Լուրեր
-
Աննալենա Պերպոք Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Աննալենա Պերպոք Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ՔարտուղարՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ընտրուեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Աննալենա Պերպոք։ Պերպոք ընտրուած է գաղտնի քուէարկութեամբ, անոր ընտրութեան քուէարկած է 167 պետութիւն։ Քուէարկութենէն ետք ան յայտնած է որ ՄԱԿ-ը կը դիմագրաւէ քաղաքական եւ նիւթական հսկայական դժուարութիւններ եւ յառաջիկան կարեւոր հանգրուան է միջազգային այս կազմակերպութեան համար։
-
Սիւնիքի Հայերը Ամէն Օր Կ՛ենթարկուին Ատրպէճանական Սադրանքներուն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սիւնիքի Հայերը Ամէն Օր Կ՛ենթարկուին Ատրպէճանական ՍադրանքներունՖրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար Անն-Լորանս Փեթէլ յայտարարեր է որ Սիւնիքի հայերը ամէն օր կ՛ենթարկուին ատրպէճանական սադրանքներուն։ Փետէլ գրառում կատարած է X-ի միքրոպլոկին մէջ ներկայացնելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են Խոզնավար գիւղին վրայ։
-
Փարիզ Սէն Ժերմէն Եւրոպայի Ախոյեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փարիզ Սէն Ժերմէն Եւրոպայի ԱխոյեանԵրէկ, Չէմփիընզ Լիկի աւարտականին, Ֆրանսայի ախոյեան ՓՍԺ 5-0 արդիւնքոց պարտութեան մատնելէ ետք Իտալիոյ Ինթէր Միլանը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին։
-
Իսլամապատի Մէջ Արգիլուեր Է Երեխաներու Ամուսնութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսլամապատի Մէջ Արգիլուեր Է Երեխաներու ԱմուսնութիւնըՓաքիստանի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է այն օրինագիծին, որ կ՛արգիլէ անչափահասներու ամուսնութիւնը մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ, կը տեղեկացնէ The Guardian։ Նոր օրէնքին համաձայն՝ ինչպէս աղջիկները, նոյնպէս ալ տղաները կրնան ամուսնանալ միայն 18 տարեկանէն ետք։ Օրէնքը խախտողները կրնան դատապարտուիլ եօթը տարուայ բանտարկութեան։ Օրինագիծի քննարկման ընթացքին խորհրդարանական Նասիմա Էհսան, որ կողմ է օրէնքին, խոստովաներ…
-
«Յուսոյ Առագաստ 2025» Փառատօնը Մեկնարկած Է
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Յուսոյ Առագաստ 2025» Փառատօնը Մեկնարկած Է«Սիվիլ Արթ» մշակութային հասարակական կազմակերպութիւնը Պարտըրի ակումբի աջակցութեամբ մեկնարկած է «Յուսոյ Առագաստ» հեղինակային երգի միջազգային 11-րդ փառատօնը: Նախընտրական փուլին պիտի ընդունուին դիմումները մինչեւ Յունիս15։ Նախնական ընտրութիւնը անցած դիմորդները պիտի մասնակցին ընտրական փուլի եզրափակիչ համերգին, որ այս տարի տեղի պիտի ունենայ Յունիս 20ին։ Փառատօնի սեւանեան փուլը, տեղի պիտի ունենայ Յուլիս 18-20…
-
Անտառային Մեծ Հրդեհներ Քանատայի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Անտառային Մեծ Հրդեհներ Քանատայի ՄէջՔանատայի արեւմտեան քանի մը նահանգներուն մէջ անտառային հրդեհներ մոլեգնած են։ Ուժգին քամիներու, եղանակային չոր պայմաններու եւ բարձր ջերմաստիճանի պատճառով կրակը շատ արագ սկսած է տարածուիլ դժուարացնելով հրշէջներու աշխատանքը։ Հազարաւոր բնակիչներու տարհանման հրահանգ տրուած է, կը հաղորդէ CBC News։ Կարգ մը նահանգներու մէջ արտակարգ դրութիւն յայտարարուած է։ Բանակային միաւորներ միացած են…
-
Լեհաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Թշնամի Անուանած է Ռուսիան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լեհաստանի Պաշտպանութեան Նախարարը Թշնամի Անուանած է ՌուսիանԼեհաստանի պաշտպանութեան նախարար Վլատիսլաւ Քոսինեաք-Քամիշ Միացեալ Նահանգներէն վերադարձէն ետք առաջին անգամ բացայայտօրէն Ռուսիան անուանած է թշնամի, կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»։ «Ռուսիան՝ մեր թշնամին, աւելի եւ աւելի յարձակողապաշտ սկսած է դառնալ», ըսեր է լեհ նախարարը Վարշաւայի օդանաւակայանին մէջ, լրագրողներուն հարցումներուն պատասխանելով։ Ռուսիոյ եւ Լեհաստանի յարաբերութիւնները վերջին տարիներուն զգալիօրէն վատթարացած են։
-
Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեր Է Սարդարապատի Յուշահամալիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ֆրանսայի Դեսպանը Այցելեր Է Սարդարապատի ՅուշահամալիրՀայաստանի մէջ Ֆրանսայի արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Օլիվիէ Տեկոթինյի այցելեր է Սարդարապատի յուշահամալիր։ Այս մասին Ֆրանսայի դեսպանը գրեր է X-ի իր միքրոպլոքին մէջ։ «Այսօր՝ Մայիս 28-ին, կը նշենք պատերազմէն, ցեղասպանութենէն եւ կայսրութիւններէն մազապուրծ եղած Հայաստանի առաջին Հանրապետութեան (1918-1921) հռչակումը։ Կեցցէ՛ Հանրապետութիւնը եւ կեցցէ՛ ազատ, ինքնիշխան եւ ժողովրդավարական Հայաստանը»,-գրած է դեսպանը…
-
Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Խորհրդաժողով Պեռնի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արցախի Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Խորհրդաժողով Պեռնի ՄէջՆ.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի առաջարկով Եկեղեցիների համաշխարհային խորհուրդը (ԵՀԽ) եւ Զուիցերիոյ Աւետարանական Եկեղեցին Մայիս 26-28 Պեռն քաղաքին մէջ կազմակերպած են «Կրօնական Ազատութիւն․ հայկական հոգեւոր, մշակութային եւ պատմական ժառանգութեան պահպանումը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ» խորագիրով միջազգային խորհրդաժողով։ Վեհափառ Հայրապետը յոյս յայտնած է որ միջազգային դերակատար երկիրները եւ իրաւասու կառոյցները գործօն…
-
2027ին Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ ֆրանքոֆոն Երկիրներու Մշակոյթի Նախարարներու Համագումարը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: 2027ին Հայաստան Պիտի Հիւրընկալէ ֆրանքոֆոն Երկիրներու Մշակոյթի Նախարարներու ՀամագումարըՔանատայի Քեպէք քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Ֆրանքոֆոն երկիրներու մշակոյթի նախարարներու համագումարին քննարկուած եւ որոշուած է հերթական՝ յաջորդ 6րդ համագումարը՝ 2027ին անցկացնել Հայաստանի մէջ։ Համագումարին մասնակցած է Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարի տեղակալ Դանիէլ Դանիէլեան: Յաջորդ համագումարը Հայաստանի մէջ անցկացնելու Հայաստանի առաջարկը ընդունուեր է միաձայնութեամբ, որ պէտք է…






