Լուրեր
-
Ռուսիա Հարուածած Է ԱՄՆէն Եւ Ատրպէյճանէն Կազ Ստացող Ուքրանական Կայանին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Հարուածած Է ԱՄՆէն Եւ Ատրպէյճանէն Կազ Ստացող Ուքրանական ԿայանինՌուսական տասնեակ անօդաչու թռչող սարքեր գրոհած է Ռումանիոյ սահմանին մօտ գտնուող ուքրանական գազափոխադրման ենթակառուցուածքի կայանը, ուրկէ Ուքրանիա կը մտնէ ԱՄՆէն եւ Ատրպէյճանից եկող կազը, կը հաղորդէ «ՌԲԿ-Ուքրանիա» պարբերականը։ Օտեսայի իշխանութիւններ իրենց հերթին յայտնած են որ գիշերը ռուսական կողմը թիրախաւորած է Իզմայիլի շրջանի կազային ենթակառուցուածքը։ Բռնկուեր է հրդեհ, որուն հետեւանքով ոչնչացուեր…
-
Ուիթքոֆ Ժամանած Է Ռուսիա
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ուիթքոֆ Ժամանած Է ՌուսիաԱՄՆի նախագահ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ ժամանած է Մոսկուա, կը հաղորդէ «Ինտերֆաքս» գործակալութիւնը։ Սթիւ Ուիթքոֆին դիմաւորած է Ռուսիոյ ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար եւ արտասահմանեան երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Գիրիլ Տմիթրիեւ։ Ուիթքոֆ վերջին անգամ Մոսկուա այցելած էր Ապրիլ 25ին։ Տարեսկիզբէն ի վեր այս մէկը Ուիթքոֆի հինգերորդ…
-
Սաստիկ Տաքի Պատճառով Իրանի Մէջ Փակուած են Կառավարական Հաստատութիւնները եւ Դրամատուները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սաստիկ Տաքի Պատճառով Իրանի Մէջ Փակուած են Կառավարական Հաստատութիւնները եւ ԴրամատուներըԻրանի մէջ սաստիկ տաքի եւ նուազող ջրային պաշարներու հետեւանքով, իշխանութիւնները փակեր են Թեհրանի եւ քանի մը նահանգներու մէջ գործող կառավարական հաստատութիւնները եւ դրամատուները։ Կը գործեն միայն բժշկական հաստատութիւնները, մասնաւոր ընկերութիւնները եւ կարգ մը դրամատուներու մասնաճիւղեր։Օդերեւութաբանական ծառայութեան կանխատեսումով, այս շաբթուայ ընթացքին երկրի կարգ մը շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ 50 սելսիուսի։
-
Էրտողան Պիտի Այցելէ Ուքրանիա
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Էրտողան Պիտի Այցելէ ՈւքրանիաԹուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն այցելէ Ուքրանիա, կը հաղորդէ Türkiye թերթը։ Հրատարակութեան համաձայն, դիւանագիտական շրջանակներու մէջ կը քննարկուի Էրտողանի Քիեւ հնարաւոր այցելութիւնը։ Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը պնդեն որ այցելութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկա օրերուն։ Թերթը կ՛աւելցնէ նաեւ որ այցելութեան օրակարգին են երկու երկիրներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի վաւերացումը…
-
Երեւանի Մէջ Աւարտեցաւ Վոլիպոլի Եւրոպայի Մ16 Տարեկաններու Ախոյեանութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Երեւանի Մէջ Աւարտեցաւ Վոլիպոլի Եւրոպայի Մ16 Տարեկաններու ԱխոյեանութիւնըՅուլիս 23էն Օգոստոս 3 Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ վոլիպոլի Եւրոպայի Մ16 տարեկան տղաներու ախոյեանութիւնը, որուն մասնակցեցան 16 երկիրներ Ախոյեան հանդիսացաւ Իտալիոյ ազգային խումբը, աւարտականին պարտութեան մատնելով Սպանիան։ Երրորդ պատուաւոր դիրքը գրաւեց Ֆրանսան։ Հայաստանի ազգային խումբը որ 6 ամիս առաջ էր կազմուած էր, Եւրոպայի երեւանեան ախոյեանութեան ընթացքին կատարեց 7 մրցում։
-
Գիւմրիի Մէջ Կը Մեկնարկէ «Gyumri Art Week 2025»-ը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գիւմրիի Մէջ Կը Մեկնարկէ «Gyumri Art Week 2025»-ըԳիւմրիի մէջ Օգոստոս 8էն 17ը տեղի պիտի ունենայ ժամանակակից արուեստի միջազգային փառատօնը՝ «Gyumri Art Week»-ը, որ այս տարի նուիրուած է բնապահպանութեան եւ շրջակայ միջավայրի ապահովութեան։ «Gyumri Art Week»-ը միտուած է դառնալու ժամանակակից արուեստի եւ գիտական տարբեր ոլորտներու միջեւ համագործակցութեան կապ ստեղծելու, միաժամանակ խթանելով արուեստագիտական հետազօտութիւնները եւ հասարակական գործընթացներու շուրջ բանավէճը։…
-
Սլովենիա Արգիլած Է Իսրայէլի Հետ Զէնքի Առեւտուրը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սլովենիա Արգիլած Է Իսրայէլի Հետ Զէնքի ԱռեւտուրըՍլովենիան հանդիսացաւ Եւրոպակամ միութեան առաջին պետութիւնը որ ամբողջութեամբ արգիլած է զէնքի ներածումը, արտածումը եւ տարանցումը դէպի Իսրայէլ եւ այդ երկիրէն, կը գրէ Deutsche Welle։ Սլովենիոյ իշխանութիւնները այս որոշումը բացատրեր են որ իսրայէլեան իշխանութիւններու պաշարման պատճառով Կազայի բնակիչները կանոնաւոր կերպով չեն ստանար մարդասիրական օգնութիւն։ Յիշեցնենք որ Սլովենիոյ խորհրդարանը Յունիս 2024ին Պաղեստինը…
-
Microsoft-ը Չորս Թրիլիոն Տոլար Դրամագլուխով Երկրորդ Ընկերութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Microsoft-ը Չորս Թրիլիոն Տոլար Դրամագլուխով Երկրորդ ԸնկերութիւնըMicrosoft-ը դարձած է երկրորդ ընկերութիւնը, որուն դրամագլուխը Յուլիս 31-ին հասեր է 4 թրիլիոն տոլարի, շուկայական գնահատման համաձայն, երբ նախորդ երեկոյեան հրապարակուած եկամուտի հաշուետուութիւնը յանգեցուց անոր բաժնետոմսերու վերելքին։ CNN կը յայտնէ որ Microsoft-ի բաժնետոմսերը (MSFT) Յուլիս 31ին սակարանի բացումէն ետք բարձրացեր են 4,5%-ով, մինչեւ 4,01 թրիլիոն տոլար: Այս տարուայ սկզբէն ընկերութեան…
-
Ատրպէյճան Քանդած Է Այվազովսքիի Արձանը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ատրպէյճան Քանդած Է Այվազովսքիի ԱրձանըԱտրպէյճանի իշխանութիւնները քանդած են ծովանկարիչ Յովհաննէս Այվազովսքի յուշարձանը Ստեփանակերտի մէջ:Յովհաննէս Այվազովսքի ծնած է 29 Յուլիս 1817ին։ Յուշարձանը քանդած են անոր ծննդեան օրը։ Յուշարձանը տեղադրուած էր 2021ի Դեկտեմբերին։ Ան դարձած էր «ռուսական Փառքի ծառուղի» նախագիծի մէկ մասը եւ իրականացուած էր Արցախի իշխանութիւններու, տեղի ռուսական համայնքի եւ ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ համատեղ։
-
Քանատա Սեպտեմբերին Պիտի Ճանչնայ Պաղեստինը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քանատա Սեպտեմբերին Պիտի Ճանչնայ ՊաղեստինըՔանատայի վարչապետ Մարք Քարնի յայտարարած է որ Սեպտեմբերին ՄԱԿ-ի գլխաւոր նստաշրջանին պիտի ճանչնայ Պաղեստինի պետութիւնը, կը յայտնէ Associated Press։ Պաղեստինի ճանաչումը մեկնելով Պաղեստինի ազգային ինքնավարութեան իշխանութեան կողմէ անհրաժեշտ բարեփոխումներու իրականացման յանձնառութեամբ։ Ըստ կատարուելիք փոփոխութիւններուն, 2026ին տեղի ունենալիք ընտրութիւններուն ՀԱՄԱՍ պիտի չկարենայ մասնակցիլ։ Քարնի նաեւ կոչ ըրած է ՀԱՄԱՍ-ին ազատ արձակել…






