Լուրեր
-
Լաս Վեկասի Մէջ Այրած Են Tesla Ինքնաշարժներ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լաս Վեկասի Մէջ Այրած Են Tesla ԻնքնաշարժներԱնյայտ անձ մը Լաս Վեկասի Tesla ընկերութեան վերանորոգման կեդրոնին մէջ այրած է Tesla-ի քանի մը ինքնաշարժներ, կը յայտնէ CNN-ը: Հետաքննութիւն սկսած է։ Մասքը միջադէպը համարած է ահաբեկչութիւն, իսկ ոստիկանութիւնը զայն անուանած է նպատակային յարձակում Tesla ձեռնարկութեան վրայ: Դէպքի վայր ժամանած ոստիկանները այրող ինքնաշարժներու կողքին յայտնաբերած են “դիմադրութիւն” բառը, որ գրուած…
-
Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Պատուիրակութիւն Մը Գերմանիոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Պաշտպանութեան Նախարարութենէն Պատուիրակութիւն Մը Գերմանիոյ ՄէջՀայաստանի Հանրապետութեան բանակի ԳՇ պետի տեղակալ, զօրավար Արթիւր Երոյեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Շթութկարթի մէջ տեղակայուած ԱՄՆի բանակի եւրոպական հրամանատարութեան կեդրոնակայանին մէջ մասնակցեր է ՀՀ եւ ԱՄՆ եւրոպական հրամանատարութեան միջեւ երկրորդ տարին անընդմէջ տեղի ունեցող շտաբային բանակցութիւններուն, կը տեղեկացնէ Հայաստանի ՊՆ-ի տարածած հաղորդագրութիւնը։ Բանակցութիւններու ընթացքին տեղի ունեցած շարք մը հանդիպումներ եւ առանձնազրոյցներ…
-
Իսրայէլ Վերսկսաւ Ռմբակոծել Կազան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլ Վերսկսաւ Ռմբակոծել ԿազանԿազայի մէջ 356 պաղեստինցի սպանուած է իսրայէլեան օդուժի ռմբակոծումներու հետեւանքով, կը յայտնէ Al Arabiya-ն։ Պաղեստինի առողջապահութեան նախարարութեան աղբիւրները հաստատած են զոհերու նշեալ թիւը։ Կը տեղեկացուի նաեւ որ իսրայէլեան օդուժի ռմբակոծումներու հետևանքով հարիւրաւորներ վիրաւորուած են։
-
Մարք Քարնի. Միացեալ Նահանգներու Հետ Լաւ Յարաբերութիւնները Կը Պահպանենք
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մարք Քարնի. Միացեալ Նահանգներու Հետ Լաւ Յարաբերութիւնները Կը ՊահպանենքՔանատայի նոր վարչապետ Մարք Քարնի յայտարարեր է թէ ԱՄՆ-ի հետ կարելիութեան չափով դրական յարաբերութիւններ կը պահպանեն։ Քանատայի վարչապետը իր այս յայտարարութիւնը կատարած է Փարիզի մէջ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնի հետ կայացած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։
-
Հըզպալլահ Կը Հերքէ Իր Մասնակցութիւնը Սուրիա-Լիբանան Սահմանի Բախումներուն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հըզպալլահ Կը Հերքէ Իր Մասնակցութիւնը Սուրիա-Լիբանան Սահմանի ԲախումներունԵրէկ գիշեր սկսած Սուրիա-Լիբանան սահմանային բախումները կը շարունակուին։ Ըստ սուրիական աղբիւրներու, սուրիական բանակը ունի ութը սպանուած։Փոխադարձ ռմբակոծումներու համար, սուրիական կողմը կը մեղադրէ Հըզպալլահը։ Վերջինս հերքած է թէ մասնակից է բախումներուն։ Միւս կողմէ լիբանանեան բանակը հաստատեր է թէ մնայուն կապի մէջ է Սուրիոյ իշխանութիւններուն հետ, սահմանի երկայնքով ապահովութիւնը պահպանելու համար:
-
Մահացեր Է Լիբանանցի Նշանաւոր Դերասան Անթուան Քրպէժ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մահացեր Է Լիբանանցի Նշանաւոր Դերասան Անթուան ՔրպէժԵրէկ, 16 Մարտ 2025ին, 90 տարեկանին իր մահկանացուն կնքեր է Լիբանանցի նշանաւոր դերասան Անթուան Քրպէժ։ Ծնած է Լիբանանի Մեթնի շրջանի Զապուղա գիւղը 1935ին։ 1960ականներէն սկսեալ բազմաթիւ գլխաւոր դերեր ստանձնած է թատրոններու եւ Լիբանանի պետական հեռատեսիլի կայանի (Թելէ Լիպան) պատրաստած ֆիլմաշարերուն մէջ։Գործակցած է բազմաթիւ լիբանանցի եւ արաբ դերասաններու եւ բեմադրիչներու հետ։Մահացեր…
-
«Ճպուռն ու Մրջիւնը» Պալէտը Երեսուն Տարի Ետք Կը Վերադառնայ Երեւանի Օփերային Թատրոն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Ճպուռն ու Մրջիւնը» Պալէտը Երեսուն Տարի Ետք Կը Վերադառնայ Երեւանի Օփերային ԹատրոնԵրաժիշտ եւ դաշնակահար Ստեփան Լուսիկեանի «Ճպուռն ու Մրջիւնը» պալէտային ներկայացումը երեսուն տարի ետք նոր ոճով, նոր մտածողությամբ եւ շունչով վերադարձաւ Ալ. Սպենդիարեանի անուան օփերայի եւ պալէտի ազգային ակադեմիական թատրոն։ Մանկական պայծառ, գունեղ ներկայացման առաջնախաղը տեղի ունեցաւ մարտի 15-ին։ Բեմին վրայ Երեւանի պարարուեստի պետական քոլէճի սաներն էին, իսկ դահլիճի ներկաներըուն մեծամասնութիւնը՝…
-
Ռուսիա Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրի Բանակցութիւններու Աւարտը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Կ՛ողջունէ Հայաստանի Եւ Ատրպէյճանի Միջեւ Խաղաղութեան Պայմանագիրի Բանակցութիւններու ԱւարտըՌուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա յայտարարեց որ Մոսկուան կ՛ողջունէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի նախագիծի շուրջ բանակցութիւնների աւարտը։ Ան նաեւ նշեց որ Մոսկուա պատրաստ է հարթակ տրամադրել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի ներկայացուցիչներու շփումներուն համար, որ կը նպաստէ երկկողմ յարաբերութիւնների կարգաւորման եւ խաղաղութեան պայմանագիրի ստորագրութեան։ Յիշեցնենք որ Միացեալ…
-
Լուքաշենքօն Յայտարարեր է Ռուսիոյ հետ Միասնական Խորհրդարանի Ստեղծելու Մասին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լուքաշենքօն Յայտարարեր է Ռուսիոյ հետ Միասնական Խորհրդարանի Ստեղծելու ՄասինՌուսիան եւ Պելառուսիան կրնան անցնիլ միասնական խորհրդարանի, եթէ Մինսքը եւ Մոսկուան պատրաստ ըլլան անոր, յայտարարեչ է Պելառուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօն Ռուսիոյ Դաշնային խորհուրդին մէջ իր ելոյթի ընթացքին։ Պելառուսիոյ նախագահը պաշտօնական այցով կը գտնուի Ռուսիա։ Մարտ 13ին ան հանդիպում ունեցած էր Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր փութինի հետ, որ յայտարարած էր թէ Լուքաշենքօն…
-
Պելճիքայի Հայկական ԿիրակնօրեայԴպրոցներու Աշակերտները Վենետիկի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պելճիքայի Հայկական ԿիրակնօրեայԴպրոցներու Աշակերտները Վենետիկի ՄէջՊելճիքայի «Նարեկ» հայկական կրթամշակութային միութեան եւ Վենետիկի Քա’Ֆոսկարի համալսարանի հետ համագործակցութեամբ առաջին անգամ իրականացուած է հայագիտական կրթական ծրագիր՝ «Հայկական հետքը Վենետիկի մէջ» խորագիրով: Այս ծիրէն ներս Պելճիքայի հայկական կիրակնօրեայ դպրոցներու աշակերտներուն ընձեռուեր է առիթ ծանօթանալու եւ ուսումնասիրելու Վենետիկի հայկական հարուստ ժառանգութիւնը։ Աշակերտները այցելեր են Սուրբ Ղազար կղզի՝ Մխիթարեան միաբանութիւն, Սուրբ…






