Արուեստ եւ Մշակոյթ
-
Հայ Մշակոյթը Վերարտադրել Ըստ Ժամանակի Համահունչ Պայմաններուն՝ Առանց Շեղելու Աւանդութիւններէն
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ Մշակոյթը Վերարտադրել Ըստ Ժամանակի Համահունչ Պայմաններուն՝ Առանց Շեղելու ԱւանդութիւններէնՄշակոյթը մարդուն հոգեմտաւոր կառուցուածքի եւ կենցաղի արտայայտութիւնն է։ Ան այն դաշտն է, ուր ժողովուրդ մը կը ձեւաւորէ իր մտածողութիւնը, բարոյական արժէքները, աւանդութիւնները, լեզուն, արուեստը եւ հասարակական վարքագիծը։ Մշակոյթը միայն արուեստ չէ, այլեւ ապրելու ոճ, որ անցեալը կը կապէ ներկային, ներկան՝ ապագային։ Մշակոյթը մարդ անհատը ինքն է, իր արարչական ուժին մէջ։…
-
Հին Եւ Նոր Արժէքներ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հին Եւ Նոր ԱրժէքներԵրբ գրողը կը մեռնի, կը վերածուի գիրքերու, ինչը, ի վերջոյ, այնքան ալ գէշ վերածնունդ չէ։ Խ. Լ. Պորխէս Փայտի փորագրութեան հնարքի ստեղծման օրէն մինչեւ թուային տպագրութեան ժամանակակից թեքնոլոժի, տպագրութեան պատմութիւնը կը քալէ քաղաքակրթութեան պատմութեան զուգընթաց։ Տպագրութեան մեզի յայտնի ամէնէն հին ձեւը փայտատիպերով տպագրութիւնն է, որ առաջին անգամ իրականացուած է Չինաստան, շուրջ…
-
Ողբերգութիւ՞ն, Թէ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն Դարձաւ
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ողբերգութիւ՞ն, Թէ Կատակերգութիւն. Բեմը Անարգելը Ե՞րբ Աւանդութիւն ԴարձաւՄենք՝ հայերս, մեծապէս կը հպարտանանք մեր մշակութային եւ արուեստի աւանդով։ Կը սիրենք պարծենալ, որ ժողովուրդ մըն ենք, որ կը գնահատէ արուեստը. կը հրճուինք կրկնելով, որ մենք բանաստեղծներու, երաժիշտներու եւ մտաւորականներու ազգ ենք, որ թատրոնը մեր արեան մէջ է… Չէ՞ որ Տիգրան Մեծը վեհաշուք թատրոն մը կառուցած է Տիգրանակերտի մէջ՝ դեռ…
-
Մեր Սուրբ Թարգմանիչները
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մեր Սուրբ Թարգմանիչները(Սուրբ Թարգմանչաց Տօնին Առթիւ) Ամէն տարի Հոկտեմբեր ամսուան երկրորդ Շաբաթ օրը Հայ ժողովուրդը կը տօնէ Սուրբ Թարգմանիչներու տօնը: Այս տօնը նուիրուած է պանծացնելու յիշատակը՝ հինգերորդ դարու մեր անմահ թարգմանիչ հայրերուն, որոնք երկնեցին հայ գրականութեան Ոսկեդարը: Թարգմանչաց շարժումը հայ քրիստոնէութիւնը հայ ժողովուրդին մէջ արմատացնելու եւ մեր ազգային գոյութիւնը ամուր հիմերու վրայ…
-
Ինքնութեան Յենասիւնը` Մշակոյթը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Ինքնութեան Յենասիւնը` ՄշակոյթըԻնքնութեան մասին յաճախ կը խօսուի: Մշակոյթին մասին` նոյնպէս: Կ՛արժէ, սակայն, մտմտալ անոնց կապակցութեան ալ մասին, մանաւանդ` այս օրերուն, երբ այնքան կը խօսինք ու կը խօսինք թէ՛ ինքնութեան եւ թէ՛ մշակոյթի խաթարման ու կորուստին մասին: Խաթարմա՞ն, թէ՞… զարգացմա՜ն: Ինքնութիւն. ինչպէ՞ս սահմանել զայն, ինչպէ՞ս բանաձեւել, հասկնալ ու հասկցնել: Ինքնութիւնը առաջին հերթին առնչուած…
-
Գոյատեւումէ՝ Հզօրացում Ազգային Արժէքներու Ուղին
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Գոյատեւումէ՝ Հզօրացում Ազգային Արժէքներու ՈւղինԻւրաքանչիւր պետութիւն իր ստեղծած կառոյցներէն՝ բանակէն, օրէնքներէն եւ տնտեսութենէն զատ ձեւաւորուած է շատ աւելի խորունկ արմատներու վրայ։ Այդ արմատները գաղափարախօսութեան մէջ են, ազգային մշակոյթի եւ լեզուի մէջ։ Առանց այդ բուն՝ ներքին հենքին, պետութիւնը կը դառնայ փխրուն, անկայուն եւ արտաքին հոսանքներուն դիմաց անպաշտպան։ Հայաստանի պարագային, որ օժտուած է հինէն եկող դիմադրողականութեամբ…
-
Հայ Երգի Զօրութիւնը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Հայ Երգի Զօրութիւնը«Հայ երաժշտութիւնը ոչ միայն մեղկ ու տխուր չէ, այլ համակ ոյժ է եւ կենդանութիւն ու իր մէջ կը սնուցանէ փիլիսոփայութիւնն իսկ, ոգին իսկ իր ցեղին, որովհետեւ երաժշտութիւնը ամէնէն մաքուր հայելին է ցեղին, ամէնէն հարազատն ու կենդանին անոր բոլոր արտայայտութեանց մէջ- կենդանի,- որքան կենդանի է այդ ցեղը, ուժեղ,- որքան ուժեղ է…
-
«1489». Թիւերէն Անդին՝ Մարդկային Պատմութիւն Մը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: «1489». Թիւերէն Անդին՝ Մարդկային Պատմութիւն ՄըՊատերազմներէն ետք, անհետացած զինուորները յաճախ կը վերածուին սոսկ վիճակագրութեան՝ անանուն թիւերու: Բեմադրիչ Շողակաթ Վարդանեանի անդրանիկ վաւերագրական ֆիլմը՝ «1489»-ը, կը խորտակէ այս անմարդկային իրականութիւնը՝ թիւը վերածելով անունի, կեանքի եւ կորուստի վրայ խոր խոկումի մը, որ կ՚անցնի սահմաններէն ու հակամարտութիւններէն անդին։Ֆիլմին վերնագիրը կը վերաբերի այն անանուն թիւին, որ տրուած էր բեմադրիչին եղբօրը՝…
-
Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային Ձուլում
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Մայրենի Լեզու, Մարդկային Հիմնական Իրաւունք, Եւ Մշակութային ՁուլումԻնչո՞ւ UNESCO-ն Վտանգուած Լեզուներու Ցանկ մը ունի։ Որովհետեւ մայրենի լեզուն խորապէս միահիւսուած է անհատի եւ համայնքի մը ինքնութեան, մշակոյթին, եւ ժառանգութեան հետ։ Մայրենի լեզուն գործածելու եւ պահպանելու կարողութիւնը կարեւոր է մշակութային բազմազանութեան եւ անհատական արժանապատուութեան պահպանման համար։ Արտայայտուելու ազատութեան իրաւունքը կը ներառէ լեզուի ընտրութիւնը, որով պէտք է արտայայտուի։ Այսինքն մէկու…
-
Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր Մշակոյթը
Հրապարակում
,
Շարունակէ Կարդալ →: Վտանգուած, Բայց Ո՛չ Կորսուած` Մեր Լեզուն, Մեր ՄշակոյթըԼեզու, սփիւռք, հայրենիք, յիշողութիւն, ինքնութիւն, ձուլում, մայրենի լեզու, լեզուներու անհետացում, լեզուապահպանում, լեզուներու վերակենդանացում, փոքրամասնութիւններ՝ ամէնէն շատ սերտուած նիւթերն են ընկերալեզուաբաններու կողմէ: Պատահական չէ, որ լեզուապահպանումի հարցը առաջնահերթ տեղ սկսած է գրաւել համաշխարհային գետնի վրայ։ Թիւերով խօսինք Անցեալին ունեցած ենք 12 հազար լեզուներ, եւ այսօր 6 հազար լեզուներ գոյութիւն ունին։ Այս…






