Լուրեր
-
Թրամփ Յոյս Կը Յայտնէ Որ Սուրիոյ Կառավարութիւնը Կը Կայունացնէ Երկիրը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփ Յոյս Կը Յայտնէ Որ Սուրիոյ Կառավարութիւնը Կը Կայունացնէ ԵրկիրըՄիացեալ Նահանգները յոյս ունի որ Սուրիոյ նոր կառավարութիւնը կը կայունացնէ իրավիճակը երկրի տարածքին եւ կ՛ապահովէ խաղաղութեան պահպանումը, ըսեր է ԱՄՆ-ի նախագահ Թրամփ, ելոյթ ունենալով Սէուտական Արաբիոյ մէջ տեղի ունեցած ներդրումային համաժողովի ընթացքին։ Ան նաեւ նշեց որ ԱՄՆ կը ջնջէ Սուրիոյ դէմ եղած բոլոր պատժամիջոցները։ Թրամփ կոչ ըրած է Իրանի իշխանութիւններուն…
-
Հայաստան 2026ին Պիտի Հիւրընկալէ «Մշակութային Ուղիներ»ու 15րդ Համաժողովը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան 2026ին Պիտի Հիւրընկալէ «Մշակութային Ուղիներ»ու 15րդ ՀամաժողովըԼիւքսեմպուրկի մէջ տեղի ունեցած է Եւրոպայի խորհուրդի «Մշակութային Ուղիներ» համաձայնագիրի կառավարման խորհուրդի տարեկան նիստը: Խորհուրդը միաձայնութեամբ հաստատեր է 15րդ խորհրդակցական համաժողովը գումարել Հայաստանի մէջ, յայտներ է Հայաստանի ԿԳՄՍ նախարարութեան մշակութային ժառանգութեան վարչութեան ղեկավար Աստղիկ Մարաբեան: Խորհրդակցական համաժողովը որպէս Եւրոպայի խորհուրդի «Մշակութային Ուղիներ» ծրագիրի կարեւորագոյն իրադարձութիւն, կը կազմակերպուի համաձայնագիրի անդամ-պետութիւններէն մէկուն երկրին…
-
Թուրքիա Յոյս Ունի Որ Պոլսոյ Մէջ Նախատեսուած Բանակցութիւնները Կը Յաջողին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թուրքիա Յոյս Ունի Որ Պոլսոյ Մէջ Նախատեսուած Բանակցութիւնները Կը ՅաջողինԹուրքիոյ նախագահ Էրտողան յոյս ունի որ Ուքրանիոյ եւ Ռուսիոյ միջեւ բանակցութիւնները, որոնք նախատեսուած են Մայիս 15ին Պոլսոյ մէջ, յաջողութիւն կ՛ունենան։ Էրտողան յիշեցուցած է որ Մայիս 11ին իր ռուս գործընկերոջ՝ Վլատիմիր Փութինի հետ հեռաձայնային զրոյցի ժամանակ մանրամասն քննարկած է Ուքրանիոյ հարցի հեռանկարները: Կառավարութեան նիստէն ետք ան ընդգծած է որ Մայիս 12ին…
-
Ամսթըրտամի Մէջ Տեղադրուած Է Նարեկացիին Նուիրուած Յուշատախտակ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ամսթըրտամի Մէջ Տեղադրուած Է Նարեկացիին Նուիրուած ՅուշատախտակԱմսթըրտամի կեդրոնը գտնուող Սուրբ Նիկողայոս տաճարին մէջ Մայիս 10-ին տեղի ունեցած է հայ մեծանուն մտածող, բանաստեղծ եւ աստուածաբան Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիի բարձրաքանդակ յուշատախտակի հանդիսաւոր բացման արարողութիւնը։ Ներկայ եղած են հայ համայնքի անդամներ, քոյր եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքի հոգեւոր ու մշակութային առաջնորդներ։Մասնակիցները շեշտեր են յուշատախտակի պատմական եւ հոգեւոր նշանակութիւնըմ զայն…
-
Վերահրատարակուեր Է Ստեփանակերտի Պետական Տրամաթիքական Թատրոնի Պատմագրութիւնը Ներկայացնող Գիրքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վերահրատարակուեր Է Ստեփանակերտի Պետական Տրամաթիքական Թատրոնի Պատմագրութիւնը Ներկայացնող ԳիրքըՍտեփանակերտի Վահրամ Փափազեանի անուան պետական տրամաթիքական թատրոնի պատմութիւնը ներկայացնող «Ստեփանակերտի Վ. Փափազեանի անուան պետական դրամատիկական թատրոնի տարեգրութիւնը. 1932–2023 թթ.» գիրքը վերահրատարակուեր է։ Գիրքը վերահրատարակուեր է Հայաստանի թատերական գործիչների միութեան նախաձեռնութեամբ, Նարինէ Չարչեանի աջակցութեամբ։ Գիրքը թատրոնի աւելի քան 90 տարուայ պատմութեան ամբողջական տարեգրութիւնն է, որ մասնագիտական արժէք ունի եւ գիտական աշխատանքի…
-
Թրամփ Եւ Փութին Կը Շնորհաւորեն միմիանց
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփ Եւ Փութին Կը Շնորհաւորեն միմիանցԱՄՆ նախագահ Թրամփ եւ Ռուսիոյ նախագահ Փութին փոխադարձ շնորհաւորանքներ փոխանցած Մայիս 9ի յաղթանակի 80ամեակին առիթով։ Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշակով ռուսական «Առաջին ալիք»-ի պարզաբաներ է որ շնորհաւորանքները փոխանցուեր են նախագահներու օգնականներուն միջոցով։
-
Ուքրանիոյ Հարցով Լեհաստան եւ Ֆրանսա նախաձեռնութեան Պիտի Դիմեն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ուքրանիոյ Հարցով Լեհաստան եւ Ֆրանսա նախաձեռնութեան Պիտի ԴիմենԼեհաստանի եւ Ֆրանսայի կառավարութիւնները նոր նախաձեռնութիւններ պիտի առաջարկեն Ուքրանիոյ իրավիճակին համար, կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն վկայակոչելով Լեհաստանի վարչապետ Թուսքի խօսքերը։ Թուսք Ֆրանսա մեկնելէ առաջ, ուր պիտի հանդիպի նախագահ Մաքրոնի, բարեկամութեան եւ համագործակցութեան պայմանագիր ստորագրելու համար։ Թուսք խօսքերով այս նոր համաձայնագիրը մեծ նշանակութիւն պիտի ունենայ ԵՄ-ի ամրապնդման համար։
-
Հռոմի Նոր Պապը Ընտրուեցաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հռոմի Նոր Պապը ԸնտրուեցաւԵրէկ, Հռոմի նոր պապ ընտրուեցաւ 69 տարեկան ամերիկացի կարտինալ Ռոպերթ Ֆրենսիս Փրեւոսթլ Ան պատմութեան մէջ առաջին ամերիկացի պապն է: Ան կոչուեցաւ Լէօ 14-րդ ։ Իր ընտրութենէն ետք, Հռոմի 267-րդ պապը դուրս եկաւ Սուրբ Պետրոսի տաճարի պատշգամբ եւ ողջունեց հաւատացեալներուն։ Կարտինալներու Քոնքլաւը Հռոմի 267–րդ պապ ընտրեց Մայիս 8ին եւ Սիքսթինեան կապելլայի…
-
Դդմաշէնի Սբ. Թադէոս Եկեղեցին Պիտի Նորոգուի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Դդմաշէնի Սբ. Թադէոս Եկեղեցին Պիտի ՆորոգուիՀայաստնի ԿԳՄՍ նախարարութեան մասնագիտական խումբը սկսած է այցելել բազմաթիւ յուշարձաններ։ Առաջին հանգրուանը եղած է Դդմաշէնի Ս. Թադէոս եկեղեցին, որ տեղացի բարերարի մը նախաձեռնութեամբ կը նախատեսուի նորոգել։ Պիտի նորոգուին եկեղեցւոյ շքամուտքերը, քիւերը եւ հետագային կատարուած ոչ-պատշաճ յարմարեցումները։ Մասնագէտները այցելած են նաեւ Նորատուս գիւղը գտնուող Եօթ աղբիւր ամրոցը, նոյնանուն գիւղատեղին, եկեղեցին եւ…
-
Իլհամ Ալիեւ Ներկայ Պիտի Չըլլայ Մայիս 9ի Տօնակատարութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իլհամ Ալիեւ Ներկայ Պիտի Չըլլայ Մայիս 9ի ՏօնակատարութեանԱտրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիևը պիտի չմեկնի Մոսկուա, մասնակցելու համաշխարհային երկրորդ պատերազմի յաղթանակի 80-ամեակին նուիրուած տօնակատարութեան, կը յայտնէ ռուսական Life.ru լրատուամիջոցը, վկայակոչելով Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովի յայտնած տեղեկութիւնը։ Ատրպէյճանէն ստացուած հաղորդագրութեան համար Ալիեւի բացակայութեան պատճառը չէ բացատրուած։






