Լուրեր
-
Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան Կալանաւորուած
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Միքայէլ Արքեպիսկոպոս Աջապահեան ԿալանաւորուածԵրևանի ընդհանուր իրաւասութեան քրէական դատարանը, դատաւոր Մասիս Մելքոնեանի գլխաւորութեամբ, ձերբակալութեան որոշում կայացուց Շիրակի թեմի առաջնորդ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանի նկատմամբ։ Աջապահեան կալանաւորուած է երկու ամիսով։ Կալանքի միջնորդութիւնը դռնփակ քննուեր է Յունիս 28 գիշերը։ Միքայէլ արքեպիսկոպոս Աջապահեանին մեղադրանք է առաջադրուած է ՀՀ Քրէական օրէնսգրքի 422-րդ յօդուածի 2-րդ մասով՝ իշխանութեան իւրացման եւ սահմանադրական…
-
Լիբանանի Հարաւը Դարձեալ Իսրայէլեան Օդուժի Թիրախ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լիբանանի Հարաւը Դարձեալ Իսրայէլեան Օդուժի ԹիրախԼիբանանի հարաւը գտնուող Նապաթիէ շրջանի բնակելի շէնքի վրայ Իսրայէլի օդուժի յարձակման հետեւանքով մահացած է կին մը, իսկ վիրաւորներուն թիւը հասեր է 13-ի։ Լիբանանի ազգային լրատուական գործակալութեան համաձայն, իսրայէլեան ուժերը ռմբակոծած են Լիբանանի հարաւը։ Ըստ տեղեկութիւններուն, Յունիս 27ի առաւօտեան Իսրայէլի կործանիչները Նապաթիէի մօտակայքում հրթիռներ արձակած են «Հըզպալլահ»ի ստորգետնեայ ապաստարաններուն եւ պահեստներուն…
-
Իրան Կոչ Կ՛ընէ Ատրպէյճանին Հետաքննութիւն Բանալ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրան Կոչ Կ՛ընէ Ատրպէյճանին Հետաքննութիւն ԲանալԻրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի հետ հեռաձայնային խօսակցութեան ընթացքին կոչ ըրած է մանրակրկիտ հետաքննութիւն բանալ այն լուրերուն շուրջ որ իսրայէլական անօդաչու սարքերը եւ օդանաւերը Իրանի օդային տարածքը ներխուժած են Ատրպէյճանէն, կը յայտնէ IRNA գործակալութիւնը։ Փեզեշքիան ընդգծած է որ Իրանը երբեք պատերազմ չէ սկսած եւ աւելցուցած որ Իսրայէլ…
-
Մարտին Պազարեան Ազգային Գրադարանին Յանձնեց Բացառիկ Մակագրութիւններով Գիրքեր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մարտին Պազարեան Ազգային Գրադարանին Յանձնեց Բացառիկ Մակագրութիւններով ԳիրքերՋութակահար Մարտին Պազարեան, որ երկար տարիներէ ի վեր կ՛ապրի եւ կը ստեղծագործէ Քանատա, պարբերաբար կ՛այցելէ Երեւան։Այս անգամ երաժիշտը հայրենիք վերադարձած է ուրիշ առաքելութեամբ։ Յունիս 25ին ան Հայաստանի ազգային գրադարանին յանձնած է շարք մը արժէքաւոր գիրքեր՝ բացառիկ մակագրութիւններով։ Մարտին Պազարեան յայտնած է որ բոլոր գիրքերը իր հօր՝ 1946 թուականին հայրենադարձութեան եւ…
-
Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւնները Յառաջիկայ Շաբաթ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւնները Յառաջիկայ ՇաբաթԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեց որ Իրանի հետ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին յաջորդ շաբաթ, ընդգծելով որ միջուկային հարցի վերաբերեալ համաձայնագիրի կնքումը այդ հանդիպման միակ ակնկալելի արդիւնքը չէ։ Թրամփ, որ ելոյթ կ՛ունենար ՆԱԹՕի վեհաժողովին, յայտնեց թէ .«Ինծի համար միեւնոյն է թէ համաձայնագիր կը ստորագրուի կամ ոչ։ Մենք ոչնչացուցած ենք անոնց միջուկային ծրագիրը»։
-
Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան Ձերբակալուած
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան Ձերբակալուած«Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան ձերբակալուեր է, յայտնած է անոր փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեան։ Ան յայտնած է որ դատարանի որոշումով իրաւապահները խուզարկութիւն կատարած են Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կեցավայրը, որմէ ետք անոր ձերբակալած են եւ տարած քննչական կոմիտէ։ Նախօրէին քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած էր յայտնելով, որ «Սրբազան պայքար» շարժումին առաջնորդները…
-
Հոլանտա Պիտի Շարունակէ Զինել Ուքրանիան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հոլանտա Պիտի Շարունակէ Զինել ՈւքրանիանՀոլանտա պիտի շարունակէ ռազմական օգնութիւն մատակարարել Ուքրանիոյ, յայտարարեր է արտաքին գործոց նախարար Գասփար Ուէլքամփ։ Յունիս 24ին Հոլանտայի պաշտպանութեան նախարար Ռոպէն Պրեքըլմանս յայտնած է որ Հոլանտա 175 միլիոն եուրոյի ռազմական օգնութիւն պիտի յատկացնէ Ուքրանիոյ։
-
Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Աւելցաւ Լեմքինի Նուիրուած Յուշաքար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Աւելցաւ Լեմքինի Նուիրուած Յուշաքար«Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հեղինակ, միջազգային իրաըունքի ականաւոր գործիչ Ռաֆայէլ Լեմքինի ծննդեան օրը Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին ամփոփուեցաւ անուանի գիտնականի եւ իրաւապաշտպանի Նիւ Եորքի գերեզմանոցէն բերուած հողով սափորը եւ տեղադրուեցաւ նրա անունով յուշաքար։Յունիս 24ին կը նշուի Ռաֆայել Լեմքինի ծննդեան 125ամեակը։ Ռաֆայէլ Լեմքինի ջանքերով 1948ի Դեկտեմբեր ին ընդունուած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ…
-
Օրուան Բառը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Օրուան ԲառըՀրապոյր (գոյական) Հմայք, թովչութիւն, դիւթանք։ Օրինակ՝Փառքի հրապոյրից շլացած՝ դաւաճանեց իր հայրենիքին։
-
Սպերցեան Պիտի Միանա՞յ Մ. Եունայթըտին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սպերցեան Պիտի Միանա՞յ Մ. ԵունայթըտինՀայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սպերցեան, որ մաս կը կազմէ Կրասնոտար ակումբին, շատ հաւանաբար միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին, կը յայտնէ Goal լրատուականը։ Սպերցյանով հետաքրքրուած են նաեւ Փարիզ Սէն Ժերմէնը եւ Այաքս Ամսթըրտամը։ Ըստ շրջանառուող լուրերուն, անգլիական ակումբը դժուար թէ կարենայ մրցակցիլ վերոնշեալ ակումբներուն հետ, ձեռք ձգելու հայազգի ֆութպոլիստը։






