Լուրեր
-
Արարատ Միրզոյեան-Ժերար Լարշէ Հանդիպում
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Արարատ Միրզոյեան-Ժերար Լարշէ ՀանդիպումՀայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան, Փարիզի մէջ հանդիպում ունեցած է Ֆրանսայի Սենատի նախագահ Ժերար Լարշէի հետ։ Քննարկուած են Հայաստանի եւ Ֆրանսայի միջեւ ռազմավարական գործընկերութեան զարգացման հարցեր, ինչպէս նաեւ հանգամանալից կերպով անդրադարձ կատարուած է Հարաւային Կովկասի զարգացումներուն։
-
ԵՄը Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Սահմանէ Ռուսիոյ Դէմ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄը Նոր Պատժամիջոցներ Պիտի Սահմանէ Ռուսիոյ ԴէմԵւրոպական միութիւնը սկսած է հակառուսական պատժամիջոցներու 20-րդ փաթեթի պատրաստութեան աշխատանքներուն, որ կը վերաբերի Ռուսիոյ ուժանիւթի մեծ ընկերութիւններուն, ինչպէս նաեւ երրորդ երկիրներու ընկերութիւններու։ Միջոցներ ձեռք պիտի առնուին նաեւ այն երկիրներուն դէմ, որոնք կ՛օգնեն Ռուսիոյ շրջանցելու պատժամիջոցները: Հոկտեմբեր 23ին ԵՄ-ն ընդունած էր հակառուսական պատժամիջոցներու 19-րդ փաթեթը: Եւրոպական խորհուրդի տարածած հաղորդագրութեան համաձայն, պատժամիջոցները…
-
Լուվրի Տնօրէնը Առաջարկած Է Թանգարանին Մէջ Ոստիկանութեան Բաժանմունք Ստեղծել
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լուվրի Տնօրէնը Առաջարկած Է Թանգարանին Մէջ Ոստիկանութեան Բաժանմունք ՍտեղծելԼուվրի տնօրէն Լորանս Տը Քար Սենատին մէջ յայտարարած է որ թանգարանի պահպանութեան համակարգի թոյլ կողմերը յայտնի են, իսկ հինցած ենթակառուցուածքը թոյլ չի տար ժամանակակից սարքեր կիրառել ապահովութեան համար: Տը Քար նշած է թանգարանի ապահովութեան ծրագրի անյապաղ իրականացման կարեւորութիւնը: Ան կողմ է որ թանգարանի տարածքին ոստիկանական բաժանմունք տեղակայուի։
-
Մանկական Եւրատեսիլ 2025ի Հայաստանի Ներկայացուցիչը՝ Ալպէրթ Արմենակեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մանկական Եւրատեսիլ 2025ի Հայաստանի Ներկայացուցիչը՝ Ալպէրթ ԱրմենակեանՀայաստանը «Մանկական Եւրատեսիլ 2025» երգի միջազգային մրցոյթին կը ներկայացնէ 12ամեայ Ալպէրթ Արմենակեանը: Հայաստանի այս տարուայ ներկայացուցիչը ընտրուած է Հանրային հեռուստաընկերութեան նախապէս յայտարարած մրցոյթի արդիւնքներով, որուն մասնակցած էին աւելի քան 80 թեկնածուներ։ Ալպէրթ երգարուեստի իր առաջին քայլերը կատարած է վեց տարեկանին։ Վերջին երեք տարիներուն, մասնակցելով հայաստանեան նախընտրական փուլերուն, փորձած է իրականութիւն…
-
Ռուսիա Պիտի Խուսափի «Պատմական» Ապացոյցներէ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Պիտի Խուսափի «Պատմական» ԱպացոյցներէՌուսիոյ նախագահի վարչակազմին մօտիկ աղբիւրներու համաձայն, Հոկտեմբեր 30-31ին Հունգարիոյ մէջ կայանալիք Փութին-Թրամփ հանդիպման նախապատրաստական աշխատանքները արդէն սկսած են։ Վլատիմիր Մետինսէի, որ Ուքրանիոյ հակամարտութեան գծով Ռուսիոյ գաղափարախօսական ուղղութեան հիմնական ճարտարապետներէն մէկն է, ներկայ պիտի չըլլայ։ Ալասքայի վեհաժողովին, Ուքրանիոյ գծով պատմական ապացոյցներու մարտավարութիւնը արդիւնք չտուաւ։ Թրամփ սպառնացած էր լքել հանդիպումը։Պուտափէշտի վեհաժողովին, ռուսական…
-
Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան Ձերբակալուեցաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գիւմրիի Քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեան ՁերբակալուեցաւԳիւմրիի համայնքապետ Վարդան Ղուկասեանի եւ եօթ այլ անձերու նկատմամբ կայացուած են հանրային քրէական հետապնդումներ յարուցելու եւ ձերբակալելու մասին որոշումներ։ Այս մասին յայտնած է Հակակոռուպցիոն կոմիտէն։Պարզուեր է որ Գիւմրի համայնքի ղեկավարը եւ գլխաւոր ճարտարապետը, տեղեկանալով որ քաղաքացիին կողմէ Գիւմրի համայնքի Գարեգին Նժդեհ փողոցի 1/9 հասցէին վրայ կառուցուած է շուրջ 1500 քմ…
-
Իգնատիոս Արք. Մալոյեան Սրբադասուեցաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իգնատիոս Արք. Մալոյեան ՍրբադասուեցաւԵրէկ. Կիրակի 19 Հոկտեմբեր 2025ին, Վատիկանի Ս. Պօղոս տաճարին մէջ եւ հրապարակին վրայ, Իգնատիոս արք. Մալոյեանը` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակը եւ վեց երանելիներ սրբադասուեցան։ Լեւոն ԺԴ. քահանայապետին կողքին համապատարագեց Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. կաթողիկոս պատրիարքը։ Սրբադասման արարողութեան պաշտօնական հիւրերուն շարքին էին Լիբանանի նախագահ զօր. Ժոզեֆ Աուն, ինչպէս նաեւ…
-
Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման Արարողութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի Սրբադասման ԱրարողութիւնըԿիրակի 19 հոկտեմբեր 2025-ին առաւօտեան ժամը 10,30-ին Սուրբ Պետրոս հրապարակին վրայ տեղի պիտի ունենայ Երանելի Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի եւ այլ վեց երանելիներու սրբադասման արարողութիւնը, զոր պիտի գլխաւորէ Լեւոն ԺԴ. Պապը։
-
Իրանի Եւ Աֆղանիստանի Պաշտօնեաներ Քննարկած Են Սահմանային Անվտանգութեան Հարցեր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրանի Եւ Աֆղանիստանի Պաշտօնեաներ Քննարկած Են Սահմանային Անվտանգութեան ՀարցերԻրանի եւ Աֆղանիստանի պաշտօնեաները քննարկած են երկու երկիրներու միջեւ անվտանգութեան ծիրէն ներս համագործակցութիւնը սահմանի երկայնքով անվտանգութիւնն ապահովելու ուղիները, կը յայտնէ իրանական Mehr գործակալութիւնը։ Երկու կողմերը մանրամասն խորհրդակցութիւններ ունեցած են թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութեան դէմ պայքարի եւ ընդհանուր սահմանի երկայնքով համակարգման բարելաւման համատեղ ջանքերու վերաբերեալ։
-
Ալեքսանդր Թամանյանի Անուան Ճարտարապետութեան Ազգային Թանգարան-Հիմնարկը Նշեց Իր 35ամեակը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ալեքսանդր Թամանյանի Անուան Ճարտարապետութեան Ազգային Թանգարան-Հիմնարկը Նշեց Իր 35ամեակըՔաղաքաշինութեան կոմիտէի ենթակայութեամբ գործող Ալեքսանդր Թամանյանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարան-հիմնարկը կը նշէ հիմնադրութեան 35ամեակը։ Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկի ընթացքին թանգարանի աշխատակիցներուն շնորհաւորած է Քաղաքաշինութեան կոմիտէի նախագահ Եղիազար Վարդանեան։ Յոբելեանականի ծիրէն ներս բացուած է «Նմուշներ Հայաստանի ճարտարապետութեան գանձարանից» խորագիրը կրող ցուցահանդէս, ուր ներկայացուած են թանգարան-հիմնարկի պահոցներուն մէջ գտնուող հայ ճարտարապետութեան ժառանգութեան…






