Լուրեր
-
Պեսկով Մեկնաբաներ Է Մոսկուայի Եւ Պաքուի Բարդ Յարաբերութիւնները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Պեսկով Մեկնաբաներ Է Մոսկուայի Եւ Պաքուի Բարդ ՅարաբերութիւններըՄոսկուա կը սպասէ պաշտօնական վճիռներուն, եթէ Ատրպէյճանը միջազգային դատական ատեաններու մօտ դատական հայց յարուցէ Ռուսիոյ դէմ՝, Աքթաուի մերձակայքը տեղի ունեցած օդանաւի կործանումին պատճառով, յայտարարեր է Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Պեսկով: Ատրպէճանական լրատուամիջոցներ յայտնած էին որ Պաքուն փաստաթուղթեր կը պատրաստէ միջազգային դատական ատեաններ ներկայացնելու Աքթաուի մերձակայքը AZAL օդանաւի կործանումին առընչութեամբ Միեւնոյն…
-
Լևոն Արոնեան «Freestyle Chess Grand Slam Tour»-ի Ախոյեան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լևոն Արոնեան «Freestyle Chess Grand Slam Tour»-ի Ախոյեան«Freestyle Chess Grand Slam Tour» Ֆիշըրի անուան արագ ճատրակի մրցաշարք, որ տեղի ունեցաւ Լաս Վեկասի մէջ, աւարտականին, հայազգի վարպետ Լեւոն Արոնեան պարտութեան մատնելով ամերիկացի Հանս Նիմընը դարձաւ ախոյեան։ Մրցաշարքի ընթացքին Արոնեանը յաղթած է զօրաւոր մրցակիցներու։ Քառորդ աւարտականին ան պարտութեան մատնեց Հիքարու Նաքամուրային, իսկ թայ-պրէյքին Մակնուս Քարլսընին:
-
«Ոսկէ Ծիրանի» Փառատօնը Աւարտեցաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «Ոսկէ Ծիրանի» Փառատօնը Աւարտեցաւ«Ոսկէ Ծիրան» ֆիլմերու 22րդ միջազգային փառատօնը, եզրափակուեցաւ Յուլիս 19ին, Կինոյի տան մէջ մրցանակաբաշխութեամբ։ Մրցանակները յանձնեց յետյեղափոխական իրանական ֆիլմարուեստի կարեւոր դէմքերէն, «Երկրորդ ալիքի» ներկայացուցիչ Ամիր Նատերին, որ 22րդ «Ոսկէ Ծիրան»-ի պատուաւոր հիւրն էր։ Փառատօնի յատուկ՝ «Փարաջանովեան Թալեր» մրցանակը ֆիլմարուեստի մէջ իր ունեցած վաստակին համար յանձնուեցաւ ժիւրիի նախագահ, Քաննի փառատօնի եւ Սեզարի…
-
Ուքրանիա Հաքերային Յարձակում Գործած Է «Կազփրոմի» Համակարգչային Ցանցերուն Վրայ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ուքրանիա Հաքերային Յարձակում Գործած Է «Կազփրոմի» Համակարգչային Ցանցերուն ՎրայՈւքրանիոյ բանակի հետախուզական վարչութիւնը Յուլիս 17ին լայնածաւալ հաքերային յարձակում ըրած է ռուսական «Կազփրոմի» եւ անոր 400 դուստր ընկերութիւններուն համակարգիչներուն վրայ, կը յայտնէ Kyiv Independent. Ըստ նախնական տեղեկութիւններու՝ յարձակման հետեւանքով ոչնչացուած են մեծ ծաւալի տուեալներ։
-
Երեւանի Սրտին Մէջ Տեղադրուեցաւ Ազնաւուրի Արձանը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Երեւանի Սրտին Մէջ Տեղադրուեցաւ Ազնաւուրի ԱրձանըԱյսօր, Յուլիս 18ին, Երեւանի Շարլ Ազնաւուրի անուան հրապարակին վրայ, հանդիսաւորութեամբ բացումը կատարուեցաւ ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչ Շարլ Ազնաւուրի արձանը։ Հայաստանի ազգային հերոս, ֆրանսահայ նշանաւոր երգիչ, շանսոնիէ, բանաստեղծ եւ հասարակական գործիչ Շարլ Ազնաւուրի «Լա Պոհէմ» խորագիրը կրող արձանի ամբողջ ծախսը հոգացած է Երեւանի քաղաքապետարանը։ Պրոնզաձոյլ արձանի հեղինակն է քանդակագործ Դաւիթ Մինասեան։Հանդիսութեան ներկայ…
-
Էրտողան. Իսրայէլը Ահաբեկչական Պետութիւն Է
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Էրտողան. Իսրայէլը Ահաբեկչական Պետութիւն ԷԹուրքիոյ նախագահ Ռեճէփ Թայիպ Էրտողան Իսրայէլ անուանած է ահաբեկչական պետութիւն, նշելով որ Անգարա թոյլ պիտի չտայ Սուրիոյ մասնատումը, կը յայտնէ TRT Haber։ Էրտողանը ըսած է թէ «Իսրայէլ ահաբեկչական պետութիւն է, որ չի ճանչնար օրէնք եւ սկզբունքներ»։ Ան յայտնած է որ Սուրիոյ ժամանակաւոր նախագահ Ահմէտ Ալ-Շարաայի հետ քննարկած է թէ ինչ…
-
Ռուսիա Մտադիր Է Զարգացնել Յարաբերութիւնները Հայաստանի Հետ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Մտադիր Է Զարգացնել Յարաբերութիւնները Հայաստանի ՀետՌուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տիմիթրի Պեսկով յայտարարած է թէ Ռուսիա կը մտադրէ իր յարաբերութիւնները զարգացնել Հայաստանի հետ, կը յայտնէ Ռիա Նովոստին։ «Բացի բազմակողմ ձեւաչափերէ, մեզ կը միաւորեն նաեւ շատ սերտ երկկողմ յարաբերութիւնները եւ մենք մտադիր ենք անոնք ալ աւելի զարգացնել», – ըսած է Պեսկով «Մայակ» ռատիոկայանին։
-
Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ Դամասկոսը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իսրայէլ Կը Ռմբակոծէ ԴամասկոսըԻսրայէլեան ուժերը հարուածած են Դամասկոսի մէջ գտնուող Սուրիոյ բանակի սպայակազմի կեդրոնատեղին։ Syria TV հեռուստատեսութեան թղթակիցը յայտնած է որ երկու յաջորդական պայթիւնի ձայներ լսուած են, որոնք համընկած են մայրաքաղաքի վրայով իսրայէլական անօդաչու թռչող սարքի թռիչքի հետ։ Սակայն ծուխ կամ անսովոր շարժում չէ նկատուած։ SANA գործակալութեան թղթակիցն եւս յայտնած է որ Դամասկոսի…
-
Երեւանի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Իմ Հայկական Ուրուականները» Ֆիլմը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Երեւանի Մէջ Ցուցադրուեցաւ «Իմ Հայկական Ուրուականները» ՖիլմըԵրիտասարդ բեմադրիչ Թամարա Ստեփանեանը «Իմ Հայկական Ուրուականները» համամարդկային եւ շատ անձնական ֆիլմով հանդիսատեսին հնարաւորութիւն կու տայ երթալ հայկական ֆիլմաշխարհի ակունքներ, ճամբորդել հերոսներու հետ եւ վերադառնալ մեր օրեր։ Ստեփանեանի վաւերագրական ֆիլմի առաջին ցուցադրութիւնը տեղի ունեցած Պերլինի ֆիլմի փառատօնին, իսկ այս տարի ցուցադրուեցաւ «Ոսկէ Ծիրան» միջազգային ֆիլմի փառատօնի ծիրէն ներս։ «Իմ Հայկական…
-
Լաթաքիոյ Անտառային Հրդեհները Կարելի Եղած Է Մարել
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լաթաքիոյ Անտառային Հրդեհները Կարելի Եղած Է ՄարելՍիրիոյ քաղաքացիական պաշտպանութիւնը հրշէջ ջոկատներու եւ թրքական ու արաբական տարբեր երկիրներու խումբերի մասնակցութեամբ յաջողած է մարել Լաթաքիոյ մէջ մոլեգնած անտառային հրդեհները, կը յայտնէ Syria TV-ն։ Անտառային հրդեհները մոլեգնած էին Լաթաքիոյ հիւսիսային շրջաններուն մէջ Յուլիս 3էն ի վեր։ 10 օրուայ ընթացքին հրդեհները այրած են մօտաւորապէս 16 հազար հեքթար տարածք: Հրդեհի մարման…






