Լուրեր
-
Հայաստան-Իրան Գործարար Համաժողով Երեւանի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստան-Իրան Գործարար Համաժողով Երեւանի ՄէջԻրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիանի Հայաստան այցի ընթացքին Երեւանի մէջ Օգոստոս 19ին տեղի պիտի ունենայ գործարար համաժողով։ Իրանական կողմէն գործարար համաժողովին պիտի մասնակցին արդիւնաբերութեան, ճանապարհաշինութեան, գիւղատնտեսութեան, դեղագործութեան եւ այլ ոլորտներու ներկայացուցիչներ։ Իրանի նախագահին Հայաստան այցելութիւնը նախատեսուած է Օգոստոս 18-21։
-
Թրամփ Դրական Ակնկալիքներ Ունի Փութինի Հետ Հանդիպումէն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփ Դրական Ակնկալիքներ Ունի Փութինի Հետ ՀանդիպումէնԱՄՆ նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարեր է որ շինիչ բանակցութիւններ կ՛ակնկալէ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ կայանալիք հանդիպումէն, որ նախատեսուած է Օգոստոս 15ին Ալասքայի մէջ, կը հաղորդէ Ինտերֆաքս գործակալութիւնը։ Թրամփ նշած է որ հանդիպման ընթացքին իր պահանջը պիտի ըլլայ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի դադրեցումը։
-
Սեպտեմբերին Կը Մեկնարկէ «Գեղարուեստական Տպագրութեան Հինգերորդ Միջազգային Բիենալէ Երեւան 2025»-ը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սեպտեմբերին Կը Մեկնարկէ «Գեղարուեստական Տպագրութեան Հինգերորդ Միջազգային Բիենալէ Երեւան 2025»-ըՍեպտեմբեր 5-ին կը մեկնարկէ Գեղարուեստական Տպագրութեան Յոբելեանական Հինգերորդ միջազգային Բիենալէ, Երեւան 2025-ը։ Հիմնական ցուցադրութեան հետ զուգահեռ Բիենալէ 2025-ը պիտի հիւրընկալէ Գեղարուեստական Տպագրության Երկրորդ միջազգային Համաժողովը, «Տպագրութենէն մինչեւ Պիքսէլ․ Արուեստ, արհեստական բանականութիւն եւ արդիւնաբերութիւն» խորագրով։ Երկօրեայ համաժողովը կը համախմբէ արուեստագէտներ, հետազօտողներ, իրաւաբաններ եւ մշակութային գործիչներ Հայաստանէն եւ արտերկիրէն, ուսումնասիրելու թէ ինչպէս…
-
TRIPP-ը Պիտի Միացնէ Ատրպէյճանը Եւ Նախիջեւանը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: TRIPP-ը Պիտի Միացնէ Ատրպէյճանը Եւ ՆախիջեւանըՀայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ ստորագրեցին միացեալ հռչակագիր մը՝ «Միջազգային խաղաղութեան եւ բարգաւաճման համար Թրամփի ճամբայ»ին համար (Trump Route for International Peace and Prosperity), որ պիտի ճանչցուի TRIPP յապաւումով: Թրամփ, Ալիեւ եւ Փաշինեան այս հռչակագիրը ստորագրեցին 8 Օգոստոսին, Սպիտակ տան մէջ…
-
Այսօր Փաշինեան-Թրամփ-Ալիեւ Հանդիպում Ուաշինկթընի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Այսօր Փաշինեան-Թրամփ-Ալիեւ Հանդիպում Ուաշինկթընի ՄէջԱՄՆի նախագահ Թրամփը յայտարարեր է որ ամերիկեան կողմը բաւական երկար համագործակցած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի հետ, որու շնորհիւ կարելի եղած է հասնիլ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ «պատմական» խաղաղութեան կնքման, որ տեղի պիտի ունենայ Օգոստոս 8ին Սպիտակ տան մէջ։ Նախագահ Թրամփի խօսքով, Միացեալ Նահանգներ նաեւ երկկողմ համաձայնագիրներ պիտի ստորագրէ Հայաստանի եւ…
-
Հայաստանի Բնակչութիւնը Անցեր է Երեք Միլիոնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայաստանի Բնակչութիւնը Անցեր է Երեք ՄիլիոնըՅուլիս 1ի տուեալներով Հայաստանի բնակչութիւնը կը կազմէ 3 084 000 հոգի, որոնցմէ 1 974 000 կը բնակի քաղաքներուն մէջ իսկ 1 109 000ը՝ գիւղերուն։ Անցեալ տարուայ նոյն ժամանակաշրջանի հետ համեմատած բնակչութեան թիւը աւելցած է 27 հազարով։ Քաղաքային բնակչութեան թիւը աւելցած է աւելի քան հազարով, իսկ գիւղական շրջաններու բնակչութեան թիւը՝ 25 հազարով։ Տուեալները հրապարակեր է վիճակագրական կոմիտէն։
-
Ռուսիա Հարուածած Է ԱՄՆէն Եւ Ատրպէյճանէն Կազ Ստացող Ուքրանական Կայանին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ռուսիա Հարուածած Է ԱՄՆէն Եւ Ատրպէյճանէն Կազ Ստացող Ուքրանական ԿայանինՌուսական տասնեակ անօդաչու թռչող սարքեր գրոհած է Ռումանիոյ սահմանին մօտ գտնուող ուքրանական գազափոխադրման ենթակառուցուածքի կայանը, ուրկէ Ուքրանիա կը մտնէ ԱՄՆէն եւ Ատրպէյճանից եկող կազը, կը հաղորդէ «ՌԲԿ-Ուքրանիա» պարբերականը։ Օտեսայի իշխանութիւններ իրենց հերթին յայտնած են որ գիշերը ռուսական կողմը թիրախաւորած է Իզմայիլի շրջանի կազային ենթակառուցուածքը։ Բռնկուեր է հրդեհ, որուն հետեւանքով ոչնչացուեր…
-
Ուիթքոֆ Ժամանած Է Ռուսիա
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ուիթքոֆ Ժամանած Է ՌուսիաԱՄՆի նախագահ Թրամփի յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆ ժամանած է Մոսկուա, կը հաղորդէ «Ինտերֆաքս» գործակալութիւնը։ Սթիւ Ուիթքոֆին դիմաւորած է Ռուսիոյ ներդրումներու հիմնադրամի ղեկավար եւ արտասահմանեան երկիրներու հետ տնտեսական համագործակցութեան հարցերով Ռուսիոյ նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Գիրիլ Տմիթրիեւ։ Ուիթքոֆ վերջին անգամ Մոսկուա այցելած էր Ապրիլ 25ին։ Տարեսկիզբէն ի վեր այս մէկը Ուիթքոֆի հինգերորդ…
-
Սաստիկ Տաքի Պատճառով Իրանի Մէջ Փակուած են Կառավարական Հաստատութիւնները եւ Դրամատուները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Սաստիկ Տաքի Պատճառով Իրանի Մէջ Փակուած են Կառավարական Հաստատութիւնները եւ ԴրամատուներըԻրանի մէջ սաստիկ տաքի եւ նուազող ջրային պաշարներու հետեւանքով, իշխանութիւնները փակեր են Թեհրանի եւ քանի մը նահանգներու մէջ գործող կառավարական հաստատութիւնները եւ դրամատուները։ Կը գործեն միայն բժշկական հաստատութիւնները, մասնաւոր ընկերութիւնները եւ կարգ մը դրամատուներու մասնաճիւղեր։Օդերեւութաբանական ծառայութեան կանխատեսումով, այս շաբթուայ ընթացքին երկրի կարգ մը շրջաններուն մէջ ջերմաստիճանը կրնայ հասնիլ 50 սելսիուսի։
-
Էրտողան Պիտի Այցելէ Ուքրանիա
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Էրտողան Պիտի Այցելէ ՈւքրանիաԹուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայիպ Էրտողան հաւանաբար յառաջիկայ օրերուն այցելէ Ուքրանիա, կը հաղորդէ Türkiye թերթը։ Հրատարակութեան համաձայն, դիւանագիտական շրջանակներու մէջ կը քննարկուի Էրտողանի Քիեւ հնարաւոր այցելութիւնը։ Լաւատեղեակ աղբիւրներ կը պնդեն որ այցելութիւնը կրնայ տեղի ունենալ յառաջիկա օրերուն։ Թերթը կ՛աւելցնէ նաեւ որ այցելութեան օրակարգին են երկու երկիրներու միջեւ ազատ առեւտուրի համաձայնագրի վաւերացումը…






