Լուրեր
-
Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանէն Կը Պահանջէ Հայ Գերիներու Անյապաղ Ազատ Արձակումը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Եւրոպական Խորհրդարանը Ատրպէյճանէն Կը Պահանջէ Հայ Գերիներու Անյապաղ Ազատ ԱրձակումըՁայներու գերակշիռ մեծամասնութեամբ` 523 կողմ, 3 դէմ, 84 ձեռնպահութեամբ, Եւրոպական խորհրդարանը այսօր հրատապ կարգով բանաձեւ ընդունեց Պաքուի մէջ պահուող հայերու, որոնց շարքին՝ Արցախի նախկին ղեկավարութեան մասին՝ կոչ ընելով Ատրպէյճանին անյապաղ եւ առանց նախապայմաններու զանոնք ազատ արձակել։ Եւրոպական խորհրդարանի բոլոր մեծ խմբակցութիւնների համատեղ փաստաթուղթը կ՛ընդգծէ որ հայերու դէմ դատավարութիւնները կեղծ են,…
-
Համաշխարհային Դրամատունը Յառաջիկայ հինգ տարիներուն 1.7 Միլիառ Տոլար Պիտի Յատկացնէ Հայաստանին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Համաշխարհային Դրամատունը Յառաջիկայ հինգ տարիներուն 1.7 Միլիառ Տոլար Պիտի Յատկացնէ ՀայաստանինՀամաշխարհային դրամատունը 2025-2029 թուականներուն Հայաստանին պիտի տրամադրէ 1.7 միլիառ տոլար, երկրի տնտեսութեան զարգացման եւ կառավարման որակի բարելաւման միտուած բազմակողմանի աջակցութեան նպատակով: Ծրագիրը տարեսկզբին հաստատեր է Համաշխարհային դրամատան խումբի գործադիր տնօրէններու խորհուրդը, յայտներ է Համաշխարհային Դրամատան Հայաստանի գրասենեակի տնօրէն Քարոլին Կեկինատ Արմէնփրէսի հետ զրոյցի ընթացքին։
-
Լեհաստանի Տարածքով Ուքրանիոյ Ամերիկեան Ռազմական Օգնութեան Մատակարարումը Վերսկսաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լեհաստանի Տարածքով Ուքրանիոյ Ամերիկեան Ռազմական Օգնութեան Մատակարարումը ՎերսկսաւԼեհ-ուքրանական սահմանին մօտ գտնուող Եասիոնքա օդանաւակայանի մատակարարման հանգոյցի՝ POLLOGHUB-ի միջոցով վերսկսեր են ամերիկեան ռազմական օգնութիւն հասցնել Քիեւին, յայտներ է Լեհաստանի պաշտպանութեան փոխնախարար Փաւէլ Զալեւսքին X-ի էջին վրայ։ Իր հերթին Լեհաստանի արտաքին գործոց նախարար Ռատոսլաւ Սիքորսքի Վարշաւայի մէջ ուքրանացի գործընկեր Անտրէյ Սիպիհայի հետ հանդիպումէն ետք հաստատեր է Քիեւին ամերիկեան զէնքի մատակարարումներու…
-
Հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեան Եւրոպայի Ախոյեանութեան Արծաթէ Մետալակիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հրաձիգ Էլմիրա Կարապետեան Եւրոպայի Ախոյեանութեան Արծաթէ ՄետալակիրՀայաստանի հրաձգութեան հաւաքականի անդամ Էլմիրա Կարապետեան դարձաւ Եվրոպայի ախոյեանութեան փոխ-ախոյեան: Խրուաթիոյ Օսեէկ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող հրաձգութեան Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն Հայաստանի հավաքականի անդամ Էլմիրա Կարապետեանը 10 մեթր օդամղիչ ատրճանակ մրցաձեւին եւ 13.15 կէտ հաւաքելով դարձաւ արծաթէ մետալակիր։ Յիշեցնենք որ Հայաստանի հաւաքականը Եւրոպայի ախոյեանութեան կը մասնակցէր չորս մարզիկով՝ Էլմիրա Կարապետեան, Բենիկ…
-
Հայաստան Եւ Հնդկաստան Փաստաթուղթեր Ստորագրած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Եւ Հնդկաստան Փաստաթուղթեր Ստորագրած ԵնՆիւ Տելհիի մէջ, Մարտ 10ին տեղի ունեցած է Հայաստանի արտաքին գործոց Արարատ Միրզոյեանի եւ Հնդկաստանի արտաքին գործոց նախարար Սուպրամանեամ Ճայշանկարի հանդիպումը, որուն յաջորդած է նախարարներուն ղեկավարած պատուիրակութիւններուն ընդլայնուած կազմով հանդիպումը։ Այս հանդիպումներէն ետք ստորագրուած են հետեւեալ փաստաթուղթերը. – «ՀՀ ԱԳՆ դիւանագիտական դպրոցի եւ Հնդկաստանի Հանրապետութեան Սուշմա Սուարաջ արտաքին ծառայութեան հիմնարկներու…
-
«Արեւմտեան Ատրպէյճան»ը Կեղծ Թէզ է. Ճոն Ինեարիտու
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Արեւմտեան Ատրպէյճան»ը Կեղծ Թէզ է. Ճոն ԻնեարիտուՍպանիոյ խորհրդարանի երեսփոխան Ճոն Ինեարիտուի կարծիքով՝ Ատրպէյճանի կողմէ քարոզչական դաշտ նետուած այսպէս կոչուած «արեւմտեան Ատրպէյճան» թէզը պատմությունը վերաշարադրելու, Արցախի հայութեան նկատմամբ իրագործած էթնիկ զտումները արդարացնելու եւ Հայաստանէն նոր տարածքներ գրաւելու նպատակ կը հետապնդէ։ Անոր բնորոշմամբ, Ատրպէյճանը նման յայտարարութիւններով նպատակ ունի դիւանագիտական եւ քաղաքական ճնշում գործադրել Եւրամիութեան վրայ։ Անդրադառնալով Հայաստանի…
-
Սուրիոյ Մէջ Աւելի Քան 1000 Ալաուի Սպաննուած Է
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սուրիոյ Մէջ Աւելի Քան 1000 Ալաուի Սպաննուած ԷՍուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմէտ ալ-Շարաահ յայտարարեր է որ երկրի ծովափնեայ շրջանի բախումները անսպասելի չէին: Ան կոչ ուղղած է պահպանել քաղաքացիական խաղաղութիւնը եւ ազգային միասնութիւնը։ Ինչպէս նաեւ ան յայտարարած է «Հըզպալլահ» եւ արտաքին այլ կողմերը նոյնպէս ներգրաւուած են բախումներուն մէջ։ Մարդու իրաւունքներու սուրիական կեդրոնը յայտնած է որ Հինգշաբթի օրուընէ ի վեր…
-
Թուրքմէնիստանը Պատրաստ Է Եւրոպային Բնական Կազ Մատակարարել
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թուրքմէնիստանը Պատրաստ Է Եւրոպային Բնական Կազ ՄատակարարելԹուրքմէնիստանը պատրաստ է սերտօրէն համագործակցիլ եւրոպական երկիրներուն հետ բնական կազի մատակարարելու համար, Euronews-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին յայտներ է երկրի նախկին նախագահ եւ Ժողովրդական խորհուրդի նախագահ Կուրպանկուլի Պերտիմուհամետով։ Ան նշեր է որ Եւրոպայի ուժանիւթի շուկան աշխարհի մեծագոյններէն մէկն է, իսկ Աշխապատի համագործակցութիւնը ԵՄ-ի հետ շահաւէտ է երկու կողմերուն համար։ Պերտիմուհամետով աւելցուցած…
-
Ռուսիա Պատրաստ Է Քննարկել Ուքրանիոյ Մէջ Ժամանակաւոր Զինադուլի Հարցը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Պատրաստ Է Քննարկել Ուքրանիոյ Մէջ Ժամանակաւոր Զինադուլի ՀարցըՌուսիա պատրաստակամութիւն յայտնած է քննարկել Ուքրանիոյ մէջ ժամանակաւոր զինադուլ հաստատելու կարելիութիւնը, սակայն մինչ պատերազմական գործողութիւններու դադրեցումը պէտք է յստականան վերջնական խաղաղութեան պայմանագիրի սկզբունքները, կը յայտնէ Bloomberg, յղում ընելով Մոսկուայի իրազեկ աղբիւրներու։ Քրեմլինը կը քննարկէ հնարաւոր խաղաղապահ առաքելութեան մանրամասնութեան նախնական որոշման հարցը։ Մոսկուա, մասնաւորաբար, կը պնդէ որ նախապէս համաձայնեցուի այն երկիրներու…
-
Վաղը Կը Սկսի Մինչեւ 23 Տարեկաններու Ըմբշամարտի Եւրոպայի Ախոյեանութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վաղը Կը Սկսի Մինչեւ 23 Տարեկաններու Ըմբշամարտի Եւրոպայի ԱխոյեանութիւնըԱլպանիոյ մայրաքաղաք Թիրանայի մէջ, Մարտ 8-14 տեղի պիտի ունենայ մինչեւ 23 տարեկաններու ըմբշամարտի Եւրոպայի ախոյեանութիւնը։ Հայաստանի ըմբշամարտի մինչեւ 23 տարեկաններու ազգային խումբը իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ այս ախոյեանութեան։ Ազատ ոճի ԵԱ-ի կը մասնակցին Նորիկ Յարութիւնեան (57 քկ), Լեւիկ Միքայէլեան (61 քկ), Հայկ Աբրահամեան (65 քկ), Վլատիմիր Ազարեան (70 քկ), Նարեկ…






