Լուրեր
-
Թրամփ-Փութիւն Հանդիպումը Ալասքայի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփ-Փութիւն Հանդիպումը Ալասքայի ՄէջԱլասքայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՄՆի նախագահ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի սպասուած հանդիպումը։ Հանդիպումի աւարտին Թրամփ յայտարարած է թէ կողմերը ամբողջական հասկացողութեան չեն հասած, սակայն որոշ կէտերու շուրջ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են։Իր հերթին նախագահ Փութին յայտարարած Է որ Ռուսիա շահագրգռուած է, որ Ուքրանիոյ խնդիրին լուծումը ըլլայ երկարաժամկէտ։ Ռուսիա համաձայն է,…
-
ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր ԳործունէութիւնըԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ իր լիազօրութիւններու փոփոխութիւնները պիտի քննարկեն Երեւանը եւ Պրիւքսէլը, յայտներ է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով պաշտօնական ներկայացուցիչ Անիթա Հիփըր: «Առաքելութեան լիազօրութիւններուն մէջ կը մտնէ դիտարկել եւ զեկուցել հայ-ատրպէճանական սահմանի հայկական կողմը տիրող իրավիճակի: Եւրոպական Միութիւնը ողջուներ է Հայաստանի…
-
Քեսապի Մէջ Կրկին Հրդեհներ Բռնկած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քեսապի Մէջ Կրկին Հրդեհներ Բռնկած Են«Գանձասար»-ի Քեսապի թղթակիցը յայտնած է որ Քեսապի մէջ կրկին հրդեհներ բռնկած են՝ այս անգամ Պաղճաղասէն Մեղրաձոր, Փենելըք, Էքիզօլուքի լեռները։ Կրակը Էքիզօլուքէն Տիւզաղաճի ուղղութեամբ սկսած է տարածուիլ։ Գիւղացիները առաջքը առած են, որպէսզի կրակը գիւղին չմօտենայ, գիւղին դիմացի լեռները կը հրկիզուին։ Տիւզախաճի տղաքը նախազգուշական աշխատանք կը տանին, որպէսզի հրդեհը բնակարաններուն չհասնի։ Առայժմ…
-
Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած ԵնԹուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց նախարարներուն եւ հետախուզութեան տնօրէնին հետ, որոնք պաշտօնական այցով Անգարա կը գտնուին, կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային պաշտպանության եւ անվտանգութեան հարցեր։Պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են երկկողմ գործակցութեան յուշագիր, համատեղ զօրավարժութիւններու եւ խորհրդատուութիւններու գծով։
-
Հայաստան-Իրան Գործարար Համաժողով Երեւանի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան-Իրան Գործարար Համաժողով Երեւանի ՄէջԻրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի Հայաստան այցի ընթացքին Երեւանի մէջ Օգոստոս 19ին տեղի պիտի ունենայ գործարար համաժողով։ Իրանական կողմէն գործարար համաժողովին պիտի մասնակցին արդիւնաբերութեան, ճանապարհաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներ։ Իրանի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը նախատեսուած է Օգոստոս 18-21։
-
Թրամփ Դրական Ակնկալիքներ Ունի Փութինի Հետ Հանդիպումէն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփ Դրական Ակնկալիքներ Ունի Փութինի Հետ ՀանդիպումէնԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեր է որ շինիչ բանակցութիւններ կ՛ակնկալէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կայանալիք հանդիպումէն, որ նախատեսուած է Օգոստոս 15ին Ալասքայի մէջ, կը հաղորդէ Ինտերֆաքս գործակալութիւնը։ Թրամփ նշած է որ հանդիպման ընթացքին իր պահանջը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցումը։
-
Սեպտեմբերին Կը Մեկնարկէ «Գեղարուեստական Տպագրութեան Հինգերորդ Միջազգային Բիենալէ Երեւան 2025»-ը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սեպտեմբերին Կը Մեկնարկէ «Գեղարուեստական Տպագրութեան Հինգերորդ Միջազգային Բիենալէ Երեւան 2025»-ըՍեպտեմբեր 5-ին կը մեկնարկէ Գեղարուեստական Տպագրութեան Յոբելեանական Հինգերորդ միջազգային Բիենալէ, Երեւան 2025-ը։ Հիմնական ցուցադրութեան հետ զուգահեռ Բիենալէ 2025-ը պիտի հիւրընկալէ Գեղարուեստական Տպագրության Երկրորդ միջազգային Համաժողովը, «Տպագրութենէն մինչեւ Պիքսէլ․ Արուեստ, արհեստական բանականութիւն եւ արդիւնաբերութիւն» խորագրով։ Երկօրեայ համաժողովը կը համախմբէ արուեստագէտներ, հետազօտողներ, իրաւաբաններ եւ մշակութային գործիչներ Հայաստանէն եւ արտերկիրէն, ուսումնասիրելու թէ ինչպէս…
-
TRIPP-ը Պիտի Միացնէ Ատրպէյճանը Եւ Նախիջեւանը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: TRIPP-ը Պիտի Միացնէ Ատրպէյճանը Եւ ՆախիջեւանըՀայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր մը՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ»ին համար (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ պիտի ճանչցուի TRIPP յապաւումով: Թրամփ, Ալիեւ եւ Փաշինեան այս հռչակագիրը ստորագրեցին 8 Օգոստոսին, Սպիտակ տան մէջ…
-
Այսօր Փաշինեան-Թրամփ-Ալիեւ Հանդիպում Ուաշինկթընի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Այսօր Փաշինեան-Թրամփ-Ալիեւ Հանդիպում Ուաշինկթընի ՄէջԱՄՆի նախագահ Թրամփը յայտարարեր է որ ամերիկեան կողմը բաւական երկար համագործակցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, որու շնորհիւ կարելի եղած է հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «պատմական» խաղաղութեան կնքման, որ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 8ին Սպիտակ տան մէջ։ Նախագահ Թրամփի խօսքով, Միացեալ Նահանգներ նաեւ երկկողմ համաձայնագիրներ պիտի ստորագրէ Հայաստանի եւ…
-
Հայաստանի Բնակչութիւնը Անցեր է Երեք Միլիոնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Բնակչութիւնը Անցեր է Երեք ՄիլիոնըՅուլիս 1ի տուեալներով Հայաստանի բնակչութիւնը կը կազմէ 3 084 000 հոգի, որոնցմէ 1 974 000 կը բնակի քաղաքներուն մէջ իսկ 1 109 000ը՝ գիւղերուն։ Անցեալ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի հետ համեմատած բնակչութեան թիւը աւելցած է 27 հազարով։ Քաղաքային բնակչութեան թիւը աւելցած է աւելի քան հազարով, իսկ գիւղական շրջաններու բնակչութեան թիւը՝ 25 հազարով։ Տուեալները հրապարակեր է վիճակագրական կոմիտէն։






