Լուրեր
-
Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Կազան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ ԿազանԿազայի տարբեր շրջաններ Յունիս 5ի լուսաբացէն ի վեր Իսրայէլի կողմէ կը ռմբակոծուին օդանաւերու միջոցով։Այս ռմբակոծումներու հետեւանքով 38 պաղեստինցի սպաննուած է։ Վերջին 24 ժամուայ ընթացքին զոհերուն թիւը հասած է 70ի։ Ռմբակոծումներուն հետևանքով վիրաւորուած է 189 հոգի, կը յայտնէ Al Jazeera։ Վերջին օրերու ռմբակոծումներուն զոհ գացած են 4 լրագրող։ Al Jazeera-ի թղթակիցը յայտնած…
-
Հայաստան Կը Մասնակցի Ֆրանսայի Մէջ Տեղի Ունեցող 13րդ Միջազգային Տիզայն Պիենալէին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան Կը Մասնակցի Ֆրանսայի Մէջ Տեղի Ունեցող 13րդ Միջազգային Տիզայն ՊիենալէինՀայաստան որպէս պատուոյ հիւր կը մասնակցի Ֆրանսայի Սէնթ Էթիէն քաղաքին մէջ տեղի ունեցող 13-րդ միջազգային Տիզայն Պիենալէին, «Ծալք ու Ծաւալ» ցուցադրութեամբ: Կը ներկայացուի Հայաստանի լեռնային քարտէզագրութիւնը, որ կը բացայայտէ աւելի քան 19 հայ ստեղծագործողներու եւ արուեստի կառոյցներու աշխատանքներու միջոցով։ Ցուցադրութիւնը համադրած են Նայիրի Խաչատուրեան (AHA collective), Ժան Ֆրանսուա Դինքճեանն ու…
-
Ուքրանիան Հրաւիրուած Է ՆԱԹՕի Հաագայի Վեհաժողովին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ուքրանիան Հրաւիրուած Է ՆԱԹՕի Հաագայի ՎեհաժողովինՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղար Մարք Ռիւտէն Ուքրանիան հրաւիրած է Յունիս 5ին Հաագայի մէջ գումարուելիք դաշինքի վեհաժողովին։ Ան նաեւ յայտնած է որ Հիւսիսաթլանթեան դաշինքին անդամակցելու Ուքրանիոյ ճամբան անշրջելիօրէն բաց է, սակայն իրենք Քիեւին «երբեք չեն խոստացած որ ՆԱԹՕ-ին անդամակցութիւնը կրնայ խաղաղութեան կամ զինադադարի համաձայնագիրի մաս կազմել։ ՆԱԹՕ-ի գլխաւոր քարտուղարը նշեր է որ…
-
Զուիցերիա Կը Միանայ Ռուսիոյ Դէմ Կիրառուող Նոր Պատժամիջոցներուն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Զուիցերիա Կը Միանայ Ռուսիոյ Դէմ Կիրառուող Նոր ՊատժամիջոցներունԶուիցերիոյ Համադաշնությունը միացեր է Եւրոպական Միութեան Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցներու 17րդ փաթեթին եւ ընդլայներ է պատժամիջոցներու ցանկը, կը տեղեկացնէ «ՌԻԱ Նովոստի»-ն։ Պատժամիջոցները ի զօրու կը դառնան 3 Յունիս.2025էն սկսեալ։ Զուիցերիոյ կառավարութեան կայքէջին վրայ հրապարակուած հաղորդագրութեան համաձայն, պատժամիջոցներու ցանկը կը ներառէ 17 անհատ, 58 կազմակերպութիւն, 189 նաւ եւ 31 ձեռնարկութիւն: Մայիս 20ին…
-
Դիլիջանը MICE Excellence Awards Մրցանակաբաշխութեան Դափնեկիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Դիլիջանը MICE Excellence Awards Մրցանակաբաշխութեան ԴափնեկիրԴիլիջան քաղաքը ճանչցուեր է միջոցառումներ կազմակերպելու համար լաւագոյն քաղաք, MICE Excellence Awards մրցանակաբաշխութեան ընթացքին։ Դիլիջանը մրցանակաբաշխութեան ներկայացուած է Meet Dilijan նախաձեռնութեան կողմէ որ կը նպատակադրէ քաղաքի զարգացման, որպէս ժամանակակից MICE ուղղութիւն։ MICE Excellence Awards-ը զբօսաշրջութեան ամէնահեղինակաւոր մրցանակաբաշխութիւններէն մէկն է, որ կ՛ընդգրկէ Արեւելեան Եւրոպայի, Հարաւային Կովկասի եւ ԱՊՀ երկիրներու կարեւորագոյն նախաձեռնութիւնները։…
-
Օրուան Բառը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Օրուան ԲառըՏուայտանք (գոյական) Հոգիի չարչարանք, տառապանք, վիշտ, նեղութիւն, տագնապ։ Օրինակ՝Այդ տուայտանքէն ազատելու համար դիմեց իր մտերիմ ընկերոջ խորհուրդին։
-
Աննալենա Պերպոք Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Քարտուղար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Աննալենա Պերպոք Ընտրուեցաւ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ՔարտուղարՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար ընտրուեցաւ Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախկին նախարար Աննալենա Պերպոք։ Պերպոք ընտրուած է գաղտնի քուէարկութեամբ, անոր ընտրութեան քուէարկած է 167 պետութիւն։ Քուէարկութենէն ետք ան յայտնած է որ ՄԱԿ-ը կը դիմագրաւէ քաղաքական եւ նիւթական հսկայական դժուարութիւններ եւ յառաջիկան կարեւոր հանգրուան է միջազգային այս կազմակերպութեան համար։
-
Սիւնիքի Հայերը Ամէն Օր Կ՛ենթարկուին Ատրպէճանական Սադրանքներուն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սիւնիքի Հայերը Ամէն Օր Կ՛ենթարկուին Ատրպէճանական ՍադրանքներունՖրանսայի Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Հայաստան բարեկամութեան խումբի նախկին ղեկավար Անն-Լորանս Փեթէլ յայտարարեր է որ Սիւնիքի հայերը ամէն օր կ՛ենթարկուին ատրպէճանական սադրանքներուն։ Փետէլ գրառում կատարած է X-ի միքրոպլոկին մէջ ներկայացնելով Հայաստանի պաշտպանութեան նախարարութեան հաղորդագրութիւնը, որ Ատրպէյճանի զօրքերը կրակ բացած են Խոզնավար գիւղին վրայ։
-
Փարիզ Սէն Ժերմէն Եւրոպայի Ախոյեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Փարիզ Սէն Ժերմէն Եւրոպայի ԱխոյեանԵրէկ, Չէմփիընզ Լիկի աւարտականին, Ֆրանսայի ախոյեան ՓՍԺ 5-0 արդիւնքոց պարտութեան մատնելէ ետք Իտալիոյ Ինթէր Միլանը, իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով տիրացաւ տիտղոսին։
-
Իսլամապատի Մէջ Արգիլուեր Է Երեխաներու Ամուսնութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսլամապատի Մէջ Արգիլուեր Է Երեխաներու ԱմուսնութիւնըՓաքիստանի խորհրդարանը հաւանութիւն տուած է այն օրինագիծին, որ կ՛արգիլէ անչափահասներու ամուսնութիւնը մայրաքաղաք Իսլամապատի մէջ, կը տեղեկացնէ The Guardian։ Նոր օրէնքին համաձայն՝ ինչպէս աղջիկները, նոյնպէս ալ տղաները կրնան ամուսնանալ միայն 18 տարեկանէն ետք։ Օրէնքը խախտողները կրնան դատապարտուիլ եօթը տարուայ բանտարկութեան։ Օրինագիծի քննարկման ընթացքին խորհրդարանական Նասիմա Էհսան, որ կողմ է օրէնքին, խոստովաներ…






