Սփիւռք
-
Որքա՞ն Կարող Ենք Թիւրքերու Հետ Բարեկամանալ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Որքա՞ն Կարող Ենք Թիւրքերու Հետ ԲարեկամանալԽօսքը կը վերաբերի Հայաստան – Թուրքիա բանակցութիւներուն, որոնք երկար ժամանակէ ի վեր տեղի կ’ունենան այս երկու անհաւասարակշիռ երկիրներու միջեւ, մեր հայրենիքին եւ մեր թշնամիին միջեւ, յարաբերութիւնները բնականոն վիճակի վերածելու համար: Թուրքիա մեծ երկիր մըն է, հսկայ բանակի տէր, որուն քիթը մտած է Սուրիոյ մէջ նմանապէս Իրաքի, Լիպիոյ եւ այլուր. ան…
-
Նոր-Ազատական Գաղափարախօսութիւնը Հայոց Ազգային Ինքնութեան Վտանգ Կը Ներկայացնէ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Նոր-Ազատական Գաղափարախօսութիւնը Հայոց Ազգային Ինքնութեան Վտանգ Կը ՆերկայացնէԱզատական գաղափարախօսութեան ընդունումը՝ ըլլա՛յ այդ Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ, մեծ վտանգ կը ներկայացնէ հայ ժողովուրդին համար, որ մինչեւ այսօր կը շարունակէ պայքարիլ իր ազգային գոյատեւման եւ մշակութային պահպանման համար, ինչպէս նաեւ աշխարհաքաղաքական հարցերու դէմ: Նոր-ազատականութիւնը, որ հիմնուած է անհատական իրաւունքներու եւ ազատութեան վրայ, կրնայ գրաւիչ թուիլ, բայց իր էութեամբ կը…
-
Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Համահայկական Հռչակագրի Տասնամեակին Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչումը Ծուռ Հայելիին ՄէջՈւրացման «Փափուկ» Տարբերակը` Ներքին Քաղաքականութեան Օրակարգին «Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր չի գտնուիր մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու շարքին», ըսաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան պաշտօնական հրաւէրով Հայաստան այցելած խումբ մը թուրք լրագրողներու: Այնպէս` ինչպէս ոչ շատ հեռու անցեալին իր արտաքին գործոց նախարարը ըսած էր ընդդիմադիր պատգամաւորի…
-
Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն Անդին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ապրիլ 24-ի Շաբաթէն ԱնդինԱպրիլ 24-ը օրացոյցին վրայ յիշատակելի թուական մը չէ միայն… Տարիներու թաւալումին հետ վտանգաւոր երեւոյթ մը կը զարգանայ յատկապէս սփիւռքի մէջ: Երեւոյթը այսպէս կարելի է նկարագրել. ապրիլ 24-ը խորհրդանշական կարեւոր թուական մըն է. սփիւռքեան համայնքներու կազմակերպութիւնները, լաւագոյն պարագային` ապրիլէն 1-2 ամիս առաջ, կը հաւաքուին, միասնաբար եւ յաճախ անջատաբար ձեռնարկներ կը ծրագրեն,…
-
Լիբանան․ Պատերազմ Եւ Ինքնութիւն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լիբանան․ Պատերազմ Եւ Ինքնութիւն13 Ապրիլ 2025-ը կը նշէ 50-ամեակը Պէյրութի արուարձաններէն մէկուն մէջ պատահած արիւնոտ դէպքին` Փաղանգաւոր կուսակցութեան զինեալներու կողմէ պաղեստինցի եւ դաշնակից զինեալներ տեղափոխող օթօպիւսի գնդակոծութեան, որ ընդունուած է համարել սկիզբը Լիբանանի քաղաքացիական երկրորդ պատերազմին (1975-1990): Պատերազմի փորձառութիւնը ապրեցայ զանազան պարունակներու մէջ: Մանուկ էի, երբ հայրս մեզ փախցուց հօրաքրոջս մօտ` Անթիլիաս, որ…
-
ԱՄՆ-ի Գործարքը Կովկասի Մէջ Եւ Հայաստան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԱՄՆ-ի Գործարքը Կովկասի Մէջ Եւ ՀայաստանԿը թուի, թէ Թրամփի դիւանագիտական գրաւը Իրանի խնդրով սկսած է արդիւնաւորուիլ։ Օմանի մայրաքաղաք՝ Մասխաթի բանակցութիւնները, կապուած՝ Իրանի միջուկային ծրագրին, ցարդ յուսադրիչ ընթացքի մէջ կը գտնուին։ Եւ այս մէկը՝ համաձայն Իրանի, ԱՄՆ-ի և Օմանի պաշտօնական յայտարարութեա՛նց։ Թրամփի խիստ վերջնագիրը ռազմական լուծում տալու Իրանի միջուկային կարողականութեան հարցին (եթէ բանակցութիւնները մտնեն տեղքայլի բով)…
-
Վարշաւայէն Վատիկան Շարունակուող Ապիկարութիւնը Եւ Ինքնադատութեան Կողմնացոյցը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վարշաւայէն Վատիկան Շարունակուող Ապիկարութիւնը Եւ Ինքնադատութեան ԿողմնացոյցըՎարշաւայի Սլաքը Վարշաւայի սլաքը կը յուշէ եւ կ’ընդգծէ 24 Մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի մէջ «Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ատրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը որ մինչեւ 7 Յունիս շարունակուեցաւ, որուն մասին մանրամասնօրէն անդրադարձանք եւ բոլոր յարակից հանգամանքները մի առ մի բերելով վերծանեցինք բացայայտելով կաթոլիկ եկեղեցւոյ տեղւոյն բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ապիկար ներգրաւումը այդ…
-
Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ Բոլորիս
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բա՛ւ Է Խօսինք. Աշխատանքը Կը Սպասէ ԲոլորիսԹեւակոխեցինք ապրիլ ամիսը: Աշխարհասփիւռ հայութիւնը հայրենիքէն Սփիւռք ոգեկոչեց Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն յիշատակը: Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսաւ վեց հարիւր տարի առաջ, երբ օսմանեան թուրքերը նուաճեցին Փոքր Ասիան, Հայաստանը եւ հիմք դրին օսմանեան կայսրութեան: Թուրքերը նախ ձեռնամուխ եղան «Սպիտակ» ցեղասպանութեան՝ ձուլում, իսլամացում, բռնագաղթ եւ մասնակի ջարդեր: Վեց հարիւր տարի պայքարեցան հայոց հայրենիքը յափշտակելու…
-
Յաւերժի Աքսորեալ Հայու Մտորումներ՝ Ի Պէտս Բանիմացներու…
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Յաւերժի Աքսորեալ Հայու Մտորումներ՝ Ի Պէտս Բանիմացներու…Հայ ազգի լինելութիւնը խարխափումի եւ զարտուղութիւններու խրձիկ է, գումարուած՝ պարտութեան եւ կոտորածներու բուրգին վրայ: Գոյապահպանական հրամայական խնդիր ունինք: Ամէն ոք կը կարծէ իրաւունք ունենալ, կը յաւակնի գտնուիլ ճիշդ ուղիի վրայ։ Թշնամի կը փնտռենք մեր մէջ, երբ իրատեսութիւնը այլ բան կ’ըսէ: Դադրած ենք ինքնաքննադատութեամբ խոհեմութեան առաքինութիւն ունենալէ: Եթէ բազմաթիւ են ենթադրական…
-
Յո՞ Երթաս Վատիկան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Յո՞ Երթաս ՎատիկանԿաթոլիկ աշխարհը, ի մասնաւորի Սրբավայր Վատիկանը, հայ ժողովուրդին համար կարեւոր նշանակութիւն ունին։ Հայ-վատիկանեան յարաբերութիւնները եղած են սիրալիր եւ նոյնիսկ ջերմ։ Կաթոլիկ Սրբազան հայրերէն շատեր, հաւատարիմ համամարդկային եւ համաքրիստոնէական սկզբունքներու, պաշտպանած են մեր իրաւունքները եւ ճանչցած են Հայոց ցեղասպանութիւնը։ Անկասկած, Հայ Կաթողիկէ եկեղեցին եւ մեր կաթողիկէ հայրենակիցները մեծ դեր ունեցած են…






