Լուրեր
-
Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան ՅուշահամալիրՎրաստանի ներքին գործերոց նախարար Կելա Կելաձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յունիս 23ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Ղազարեանի ընկերակցութեամբ։ Հիւրերուն դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու գծով փոխտնօրեն Լուսինէ Աբրահամեան, որ հիւրերուն ուղեկցած է դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ներկայացնելով անոր ստեղծման պատմությունը: Ան անդրադարձած է…
-
Գրքի Միջազգային Փառատօնը՝ Սիւնիքի Եւ Շիրակի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գրքի Միջազգային Փառատօնը՝ Սիւնիքի Եւ Շիրակի ՄէջՀայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գիրքի երեւանյան միջազգային փառատօնն ընդլայնուած է եւ 2025ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սիւնիքի եւ Շիրակի մէջ։ Փառատօնի պատշաճ իրականացման նպատակով յատկացուած է 19,1 միլիոն դրամ։Մարզերու մէջ գիրքի միջազգային փառատօնի անցկացումը կրնայ նպաստավոր պայմաններ ստեղծել ստեղծագործական կարողութիւններու դրսեւորման եւ մշակութային կեանքի աշխուժացման համար…
-
Միացեալ Նահանգները Ռմբակոծեց Իրանի Միջուկային Կեդրոնները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Միացեալ Նահանգները Ռմբակոծեց Իրանի Միջուկային ԿեդրոններըԱՄՆի բանակի օդուժը ռմբակոծած է Իրանի հիմնական միջուկային երեք կեդրոնները, յայտարարեր Է նախագահ Տոնալտ Թրամփ՝ նախազգուշացնելով Թեհրանին որ խաղաղութեան չհամաձայնելու պարագային, աւելի կործանարար հարուածներ պիտի տան Իրանին։ Իր ելոյթին, որ տեւած է երեք վայրկեան, Թրամփ յայտնեց որ Իրանի ապագան կամ խաղաղութիւն է կամ ողբերգութիւն եւ կան բազմաթիւ այլ թիրախներ, որոնք…
-
Բրիտանացի Երեսփոխաններ Կ՛աջակցին Արցախի Գծով Զուիցերիական Նախաձեռնութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բրիտանացի Երեսփոխաններ Կ՛աջակցին Արցախի Գծով Զուիցերիական ՆախաձեռնութեանՄեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանականներ Ճիմ Շեննընը եւ Լորտ Ալթըն յայտարարութիւն տարածած են, արտայայտելով իրենց զօրակցութիւնը Արցախի գծով Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան։ Աւելի քան 110 բրիտանացի երեսփոխաններու անունով կատարուած յայտարարութիւնը կ։ողջունէ Զուիցերիոյ նախաձեռնութիւնը, ստեղծելու միջազգային խաղաղութեան հարթակ, որ հնարաւորութիւն կու տայ շինիչ երկխօսութեան Ատրպէյճանի եւ Արցախի բռնագաղթուած հայ բնակչութեան միջեւ։ Յայտարարութեան մէջ Մեծն…
-
Ռուսիա Եւ Ուքրանիա Գերիներ Փոխանակած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Եւ Ուքրանիա Գերիներ Փոխանակած ԵնՌուսիա եւ Ուքրանիա գերիներու փոխանակում կատարած են, կը տեղեկացնէ «Ինտերֆաքս» գործակալութիւնը, հիմնուելով Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկութիւններուն։ Գերիներու փոխանակման մասին յայտարարեր է նաեւ Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին։ Ան նշեր է որ վերադարձածներուն մեծ մասը գերութեան մէջ էր աւելի քան երկու տարի է։ «ՌԲԿ-Ուքրանիա» պարբերականը կը նշէ որ ընդհանուր առմամբ, Ուքրանիա եւ…
-
Ֆինլանտայի Խորհրդարանը Համաձայնութիւն Տուաւ Հակահետեւակային Ականներու Արգիլման Համաձայնագիրէն Դուրս Գալու
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ֆինլանտայի Խորհրդարանը Համաձայնութիւն Տուաւ Հակահետեւակային Ականներու Արգիլման Համաձայնագիրէն Դուրս ԳալուՖինլանդիայի խորհրդարանը Յունիսի 19ին քուէարկած է ի նպաստ Օթթաուայի համաձայնագիրէն դուրս գալու, որով կ՛արգելուի հակահետեւակային ականներու օգտագործումը, կուտակումը, արտադրութիւնը եւ փոխանցումը։ Համաձայնագիրէն հրաժարելու ի նպաստ քուէարկած է 157 երեսփոխան, դէմ եղած է 18 խորհրդարանական։ Որոշումը ընդունվուեր է Ֆինլանտայի պաշտպանութեան նախարարութեան զեկոյցին հիման վրայ։ Ֆինլանտա Օթթաուայի համաձայնագիրին միացած էր 2012ին։ Յունիսի…
-
Վաղը Էրտողան-Փաշինեան Հանդիպում Պոլսոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վաղը Էրտողան-Փաշինեան Հանդիպում Պոլսոյ ՄէջՅունիս 20ին կը նախատեսուի Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի աշխատանքային այցը Թուրքիա։ Այդ մասին X-ի իր միքրոպլոկին վրայ գրած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հաղորդակցութեան բաժինի ղեկավար Ֆահրէթթին Ալթուն։ «Այցի ընթացքին Թուրքիոյ նախագահ Էրտողան Պոլսոյ մէջ պիտի ընդունի Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին»,– կ՛ըսուի գրառման մէջ։ Յունիս 18ին Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, անդրադառնալով Թուրքիա կատարելիք իր այցին, յայտարարած…
-
Իրան Կը հերքէ Բանակցային Պատուիրակութեան Օման Ժամանելու Լուրերը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրան Կը հերքէ Բանակցային Պատուիրակութեան Օման Ժամանելու ԼուրերըԻրանի արտաքին գործոց նախարար Ապպաս Արաքճի հերքած է այն լուրերը թէ իրանական կողմի բանակցային պատուիրակութիւնը ժամանած է Օման, ԱՄՆ-ի հետ բանակցութիւններ սկսելու նպատակով, կը հաղորդէ իրանական «Fars» գործակալությունը։ Արաքճի նշած է որ նման այդ տեղեկութիւնները չեն համապատասխանում իրականութեան։ Նախապէս Reuters յղում ընելով իրանական աղբիւրներու, գրած էր թէ Թեհրանը միջնորդութիւն խնդրած…
-
Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Իրանի Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիոյ Եւ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Քննարկած Են Իրանի Շուրջ Ստեղծուած ԻրավիճակըՌուսիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրէյ Պելոուսով եւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր հեռաձայնային զրոյց ունեցած են եւ քննարկած Իրան-Իսրայէլ պատերազմի ծալքերը, կը հաղորդէ ԹԱՍՍ գործակալութիւնը։ Այս մասին հաղորդագրութիւն հրապարակած է նաեւ Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
-
Հայկ Մարտիրոսյան Ճատրակի Աշխարհի Ակումբային Ախոյեանութեան Պրոնզէ Մետալակիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայկ Մարտիրոսյան Ճատրակի Աշխարհի Ակումբային Ախոյեանութեան Պրոնզէ ՄետալակիրՀայաստանի ճատրակի տղամարդկանց հաւաքականի անդամ Հայկ Մարտիրոսեան դարձած է արագ ճատրակի աշխարհի ակումբային ախոյեանութեան Պրոնզէ մետալակիր: Հայկ Մարտիրոսեան մրցաշարքին մասնակցած է «Freedom» ակումբի կազմով։ Առաջին դիրքը գրաւած է հնդկական «MGD1» խումբը, իսկ երկրորդը` «Hexamind» խումբը:






