Խրուաթիոյ Կառավարութիւնը Պոյքոթեր է Նախագահին Երդմնակալութեան Արարողութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Խրուաթիոյ Կառավարութիւնը Պոյքոթեր է Նախագահին Երդմնակալութեան ԱրարողութիւնըԽրուաթիոյ լրատուամիջոցները կը յայտնեն թէ կառավարութիւնը իր ամբողջ կազմով պոյքոթեր է նախագահ Զորան Միլանովիչի երդմնակալութեան արարողութիւնը: Կառավարութեան անդամները տարակարծութիւններ ունին երկրորդ ժամկէտի համար ընտրուած նախագահին հետ։ Զորան Միլանովիչ նախագահ վերընտրուած էր Յունուար 12-ին՝ տեղի ունեցած ընտրութիւններուն, երկրորդ փուլին ստանալով ձայներու 75 առ հարիւրը։
-
ԱՄՆ-ի Ջրհեղեղներու Զոհերու Թիւը Հասեր է 14-ի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԱՄՆ-ի Ջրհեղեղներու Զոհերու Թիւը Հասեր է 14-իՄիացեալ Նահանգներու Ճորճիա, Գենթագի եւ Արեւմտեան Վիրճինիա նահանգներուն մէջ յորդառատ անձրեւները խլեր են առնուազն 14 մարդու կեանք, կը հաղորդէ CNN-ը։ Արեւմտեան Վիրճինիայի նահանգապետ Փաթրիք Մորիսին յայտարարած է որ կան անհետ կորածներ։ Գենթագիի երկու բազմաբնակարան շէնքերէն աւելի քան 200 մարդ տարհանուած են ուղղաթիռով եւ նաւակով։ Անձրեւներու պատճառով ելեկտրականութիւնը անջատուեր է նշեալ…
-
Ճոն Վանթ Շիփ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի Մարզիչ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ճոն Վանթ Շիփ Հայաստանի Ֆութպոլի Ազգային Խումբի ՄարզիչՀայաստանի Ֆութպոլի ֆետերասիոնը ազգային խումբի մարզիչ նշանակած է հոլանտացի 62 տարեկան Ճոն Վանթ Շիփը։Իբրեւ մարզիկ, ան մաս կազմած է Այաքսին եւ Ճենովային, ինչպէս նաեւ կատարած է 41 միջազգային մրցումներ Հոլանտայի ազգային խումբին հետ (1986-1995)։ Հետագային, իբրեւ մարզիչ մարզած է Այաքսը, Թվենթէն եւ այլ խումբեր, ինչպէս նաեւ Յունաստանի ազգային խումբը։
-
«Իմ Հայկական Ուրուականները» ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Պերլինալէ Փառատօնին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Իմ Հայկական Ուրուականները» ֆիլմը Պիտի Ցուցադրուի Պերլինալէ ՓառատօնինԲեմադրիչ Թամարա Ստեփանեանի «Իմ հայկական ուրուականները» վաւերագրական ֆիլմը ընդգրկուած է Պերլինալէ 75րդ միջազգային ֆիլմերու փառատօնի Forum ծրագիրին մէջ, դառնալով հայ ֆիլմարուեստը ներկայացնող կարեւոր ֆիլմերէն մէկը։ Ֆիլմը իրագործուած է հայ-ֆրանսական համատեղ աշխատանքով։ Փետրուար 16ին, ֆիլմի ցուցադրութեան ներկայ պիտի գտնուին ստեղծագործական խումբի անդամներ Սելին Լուազօ, Թամարա Ստեփանեան եւ Կարինէ Սիմոնեան։






