Լուրեր
-
Լեհաստան եւ Շուէտ համատեղ Զօրավարժութիւններ Կը Կատարեն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լեհաստան եւ Շուէտ համատեղ Զօրավարժութիւններ Կը ԿատարենՊալթիկ ծովուն մէջ մեկնարկած են Լեհաստանի եւ Շուէտ Gotland Sentry երկկողմ զօրավարժութիւնները, կը հաղորդէ Լեհաստանի պաշտպանութեան նախարարութիւնը։
-
Մալխաս Ամոյեան Աշխարհի Ախոյեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մալխաս Ամոյեան Աշխարհի ԱխոյեանՅունահռոմէական ոճի ըմբիշ Մալխաս Ամոյեան (77 քկ.) Խրուաթիոյ մայրաքաղաք Զաղրէպի մէջ ընթացող ըմբշամարտի աշխարհի ախոյեանութեան աւարտականին, 10։1 արդիւնքով պարտությեան մատնեց ողիմպիական ախոյեան ճափոնցի Նաօ Քուսաքային եւ դարձաւ ոսկէ մետալակիր։
-
Կէս Միլիոն Պաղեստինցի Լքած Է Կազա Քաղաքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կէս Միլիոն Պաղեստինցի Լքած Է Կազա ՔաղաքըԳրեթէ 500 000 պաղեստինցի լքած է Կազա քաղաքը, երբ Իսրայէլի բանակը յայտարարեր է ՀԱՄԱՍ-ի դէմ լայնածաւալ գործողութեան նախապատրաստութեան մասին, կը հաղորդէ The Times of Israel, վկայակոչելով իսրայէլցի զինուորականներու գնահատումը։ Իսրայէլեան բանակի տուեալներով այդ բնակիչները տեղափոխուած Կազայի այլ շրջաններ։ Կը նշուի որ մինչ այդ Կազա քաղաքին մէջ կ՛ապրէր 1 միլիոն պաղեստինցի։…
-
Օրուան Բառը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Օրուան ԲառըԴժխեմ (ածական) Դաժան, անզգամ, չար, անգութ, անողոք, վատ։ Օրինակ՝ Դժխեմ բախտի մատյանի մեջ Սպառումի հազա՜ր սյունակ… (Պարոյր Սեւակ)
-
Հոլանտա 14 Միլիոն Եուրօ Պիտի Յատկացնէ Արցախէն Տեղահանուածներուն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հոլանտա 14 Միլիոն Եուրօ Պիտի Յատկացնէ Արցախէն ՏեղահանուածներունՀոլանտա 14 միլիոն եուրօ պիտի տրամադրէ Հայաստանին Արցախէն տեղահանուածներուն մատչելի բնակարաններով ապահովելու համար: Այս մասին X ցանցին վրայ գրառում կատարած է Հոլանտայի արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Վան Վիլ:
-
Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Տեսակցութիւնը Հռոմի Պապին Հետ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Տեսակցութիւնը Հռոմի Պապին ՀետՎատիկան գտնուող Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ Քաստէլ Կանտոլֆոյի պալատին մէջ հանդիպում ունեցած է Հռոմի Քահանայապետ Լէոն 14-րդ Պապի հետ։ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շնորհաւորած է Սուրբ Պետրոսի Աթոռի գահակալին ընտրութիւնը, ինչպէս նաեւ անոր ծննդեան 70-ամեայ յոբելեանը։ Հովուապետերը անդրադարձան աշխարհի մտահոգիչ զարգացումներուն, Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։ Հռոմի Սրբազան Քահանայապետի ուշադրութեանը յանձնուած է…
-
Սպանիա Պիտի Պոյքոթէ «Եւրատեսիլ 2026»ը Եթէ Իսրայէլ Մասնակցի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սպանիա Պիտի Պոյքոթէ «Եւրատեսիլ 2026»ը Եթէ Իսրայէլ ՄասնակցիՍպանիա յայտնած է թէ կրնայ պոյքոթել 2026ի «Եւրատեսիլ» երգի մրցոյթը, եթէ այդ մրցոյթին մասնակցի Իսրայէլը, կը հաղորդէ Sky News։ Նման յայտարարութիւն կատարած են նաեւ Հոլանտա, Իրլանտա, Սլովենիա եւ Իսլանտա։ Sky News կը նշէ որ Սպանիոյ եւ միւս երկիրներու կոչերը մեծ ճնշում է Եւրոպական հեռարձակող միութեան (EBU) վրայ, որ կը կազմակերպէ…
-
Հայաստանի Պետական Քամերային Նուագախումբը Ֆրանսայի Եւ ԱՄՆ-ի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Պետական Քամերային Նուագախումբը Ֆրանսայի Եւ ԱՄՆ-ի ՄէջՀայաստանի պետական քամերային նուագախումբը «Երաժշտական հրավառութիւն» համերգային ծրագիրով պիտի մեկնի աշնանային հիւրախաղերու Ֆրանսա եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ, որոնց ընթացքին պիտի ներկայացնէ բացառաբար հայ երաժիշտներու ստեղծագործութիւններ։ Համերգաշարը պիտի մեկնարկէ Սեպտեմբեր 16ին, երեւանեան համերգով, հանդիսատեսին պիտի ներկայացուի Ղազարոս Սարեանի, Ալեքսանտր Յարութիւնեանի, Արամ Խաչատրեանի, Շարլ Ազնաւուրի, Վաղարշակ Կոտոյեանի, Կոնստանդին Պետրոսեանի եւ Էտկար Յովհաննիսեանի…
-
Լեհաստանի Մէջ Պիտի Տեղակայուին ՆԱԹՕ-ի Յաւելեալ Ուժեր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լեհաստանի Մէջ Պիտի Տեղակայուին ՆԱԹՕ-ի Յաւելեալ ՈւժերԼեհաստանի նախագահ Քարոլ Նաւրոցքին համաձայն գտնուած է երկրի տարածքին ՆԱՏՕ-ի ուժերու ներկայութեան, որուն նպատակն է Լեհաստանի ամրապնդումը «Արեւելեան պահապան» գործողութեան ծիրէն ներս, կը հաղորդէ Notes From Poland պարբերականը։ Սեպտեմբեր 12-ին գործողութեան մասին յայտարարած էին ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռիւտէն եւ Եւրոպայի դաշնակիցներու գերագոյն հրամանատար Ալեքսուս Կրինքեւիչը համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։…
-
Կազայի Մէջ 68 Զոհ Եւ Աւելի Քան 340 Վիրաւոր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կազայի Մէջ 68 Զոհ Եւ Աւելի Քան 340 ՎիրաւորԻսրայէլեան ռմբակոծումներու հետեւանքով, վերջին 24 ժամուան ընթացքին Կազայի հիւանդանոցներ տեղափոխուած 68 դիակներ եւ 346 վիրաւորներ, կը յայտնէ Կազայի առողջապահութեան գերատեսչութիւնը, նշելով որ փլատակներուն տակ եւ ճամբաներուն վրայ տակաւին կան բազմաթիվ զոհեր, ուր շտապօգնութեան եւ քաղաքացիական պաշտպանութեան խումբերը չեն կրցած հասնիլ։ Ըստ հաղորդագրութեան, Իսրայէլի բանակի գործողութիւններուն հետեւանքով զոհերու ընդհանուր թիւը 2023…






