Լուրեր
-
Փութին-Ուիթքոֆ Հանդիպումը Ապարդիւն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փութին-Ուիթքոֆ Հանդիպումը ԱպարդիւնՌուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քրեմլինի մէջ հանդիպում ունեցաւ ԱՄՆի նախագահի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի եւ Թրամփի խորհրդական Ճարէտ Քուշնէրի հետ ռուս-ուքրանական հակամարտութեան դադրեցման շուրջ։ 5 ժամ տեւած հանդիպումին համաձայնութիւն չգոյացաւ։ Բանակցութիւններուն ռուսական կողմէն ներկայ եղած Ռուսիոյ նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքովը եւ Քիրիլ Տմիտրիեւ։ Հանդիպումէն առաջ նախագահ Փութին յայտարարած էր որ…
-
BBC-ի Յօդուածը Հիպրիտային Պատերազմ Է Վրաստանի Դէմ. Շալվա Փափուաշվիլի
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: BBC-ի Յօդուածը Հիպրիտային Պատերազմ Է Վրաստանի Դէմ. Շալվա ՓափուաշվիլիBBCի կողմէ հրապարակուած յօդուածը Վրաստանի դէմ կիրառուող հիպրիտային պատերազմի մարտավարութիւն է, լրագրողներուն յայտնած է խորհրդարանի նախագահ Շալվա Փափուաշվիլի Հնդկաստան կատարած այցելութեան ընթացքին։ Վրաստանի Պետական անվտանգութեան ծառայութիւնը քրէական հետաքննութիւն սկսած է BBC-ի հրապարակման գծով, որ կը վերաբերի 2024ին Թիֆլիսի մէջ բողոքի ցոյցերու մասնակիցներուն նկատմամբ համաշխարհային առաջին պատերազմի ժամանակներու քիմիական նիւթի ենթադրեալ կիրառումով։…
-
Եւրոպական Տասնհինգ Երկիրներ Պիտի Օժանդակեն Ուքրանիոյ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Եւրոպական Տասնհինգ Երկիրներ Պիտի Օժանդակեն ՈւքրանիոյԵւրոպական միութեան պաշտպանական ներդրումներու համատեղ ծրագրի ծիրէն ներս, 15 երկիրներ պատրաստակամութիւն յայտնած են օժանդակել Ուքրանիոյ։ Անորոշ է Ուքրանիոյ տրամադրուելիք աջակցութեան չափը, բայց խօսքը ոչ թէ միլիոններու, այլ միլիառներու մասին է։
-
Մատուրօ Պատրաստ է Հրաժարիլ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մատուրօ Պատրաստ է ՀրաժարիլՎենեզուելլայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ համաձայն գտնուած է հրաժարական տալ, առնուազն մէկուկէս տարի ետք, կը յայտնէ CNN։ Միացեալ Նահանգներու եւ Վենեզուելլայի միջեւ ընթացող ոչ պաշտօնական բանակցութիւններու ժամանակ նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ պատրաստակամութիւն յայտնած է հրաժարական տալու, ինչպէս իրմէ պահանջած էր ԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ։Նշենք որ վերջին օրերուն ԱՄՆ-Վենեզուելլա հակադրութիւնը նոր փուլ թեւակոխած…
-
Համացանցին Վրայ Ստեղծուած Քաոսին Դէմ Պէտք Է Պայքարիլ. Սի Ցինփին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Համացանցին Վրայ Ստեղծուած Քաոսին Դէմ Պէտք Է Պայքարիլ. Սի ՑինփինՉինաստանի նախագահ Սի Ցինփին յայտարարած է մաքուր եւ առողջ համացանց ստեղծելու կարեւորութեան եւ այնտեղ տիրող քաոսին դէմ պայքարը զօրացնելու անհրաժեշտութեան մասին։ Ան ընդգծեր համացանցային էգոհամակարգի կառավարումը կապուած է ազգային զարգացման եւ անվտանգութեան, ինչպէս նաեւ ժողովուրդի կենսական շահերուն հետ։ Անոր կարծիքով առցանց քաոսը կը քայքայէ հասարակական բարոյականութիւնը եւ կը խախտէ զանգուածներու…
-
Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան Մէջ Քաղաքական Գայթակղութիւն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հարաւային Ափրիկէի Հանրապետութեան Մէջ Քաղաքական ԳայթակղութիւնՀարաւային Ափրիկէի հանրապետութեան նախկին նախագահ Ճեյքոպ Զումայի դուստրը, Տուտուզիլէ Զումա-Սամպուտլու, հրաժարական տուած է խորհրդարանի անդամի իր պաշտօնէն։ Ան կը մեղադրուի խաբէութեամբ տղամարդկանց հաւաքագրելու եւ ռուսական ուժերուն հետ Ուքրանիոյ դէմ կռուելու, կը յայտնէ BBC: Ան խոստացած է ամբողջութեամբ համագործակցիլ քննութեան հետ։ Նոյն յանցանքով մեղադրուած է նաեւ անոր քոյրը։
-
Փութին-Օրպան Հանդիպում
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փութին-Օրպան ՀանդիպումՌուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին Քլեմլինի մէջ ընդունած է Հունգարիոյ վարչապետ Վիքթոր Օրպանը, կը տեղեկացնէ «Ինթերֆաքս» գործակալութիւնը: Ռուսական կողմէն բանակցութիւններուն կը մասնակցին նախագահի օգնական Եուրի Ուշաքով, փոխվարչապետ Ալեքսանտր Նովաք եւ արտաքին գործոց նախարար Սերգէյ Լաւրով։ Հունգարիոյ վարչապետը նշած է այս այցի կարեւորութիւնը ձմրան շեմին, իր երկրի համար ուժանիւթի անվտանգութեան եւ ելեկտրականութեան…
-
Միացեալ Նահանգներ Դադրեցուց Աֆղանիստանի Քաղաքացիներուն Մուտքի Արտօնագիր Տրամադրել
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Միացեալ Նահանգներ Դադրեցուց Աֆղանիստանի Քաղաքացիներուն Մուտքի Արտօնագիր ՏրամադրելՄիացեալ Նահանգներու քաղաքացիութեան եւ ներգաղթի ծառայութիւնը յայտարարած է որ անորոշ ժամանակով կը դադրեցնէ Աֆղանիստանի քաղաքացիներուն ներգաղթեալի դիմումներու քննումը։ Որոշումը կը յաջորդէ նախագահ Թրամփի յայտարարութեան, որով ան կոչ ուղղած էր կառավարութեանը վերանայելու Աֆղանիստանէն Միացեալ Նահանգներ եկած ներգաղթեալների գործերը։ Նոյեմբեր 26ին Ուաշինկթընի Սպիտակ Տունէն 300 մեթր հեռաւորութեան վրայ անյայտ անձ մը կրակոցներ…
-
Բացառիկ Կոթող Մը Յայտնաբերուած Է Լեռնահովիտի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բացառիկ Կոթող Մը Յայտնաբերուած Է Լեռնահովիտի ՄէջԼոռիի Լեռնահովիտ համայնքի կազատար խողովակներու փոխարինման աշխատանքներու ընթացքին, քրիստոնէական քանդակազարդ կոթող յայտնաբերուած է։ Շինարարները տեղեկացուցած են համայնքային ոստիկանին, որ իր հերթին կապ պահած է «Պատմամշակութային արգելոց-թանգարանների եւ պատմական միջավայրի պահպանութեան ծառայութիւն» ՊՈԱԿ-ին հետ։ Պահպանութեան ծառայութեան մարզային աշխատակիցները գործուղուեր են Լեռնահովիտ՝ ուսումնասիրելու եւ մանրամասներ ճշդելու։ Քրիստոնէական պատկերագրութեամբ կոթողը, ամենայն հաւանականութեամբ,…
-
Կազայի Մարդասիրական Հիմնադրամը Կը Դադրեցնէ Իր Գործունէութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Կազայի Մարդասիրական Հիմնադրամը Կը Դադրեցնէ Իր ԳործունէութիւնըԿազայի մարդասիրական հիմնադրամը (GHF), որ աջակցութիւն կը ստանայ ԱՄՆ-ի եւ Իսրայէլի կառավարութիւններէն, պիտի դադրեցնէ իր գործունէութիւնը, կը հաղորդէ հիմնադրամի մամլոյ ծառայութիւնը։ Մարտէն մինչեւ Յուլիսի վերջ Իսրայէլի իշխանութիւնները խոչընդոտած են միջազգային մարդասիրական օգնութիւններու առաքումը Կազայի հատուած, փակելով բոլոր անցակէտերը: Պաղեստինցիները օգնութեան բաշխման կէտերը կը կոչէին մահուան թակարդներ։ Անոնք օգնութիւն ստանալու համար…






