Լուրեր
-
Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւնները Յառաջիկայ Շաբաթ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Միացեալ Նահանգներ-Իրան Բանակցութիւնները Յառաջիկայ ՇաբաթԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեց որ Իրանի հետ բանակցութիւնները պիտի վերսկսին յաջորդ շաբաթ, ընդգծելով որ միջուկային հարցի վերաբերեալ համաձայնագիրի կնքումը այդ հանդիպման միակ ակնկալելի արդիւնքը չէ։ Թրամփ, որ ելոյթ կ՛ունենար ՆԱԹՕի վեհաժողովին, յայտնեց թէ .«Ինծի համար միեւնոյն է թէ համաձայնագիր կը ստորագրուի կամ ոչ։ Մենք ոչնչացուցած ենք անոնց միջուկային ծրագիրը»։
-
Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան Ձերբակալուած
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բագրատ Արքեպիսկոպոս Գալստանեան Ձերբակալուած«Սրբազան պայքար» շարժումի առաջնորդ Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեան ձերբակալուեր է, յայտնած է անոր փաստաբան Սերգէյ Յարութիւնեան։ Ան յայտնած է որ դատարանի որոշումով իրաւապահները խուզարկութիւն կատարած են Բագրատ արքեպիսկոպոս Գալստանեանի կեցավայրը, որմէ ետք անոր ձերբակալած են եւ տարած քննչական կոմիտէ։ Նախօրէին քննչական կոմիտէն հաղորդագրութիւն տարածած էր յայտնելով, որ «Սրբազան պայքար» շարժումին առաջնորդները…
-
Հոլանտա Պիտի Շարունակէ Զինել Ուքրանիան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հոլանտա Պիտի Շարունակէ Զինել ՈւքրանիանՀոլանտա պիտի շարունակէ ռազմական օգնութիւն մատակարարել Ուքրանիոյ, յայտարարեր է արտաքին գործոց նախարար Գասփար Ուէլքամփ։ Յունիս 24ին Հոլանտայի պաշտպանութեան նախարար Ռոպէն Պրեքըլմանս յայտնած է որ Հոլանտա 175 միլիոն եուրոյի ռազմական օգնութիւն պիտի յատկացնէ Ուքրանիոյ։
-
Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Աւելցաւ Լեմքինի Նուիրուած Յուշաքար
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիրի Յուշապատին Աւելցաւ Լեմքինի Նուիրուած Յուշաքար«Ցեղասպանութիւն» եզրոյթի հեղինակ, միջազգային իրաըունքի ականաւոր գործիչ Ռաֆայէլ Լեմքինի ծննդեան օրը Ծիծեռնակաբերդի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրի յուշապատին ամփոփուեցաւ անուանի գիտնականի եւ իրաւապաշտպանի Նիւ Եորքի գերեզմանոցէն բերուած հողով սափորը եւ տեղադրուեցաւ նրա անունով յուշաքար։Յունիս 24ին կը նշուի Ռաֆայել Լեմքինի ծննդեան 125ամեակը։ Ռաֆայէլ Լեմքինի ջանքերով 1948ի Դեկտեմբեր ին ընդունուած է ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման եւ…
-
Օրուան Բառը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Օրուան ԲառըՀրապոյր (գոյական) Հմայք, թովչութիւն, դիւթանք։ Օրինակ՝Փառքի հրապոյրից շլացած՝ դաւաճանեց իր հայրենիքին։
-
Սպերցեան Պիտի Միանա՞յ Մ. Եունայթըտին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սպերցեան Պիտի Միանա՞յ Մ. ԵունայթըտինՀայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Էտուարտ Սպերցեան, որ մաս կը կազմէ Կրասնոտար ակումբին, շատ հաւանաբար միանայ Մանչեսթըր Եունայթըտին, կը յայտնէ Goal լրատուականը։ Սպերցյանով հետաքրքրուած են նաեւ Փարիզ Սէն Ժերմէնը եւ Այաքս Ամսթըրտամը։ Ըստ շրջանառուող լուրերուն, անգլիական ակումբը դժուար թէ կարենայ մրցակցիլ վերոնշեալ ակումբներուն հետ, ձեռք ձգելու հայազգի ֆութպոլիստը։
-
Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշահամալիր
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վրաստանի Ներքին Գործոց Նախարարը Այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան ՅուշահամալիրՎրաստանի ներքին գործերոց նախարար Կելա Կելաձէի գլխաւորած պատուիրակութիւնը Յունիս 23ին այցելած է Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ Հայաստանի Ներքին գործոց նախարարի տեղակալ Արմէն Ղազարեանի ընկերակցութեամբ։ Հիւրերուն դիմաւորած է Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի թանգարանային աշխատանքներու գծով փոխտնօրեն Լուսինէ Աբրահամեան, որ հիւրերուն ուղեկցած է դէպի Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիր՝ ներկայացնելով անոր ստեղծման պատմությունը: Ան անդրադարձած է…
-
Գրքի Միջազգային Փառատօնը՝ Սիւնիքի Եւ Շիրակի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գրքի Միջազգային Փառատօնը՝ Սիւնիքի Եւ Շիրակի ՄէջՀայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ գիրքի երեւանյան միջազգային փառատօնն ընդլայնուած է եւ 2025ին տեղի պիտի ունենայ նաեւ Սիւնիքի եւ Շիրակի մէջ։ Փառատօնի պատշաճ իրականացման նպատակով յատկացուած է 19,1 միլիոն դրամ։Մարզերու մէջ գիրքի միջազգային փառատօնի անցկացումը կրնայ նպաստավոր պայմաններ ստեղծել ստեղծագործական կարողութիւններու դրսեւորման եւ մշակութային կեանքի աշխուժացման համար…
-
Միացեալ Նահանգները Ռմբակոծեց Իրանի Միջուկային Կեդրոնները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Միացեալ Նահանգները Ռմբակոծեց Իրանի Միջուկային ԿեդրոններըԱՄՆի բանակի օդուժը ռմբակոծած է Իրանի հիմնական միջուկային երեք կեդրոնները, յայտարարեր Է նախագահ Տոնալտ Թրամփ՝ նախազգուշացնելով Թեհրանին որ խաղաղութեան չհամաձայնելու պարագային, աւելի կործանարար հարուածներ պիտի տան Իրանին։ Իր ելոյթին, որ տեւած է երեք վայրկեան, Թրամփ յայտնեց որ Իրանի ապագան կամ խաղաղութիւն է կամ ողբերգութիւն եւ կան բազմաթիւ այլ թիրախներ, որոնք…
-
Բրիտանացի Երեսփոխաններ Կ՛աջակցին Արցախի Գծով Զուիցերիական Նախաձեռնութեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Բրիտանացի Երեսփոխաններ Կ՛աջակցին Արցախի Գծով Զուիցերիական ՆախաձեռնութեանՄեծն Բրիտանիոյ խորհրդարանականներ Ճիմ Շեննընը եւ Լորտ Ալթըն յայտարարութիւն տարածած են, արտայայտելով իրենց զօրակցութիւնը Արցախի գծով Զուիցերիոյ խաղաղութեան նախաձեռնութեան։ Աւելի քան 110 բրիտանացի երեսփոխաններու անունով կատարուած յայտարարութիւնը կ։ողջունէ Զուիցերիոյ նախաձեռնութիւնը, ստեղծելու միջազգային խաղաղութեան հարթակ, որ հնարաւորութիւն կու տայ շինիչ երկխօսութեան Ատրպէյճանի եւ Արցախի բռնագաղթուած հայ բնակչութեան միջեւ։ Յայտարարութեան մէջ Մեծն…






