Մեր խօսքը
-
Անկախ Պլոկը Մէկ Տարեկան Է
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Անկախ Պլոկը Մէկ Տարեկան ԷՄէկ տարի առաջ այս օրը դիմատետրի (Ֆէյսպուք) վրայ անխափանօրէն սկսաւ գործել Անկախ Պլոկը։ Նախապէս երկու էջեր փորձարկուած էին, սակայն անոնք փակուած էին մեզի անհասկնալի պատճառներով։Մէկ տարի շարունակ, ամէնօրեայ կարճ եւ կարեւոր լուրերով, բովանդակալից յօդուածներով, դիմատետրի վրայ եղած նշանակալի գրառումներով եւ այլազան նիւթերով եւ տեսաերիզներով թարմացուցինք մեր էջը, հաղորդ պահելով մեր…
-
Անկախութիւնը Հիմք Ազգի Գոյատեւման
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Անկախութիւնը Հիմք Ազգի Գոյատեւման21 Սեպտեմբեր 1991ը նոր էջ բացաւ հայոց պատմութեան մէջ։ Եօթանասուն տարիներու Խորհրդային կայսրութեան տիրապետութեան տակ գտնուելէ ետք, Հայաստան անկախացաւ եւ հիմը դրուեցաւ հայոց նոր պետականութեան։Անկախութեան նախորդող հանգրուանը ճակատագրական էր անկախութեան համար։ 1988ին ծայր առած էր Արցախեան շարժումը, որ արդէն սկսած էր մտնել զինուորական փուլ։ Նոյն տարուան Դեկտեմբերին Սպիտակի երկրաշարժը ծանր…
-
ԱՄՆի Քոնկրէսականներուն Կոչը Պէտք Է Խթան Հանդիսանայ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԱՄՆի Քոնկրէսականներուն Կոչը Պէտք Է Խթան ՀանդիսանայԱնցնող Յուլիսին Միացեալ Նահանգներու 87 քոնկրէսականներ կոչ ուղեցին կառավարութեան, ապահովելու արցախահայութեան անվտանգ վերադարձը իրենց հայրենիք։ Այս կոչը կը հիմնուի Մայիսին Զուիցերիոյ խորհրդարանին կողմէ վաւերացուած նոյնանման բովանդակութեամբ բանաձեւին վրայ։Այս կոչը պատահականութիւն պէտք չէ համարել։ Պարզ յիշեցում մը։ Նախկին նախագահ Սերժ Սարգսեանի օրով հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացը, որ ծանօթ է «ֆութպոլային դիւանագիտութիւն»…
-
Սուրիա Կռուախնձո՞ր Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ Միջեւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սուրիա Կռուախնձո՞ր Իսրայէլի Եւ Թուրքիոյ ՄիջեւԱնցեալ Դեկտեմբերին Ասատի վարչակարգի անկումը նոր հորիզոններ բացաւ Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորաբար Սուրիոյ ապագային հետ կապուած։Առաջին տպաւորութիւնը այն էր որ նոր վարչակարգը, Ահմատ Ալ Շարաայի գլխաւորութեամբ, վայելելով Թուրքիոյ, Իսրայէլի, Միացեալ Նահանգներու եւ արաբական երկիրներու ամբողջական աջակցութիւնը, պիտի կարենայ Սուրիոյ տագնապին աւարտը ազդարարել եւ նոր էջ մը բանալ Սուրիոյ եւ Միջին…
-
Նոր Միջին ԱրեւելքԱռանց Հասան Նասրալլահի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Նոր Միջին ԱրեւելքԱռանց Հասան Նասրալլահի27Սեպտեմբեր 2024ին, Պէյրութի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 6։00ին, իսրայէլեան օդանաւերը աննախընթաց ծաւալի յարձակում գործեցին Պէյրութի հարաւային արուարձան Հարէթ Հըրէյքի վրայ եւ մասնագէտներու գնահատումով աւելի քան 80 թոն ռումբերով հիմնայատակ քանդեցին վեց բնակելի շէնքեր։ Այս յարձակման թիրախը Լիբանանի Հըզպալլահ կուսակցութեան առաջնորդ Սէյիտ Հասան Նասրալլահն էր։ Յաջորդ օրը, կուսակցութիւնը պաշտօնապէս գուժեց իր առաջնորդին…
-
ՄԵՐ ԵՐԹԸ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ՄԵՐ ԵՐԹԸԱԶԳ21-ը նոր ճամբայ կ՛ելլէ, նոր ճամբայ բանալու առաջադրանքով։ Վերջին տարիներուն հայ կեանքը վերիվայրումներ ապրեցաւ եւ կը շարունակէ ապրիլ։ 1994ին, Արցախեան յաղթական պատերազմէն ետք, փոխանակ կազմակերպուելու եւ պատրաստուելու քաղաքական նոր ցնցումներու, ազգովին տարուեցանք մանրուքներով եւ գալիք փոթորկին անպատրաստ գտնուեցանք։ Հետեւանքը եղաւ 2020ի Արցախեան երկրորդ պատերազմի պարտութիւնը եւ 2023ին անոր ամբողջական հայաթափումը։






