Լուրեր
-
Իրան Կը Քննադատէ Ատրպէյճանը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրան Կը Քննադատէ ԱտրպէյճանըԻրանի հոգեւոր առաջնորդի միջազգային հարցերով խորհրդական Ալի Աքպար Վիլայեթի խստօրէն դատապարտած է Ատրպէյճանի մէջ տեղի ունենալիք իսրայէլցի ռաբբիներու համագումարը։Ան համագումարի կայացումը որակած է հակաիսլամական քայլ։ «Սա առաջին դէպքն է, երբ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը նման խախտում կը կատարէ որ կը խաթարէ իսլամը եւ շիիզմի համաշխարհային հեղինակութիւնը», – գրած է Վիլայեթի։
-
ՄԱԿ-ը Որդեգրեց Երկու Պետութիւն Սկզբունքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ՄԱԿ-ը Որդեգրեց Երկու Պետութիւն ՍկզբունքըՄԱԿի 142 երկիրներ թեր քուէարկած են Նիւ Եորքի հռչակագիրին, որ Իսրայէլ-Պաղեստին հակամարտութեան վերջ տալու եւ խաղաղութիւն հաստատելու համար որդեգրեց երկու պետութիւն սկզբունքը։Հռչակագիրի նախաձեռնութիւնը կը պատկանի Ֆրանսայի եւ Սէուտական Արաբիոյ։ Ըստ քուէարկութեան արդիւնքներուն, հռչակագիրին կողմ է քուէարկած է նաեւ Հայաստան։ Կողմ քուէարկած են 142 պետութիւն, դէմ՝ 10, ձեռնպահ՝ 12։
-
Ազգային Տիկնիկային Թատրոնը Մասնակցած է Animaneco Joinville Միջազգային Փառատօնին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ազգային Տիկնիկային Թատրոնը Մասնակցած է Animaneco Joinville Միջազգային ՓառատօնինՅովհաննէս Թումանեանի անուան ազգային տիկնիկային թատրոնը մասնակցեր է Պրազիլի Ժոնվիլ քաղաքին մէջ տեղի ունեցած Animaneco Joinville 7-րդ միջազգային տիկնիկային թատերական փառատօնին։ Թատրոնը ներկայացուցած էհ «Մատնաչափիկը» փորթուգալերէնով։ Այցելութեան ընթացքին Պրազիլի եւ Արժանթինի հայ համայնքներու առաջարկով կազմակերպուած են ներկայացումներ Սէն Փաոլոյի եւ Պուէնոս Այրէսի հայկական դպրոցի երեխաներուն համար։
-
Կազայի Մէջ Սովէն Մահացածներուն Թիւը Անցած է 400-ը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կազայի Մէջ Սովէն Մահացածներուն Թիւը Անցած է 400-ըԿազայի առողջապահութեան նախարարութիւնը յայտնած է որ վերջին 24 ժամուայ ընթացքին իսրայէլեան ռմբակոծումներու հետեւանքով սպաննուած է 72 հոգի եւ վիրաւորուած՝ 356, կը յայտնէ պաղեստինեան WAFA գործակալութիւնը։ Առողջապահութեան նախարարութեան տուեալներով, 7 Հոկտեմբեր 2023էն ի վեր սպաննուած է 64718 հոգի, իսկ վիրաւորուած՝ 163859 հոգի։ Բացի այդ, սովը կը շարունակէ աւերներ գործել Կազայի մէջ։…
-
Լատվիա Կը Փակէ Օդային Իր Տարածքը Ռուսիոյ Եւ Պելառուսիոյ Համար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լատվիա Կը Փակէ Օդային Իր Տարածքը Ռուսիոյ Եւ Պելառուսիոյ ՀամարԼատվիոյ կառավարութիւնը որոշած է ամբողջութեամբ փակել օդային իր տարածքը երկրի արեւելքը Ռուսիոյ եւՊելառուսիոյ հետ 50 քմ օդային սահմանին վրայ, յայտներ է Լատվիոյ պաշտպանութեան նախարար Անտրիս Սփրուտս, տեղեկացնելով որ որոշումը ի զօրու կը դառնայ Սեպտեմբեր 11ին ժամը 18։00էն մինչեւ Սեպտեմբեր 18-ը։ Սեպտեմբեր 11ին հրաւիրուած մամլոյո ասուլիսի ընթացքին, Սփրուտս նշած է որ…
-
Ֆինլանտա Կը Ծրագրէ 6 Միլիառի Զինամթերք Գնել
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ֆինլանտա Կը Ծրագրէ 6 Միլիառի Զինամթերք ԳնելՖինլանտա կը նախատեսէ 2026-36 թուականներուն 6 միլիառ եուրօ ծախսել պաշտպանական զինատեսակներ ձեռքբերելու համար, յայտարարեր է երկրի պաշտպանութեան նախարարութեան վարչութեան տնօրէն Եաննէ Քուուսելա։ Ան նշած է որ յառաջիկայ տասնամեակի աւարտին Ֆինլանտայի պաշտպանական ծախսերը կը մօտենան ՆԱԹՕ-ի ցուցանիշին՝ ՀՆԱ-ի 3 առ հարիւրին։ Քուուսելան աւելցուցած է որ պաշտպանական զինատեսակներու գնումները կրնան դրական ազդեցություն…
-
Փարիզի Մէջ Ցուցարարները Փակած Են Փողոցներ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փարիզի Մէջ Ցուցարարները Փակած Են ՓողոցներՓարիզի մէջ ցուցարարները փողոցներ փակած են եւ խարոյկներ վառած՝ ի նշան դժգոհութեան կառավարութեան կողմէ առաջարկուող խիստ խնայողութեան։ Քաղաքի արեւելքը ցուցարարները աղբ թափած են ճամբուն վրայ եւ այրած են զայն, որ պատճառ դարձած է խճողումի։ Ըստ ֆրանսական լրատուամիջոցներու, ցուցարարներու անկարգութեան պատճառով Թուլուզի մօտ գտնուող երկաթուղագիծի գնացքներու երթեւեկութիւնը դադրած է։ Կառավարութեան խնայողութեան…
-
Հայաստան Յաղթեց Իրլանտայի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Յաղթեց Իրլանտայի2026ի Մոնտիալի զտումի մրցումներու ծիրէն ներս, երէկ Երեւանի Վազգէն Սարգսեանի անուան մարզադաշտին վրայ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը 2-1 յաղթեղ Իրլանտայի։ Հայրենի կազմին կոլեր նշանակեցին Սպերցեան (45րդ վայրկեանին՝ փենալթիւով) եւ Ռամոս (55րդ)։ Ւրլանտայի կոլը նշանակեց Ֆերկիւսըն 57րդ վայրկեանին։Երկու մրցումներէ ետք Հայաստան այժմ ունի 3 կէտ եւ կը գրաւէ խմբակին 2րդ դիրքը։Հայաստան…
-
Նեփալի Մէջ Հակակառավարական Ցոյցեր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Նեփալի Մէջ Հակակառավարական ՑոյցերՆեփալի մէջ ծայր տուած են հակակառավարակ ցոյցեր, որոնց ընթացքին արձանագրուած են բախումներ։ Ցարդ արձանագրուած է 22 զոհ, իսկ հարիւրաւորներ վիրաւորուած են, կը հաղորդէ India Today պարբերականը: Հնդկական օդանաւային ընկերութիւններ դադրեցուցած են դէպի Նեփալ ուղեւորութիւնները։ Ցոյցերը հետեւանք էին կառավարութեան որոշումին, որուն համաձայն ընկերային 26 ընկերային արգիլած էր։ Ցոյցերու սկսելէն ետք կառավարութիւնը…
-
Անթոնիօ Քոշթա Կոչ Կ՛ուղղէ Խստացնել Ռուսիայէն Կազ Գնող Երկիրներու Դէմ Պատժամիջոցները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Անթոնիօ Քոշթա Կոչ Կ՛ուղղէ Խստացնել Ռուսիայէն Կազ Գնող Երկիրներու Դէմ ՊատժամիջոցներըԵւրոպական խորհուրդի նախագահ Անթոնիօ Քոշթա Ֆինլանդայի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին կոչ ըրած է խստացնել պատժամիջոցները Ռուսիայէն գազ գնող երկիրներու դէմ: Աւելի վաղ ԵՄ-ի դիւանագիտութեան ղեկավար Քայա Քալլաս յայտարարած էր որ Եւրոմիութեան երկիրները Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 19-րդ փաթեթի նախապատրաստման ծիրէն ներս կը քննարկեն նաեւ երկրորդային պատժամիջոցները։






