Լուրեր
-
Հռոմի Պապը Պիտի Այցելէ Լիբանան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հռոմի Պապը Պիտի Այցելէ ԼիբանանՀռոմի պապ Լեւոն 14րդ կը նախատեսէ այցելել Լիբանան, որ անոր Իտալիայէն դուրս առաջին այցելութիւնը կրնայ ըլլալ, կը հաղորդէ կարտինալ Պեչարա Ռայ, «Ալ-Արապիա» հեռատեսիլի կայանին։ Ան ըսած է որ Պապը Լիբանան պիտի մեկնի մինչեւ Դեկտեմբեր, առանց ամսաթիւ նշելու։Այցելութեան նախապատրաստական աշխատանքները արդէն ընթացքի մէջ են։
-
Ցուցարարներուն Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին Սերպիոյ Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ցուցարարներուն Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ Բախումները Կը Շարունակուին Սերպիոյ ՄէջՍերպիոյ ոստիկանութիւնը ձերբակալած է 19 հոգի հակակառավարական ցոյցերու ընթացքին կատարուող անկարգութիւններու պատճառով, կը հաղորդէ EFE գործակալութիւնը։ Բողոքի ցոյցերը տեղի ունեցած են մայրաքաղաք Պելկրատի եւ կարգ մը կարեւոր քաղաքներուն մէջ։ Բողոքի մասնակիցները անկարգութիւններ կատաևած են նաեւ իշխող կուսակցութեան կեդրոնակայանին դէմ։ Սերպիոյ մէջ բողոքի ցոյցերը սկսած էին երբ անցեալ Նոյեմբեր 1ին Նովի…
-
Զելենսքի. «Տարածքներու Հարցը Կը Լուծուի Իմ Եւ Փութինի միջեւ»
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Զելենսքի. «Տարածքներու Հարցը Կը Լուծուի Իմ Եւ Փութինի միջեւ»Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքին ԱՄՆի նախագահ Տոնալտ Թրամփի եւ եւրոպացի ղեկավարներու հետ հանդիպումէն ետք յայտարարեր է որ Քիեւի անվտանգութեան երաշխիքները, ամենայն հաւանականութեամբ, կը պատրաստուին 10 օրուայ ընթացքին, իսկ տարածքներու հարցը կը քննարկէ Ռուսիոյ նախագահին հետ հանդիպման ընթացքին, կը հաղորսէ Reuters գործակալութիւնը։ Օգոստոս 18ի հանդիպումին, Թրամփ Զելենսքիին յայտնած է թէ Միացեալ…
-
Իրանի Նախագահը Ժամանեց Հայաստան
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Իրանի Նախագահը Ժամանեց ՀայաստանԻրանի նախագահ Մասուտ Փեզեշքիան երկօրեայ պաշտօնական այցով ժամանեց Հայաստան։ Երևանի «Զուարթնոց» օդանաւակայանին մէջ Իրանի նախագահին դիմաւորած է Հայաստանի փոխվարչապետ Մհեր Գրիգորեան։ Հայաստան եւ Պելառուսիա կատարելիք այցելութիւններուն նախօրէին, Իրանի նախագահը Թեհրանի մէջ հանդիպում ունեցած բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ։ Քննարկուած է տարբեր ոլորտներու մէջ ներդրումներու եւ համագործակցութեան հետ կապուած հարցեր։ Իրանի նախագահի այցելութեան…
-
710 Նորայայտ Յուշարձան Ընդգրկուեր է Հայաստանի Պատմութեան Եւ Մշակոյթի Անշարժ Յուշարձաններու Պետական Ցուցակին Վրայ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: 710 Նորայայտ Յուշարձան Ընդգրկուեր է Հայաստանի Պատմութեան Եւ Մշակոյթի Անշարժ Յուշարձաններու Պետական Ցուցակին ՎրայՀայաստանի կառավարութեան որոշումով շուրջ 710 նորահայտ յուշարձան ընդգրկուեր է Հայաստանի պատմութեան եւ մշակոյթի անշարժ յուշարձաններու պետական ցուցակին վրայ։ Ներառուած յուշարձաններու շարքին են «Տիրինկատար» հնավայրը եւ վիշապաքարերը, «Արենի-1» քարայրը («Թռչուններու քարայր»), «Շամիրամի բերդ» ամրոց-բնակատեղին, Երևան քաղաքի Աբովեան, Բաղրամեան եւ Նալպանտեան փողոցներու 1940-1960-ականներու կարգ մը շէնքեր, «Նայիրի» եւ «Հայենիք» կինոթատրոններու շէնքերը, Յ․…
-
Լեւոն Արոնեան Շահեցաւ ՍԷնթ Լուիսի Մրցաշարքը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Լեւոն Արոնեան Շահեցաւ ՍԷնթ Լուիսի ՄրցաշարքըԼեւոն Արոնեան դարձաւ Սէնթ Լուիսի մէջ տեղի ունեցած «Grand Chess Tour: Saint Louis Rapid & Blitz 2025» արագ եւ կայծակնային ճատրակի մրցաշարքի ախոյեան։ Ան 3 կէտով առաջ անցաւ երկրորդ դիրքը գրաւած Ֆապիանօ Քարուանայէն: Լեւոն Արոնեան արժանացաւ 40.000 տոլար պարգեւի:
-
Թրամփ-Փութիւն Հանդիպումը Ալասքայի Մէջ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թրամփ-Փութիւն Հանդիպումը Ալասքայի ՄէջԱլասքայի մէջ տեղի ունեցաւ ԱՄՆի նախագահ Թրամփի եւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինի սպասուած հանդիպումը։ Հանդիպումի աւարտին Թրամփ յայտարարած է թէ կողմերը ամբողջական հասկացողութեան չեն հասած, սակայն որոշ կէտերու շուրջ պայմանաւորուածութիւններ ձեռք բերած են։Իր հերթին նախագահ Փութին յայտարարած Է որ Ռուսիա շահագրգռուած է, որ Ուքրանիոյ խնդիրին լուծումը ըլլայ երկարաժամկէտ։ Ռուսիա համաձայն է,…
-
ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր Գործունէութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: ԵՄ Դիտորդական Առաքելութիւնը Պիտի Շարունակէ Իր ԳործունէութիւնըԵՄ դիտորդական առաքելութիւնը Հայաստանի մէջ կը շարունակէ իր գործունէութիւնը եւ իր լիազօրութիւններու փոփոխութիւնները պիտի քննարկեն Երեւանը եւ Պրիւքսէլը, յայտներ է ԵՄ արտաքին գործերու եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով պաշտօնական ներկայացուցիչ Անիթա Հիփըր: «Առաքելութեան լիազօրութիւններուն մէջ կը մտնէ դիտարկել եւ զեկուցել հայ-ատրպէճանական սահմանի հայկական կողմը տիրող իրավիճակի: Եւրոպական Միութիւնը ողջուներ է Հայաստանի…
-
Քեսապի Մէջ Կրկին Հրդեհներ Բռնկած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Քեսապի Մէջ Կրկին Հրդեհներ Բռնկած Են«Գանձասար»-ի Քեսապի թղթակիցը յայտնած է որ Քեսապի մէջ կրկին հրդեհներ բռնկած են՝ այս անգամ Պաղճաղասէն Մեղրաձոր, Փենելըք, Էքիզօլուքի լեռները։ Կրակը Էքիզօլուքէն Տիւզաղաճի ուղղութեամբ սկսած է տարածուիլ։ Գիւղացիները առաջքը առած են, որպէսզի կրակը գիւղին չմօտենայ, գիւղին դիմացի լեռները կը հրկիզուին։ Տիւզախաճի տղաքը նախազգուշական աշխատանք կը տանին, որպէսզի հրդեհը բնակարաններուն չհասնի։ Առայժմ…
-
Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած Են
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Թուրքիոյ Եւ Սուրիոյ Պաշտպանութեան Նախարարները Համագործակցութեան Յուշագիր Ստորագրած ԵնԹուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Եաշար Կիւլէր հանդիպում ունեցած է Սուրիոյ պաշտպանութեան, արտաքին գործոց նախարարներուն եւ հետախուզութեան տնօրէնին հետ, որոնք պաշտօնական այցով Անգարա կը գտնուին, կը հաղորդէ «Անատոլու» գործակալութիւնը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուած են երկկողմ եւ տարածաշրջանային պաշտպանության եւ անվտանգութեան հարցեր։Պաշտպանութեան նախարարները ստորագրած են երկկողմ գործակցութեան յուշագիր, համատեղ զօրավարժութիւններու եւ խորհրդատուութիւններու գծով։






